Դերասան Վարդան Պետրոսեան Ազատ Արձակուեցաւ


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ»․- Դերասան Վարդան Պետրոսեան լիովին ազատ արձակուած է, որ կը նշանակէ, թէ ան կրնայ նաեւ երկրէն դուրս ճամբորդել:

Անոր փաստաբանը Նիկոլայ Պաղտասարեան նշած է, որ տեղեկութիւնները, թէ Վարդան Պետրոսեանը ազատ արձակուած է նախագահին ներումով, իրականութեան չեն համապատասխաներ:

«Վարդան Պետրոսեանը հանրապետութեան նախագահին՝ ներման խնդրանքով չէ դիմած, այդ լուրերը իրականութեանը չեն համապատասխաներ: Ան անցած է օրէնքով սահմանուած բոլոր ատեանները։ Ատիկա բարդ գործընթաց է, որ շատ քիչ դատապարտեալներ կրնան անցնիլ», ըսած է փաստաբանը:

Յիշեցնենք, որ ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով երկու մարդու մահուան պատճառ դարձած՝ մեղաւոր ճանչցուած դերասան Վարդան Պետրոսեանը 2015 Սեպտեմբեր 2էն պատիժը կը կրէր բաց կարգավիճակի կալանքով, այսինքն՝ առաւօտեան ժամը 8էն միչեւ երեկոյեան 20:00 դուրս գալ կալանավայրէն: Այդ ընթացքին դերասանը ունէր երկրին մէջ ազատ տեղաշարժելու իրաւունք, իսկ հանգստեան օրերուն պէտք է մնար կալանավայրին մէջ: