«Դժուարութիւններով Հանդերձ, Աւելի Ուրախ Ենք Այստեղ։ Մեր Կեանքը Չէինք Կրնար Պատկերացնել Այլ Տեղ», Կ՛ըսէ Հայրենադարձ Ռուբէն Ճանպազեան


Ռուբէն Ճանպազեան եւ Արազ Չիլոյեան

Վերջին տարիներուն հայրենադարձութիւնը թափ առաւ Միջին Արեւելքի՝ Սուրիոյ, Լիբանանի պատերազմական եւ անկայուն վիճակին պատճառով։ Հայաստան հաստատուեցան մեծ թիւով սփիւռքահայեր՝ մեկնած իրենց երկիրներու անապահով եւ դժուար իրավիճակէն։ Բայց խաղաղ պայմաններէ եւ ապահով երկիրներէ ինքնակամ եկած հայրենադարձներուն թիւը համեմատաբար շատ աւելի քիչ է։

Թորոնթոհայ Ռուբէն Ճանպազեան եւ իր նշանածը՝ Արազ Չիլոյեան (Պոսթընէն), Հայաստան հաստատուեցան արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ամենադժուար օրերուն։ Անոնց հայրենասիրութիւնը զիրենք մղեց գալ եւ իրենց գործով եւ աշխատանքով ներդրում ունենալ Հայրենիքի զարգացման գործին։

«Թորոնթոհայ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Ռուբէն Ճանպազեանի հետ ծանօթանալու անորՀայաստան հաստատուելու փորձառութեան մասին։

Հարցազրոյցը վարեց՝  Սալբի Սաղտըճեան


 

Հարցում- Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս որոշեցիք հաստատուիլ Հայաստան։

Պատասխան- Մենք՝ ես եւ նշանածս՝ Արազը, Նոյեմբեր 5-ին հասանք Հայաստան։ Ատկէ առաջ կը ծրագրէինք գալ, ամառը պիտի տեղափոխուէինք։ Նախապէս գործի ալ չէինք ընդունուած, երբ որոշեցինք այդ քայլը առնել։ Երկուքիս ալ երազը միշտ եղած է, որ հոս կազմենք մեր ընտանիքը։ Դժբախտաբար, համաճարակին պատճառով մի քանի անգամ յետաձգուեցաւ եւ վերջապէս կրցանք Նոյեմբերին գալ։ Անշուշտ ատիկա պատերազմի ժամանակ էր։

 

Հ– Պատերազմը չխանգարե՞ց ձեր ծրագիրը։

Պ․- Չէ, ընդհակառակը, մենք ուզեցինք ի վերջոյ այստեղ ըլլալ մեր ժողովուրդի կողքին եւ մեր հողին վրայ։ Մեր ծրագիրը պիտի չխանգարէր ո՛չ պատերազմը, ո՛չ համաճարակը։ Միտքերնիս դրած էինք, դժբախտաբար, այդ շրջանին զուգադիպեցաւ։ Դժուար էր, երբ մի քանի օր յետոյ այդ տխրահռչակ պայմանագիրը ստորագրուեցաւ, բոլորովին ընկճուած էինք։ Սակայն բարեբախտութիւն էր, որ առաջին անգամն ըլլալով՝ համալսարանը աւարտելէս ետք, լիաժամ աշխատանք չունէի եւ կրցայ բոլորովին կամաւորական աշխատանքի լծուիլ, զանազան կազմակերպութիւններու մէջ՝ ՀՕՄի, One Armenia-ի, Թուֆէնքեանի հետ աշխատեցայ։ Այդ առաջին մի քանի ամիսը, բարեբախտաբար կ’ըսեմ, ուզեցի իմ կարելիիս չափ օգտակար ըլլալ եւ կրցայ իմ մասս ալ ներդնել այս բոլորին մէջ։ Արազը՝  նշանածս, Առողջապահութեան նախարարութեան մէջ կ’աշխատի որպէս «Ի Գործ»  ծրագրի մասնակից։ Ինքը առաջին շաբաթէն գործի էր։ Բայց ես կրցայ աւելի կամաւորական աշխատանքի վրայ կեդրոնանալ եւ յետոյ արդէն միացայ Թուֆէնքեան հիմնադրամին։

 

Հ– Որպէս Թուֆէնքեան հիմնադրամի աշխատակից, յաճախ կայցելէք Արցախ։ Հիմնադրամը ի՞նչ աշխատանք կը տանի Արցախի մէջ։

Պ․- Ճիշդ էք, վերջերս գործի բերումով շատ կ’այցելեմ Արցախ։ Ըսեմ, որ ես Փետորուարի սկիզբը միացայ Թուֆէնքեան հիմնադրամի աշխատակազմին, որպէս Հանրային կապերու պատասխանատու։ Թէեւ մանկուց շատ այցելած եմ Արցախ, բայց հիմա պարագաները շատ տարբեր են։  Ցաւ ի սիրտ կ’ըսեմ այս բոլորը, որ առաջ մեզի կը թուէր՝ ոչ մէկ սահման կայ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ, միասնական է, մէկ հայրենիք է, իսկ հիմա այլեւս զգալիօրէն փոխուած է այդ բոլորը։ Բայց, բարեբախտաբար, Թուֆէնքեանի նման հիմնադրամներ տակաւին աշխատանքը կը տանին այնտեղ։ Նախապէս հիմնադրամին աշխատանքը ընդհանրապէս ազատագրուած հողերուն վրայ էր։ Հիմնադրամի ծրագիրուն մեծ մասը եւ տարած աշխատանքը մէկ օրուան մէջ անհետացան կամ մեր ձեռքէն անցան թշնամիին ձեռքը։ Բայց ներկայիս մեր գործունէութիւնը կը շարունակենք այլ ձեւով։ Հիմա անմիջական (emergency) ծրագիրներ կ’իրականացնենք, այսինքն՝ վիրաւորներու եւ զոհուած զինուորներու ընտանիքներու աջակցութիւն կամ տուներու վերանորոգում, վնասուած եւ թիրախաւորուած տուներու վերանորոգում: Նոյնիսկ յետպատերազմեան առաջին շրջանին Թուֆէնքեանը նախաձեռնեց ծրագիրներու, որոնց մէջ շատ փորձառութիւն չունէր, օրինակ՝ սնունդի բաշխում․ երբ հիմնադրամը տեսաւ, որ կարիք կայ եւ այդ գործին ալ լծուեցաւ։

Ուրեմն՝ այո, ցաւալի է երթալ Արցախ այս պայմաններուն մէջ, բայց կը կարծեմ, որ կարեւոր աշխատանք է, որ պէտք է ըլլայ եւ ուրախ եմ, որ ոչ միայն Թուֆէնքեանն է, այլ  զանազան տարբեր կազմակերպութիւններ կ’ընեն այդ մէկը։  Վերջերս օրինակ՝ իմացայ, որ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը այնտեղ մի քանի նախաձեռնութիւններ ունի՝ երիտասարդութիւնը խրախուսելու, որ այնտեղ մնան։ Կը կարծեմ կենսական աշխատանք է։

Թուֆէնքեանը կը ծրագրէ զարգացման (development) ծրագիրներ իրականացնել։ Հետազօտութիւնները արդէն տեղի կ’ունենան, նախապատրաստական աշխատանքները` նոյնպէս եւ յոյսով ենք, որ  մօտ ապագային կրնանք անմիջական պէտքերէն (emergency aid) անցնիլ աւելի զարգացման, աւելի նոր ծրագիրներու, որոնցմով կրնանք մեր արցախցի քոյր-եղբայրներուն յոյս տալ, որ այնտեղ մնան։ Ըսեմ նաեւ, որ միայն Արցախը չէ, որ ներառուած է մեր ծրագիրներուն մէջ Հայաստանի մէջ ալ բաւական մեծ աշխատանքներ կը տանինք։ Կը փորձենք ընել մեր կարելին մեր փոքր աշխատակազմով։

 

Հ– Պատերազմէն ետք ի՞նչ է ձեր տպաւորութիւնը։ Պատերազմը ինչպէ՞ս ազդած է արցախցիներուն վրայ։

Պ․- Կրնամ ըսել, որ ընդհանուր առմամբ բաւական խիզախ ժողովուրդ է եւ միշտ ալ այդպէս եղած է։ Ինծի համար անշուշտ պատերազմի շրջանին մէջ գալը խորթ է։ Գանատա ծնած մեծցած, լրիւ տարբեր իրականութեան մէջ կը գտնուէի։ Բայց, Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդը, մանաւանդ արցախցին այս տագնապներուն վարժ է, քիչ մը աւելի տոկուն է, քիչ մը աւելի հաստատակամ է եւ կառչած է իր հողին, չ’ուզեր ձգել Արցախը եւ ատիկա յոյս կը ներշնչէ այն իմաստով, որ աւելի փայլուն ապագայի մը ձգտինք։

 

Հ–  Ըստ ձեզի հիմա արցախցին ամենէն շատ ինչի՞ կարիք ունի։

Պ․- Կը կարծեմ այսօր արցախցին առաջին հերթին կարիքը ունի իր հայաստանեան եւ սփիւռքեան քոյր-եղբայրներուն աջակցութեան, հոգեկան աջակցութեան, այսինքն՝ յոյս ներշնչելու կարիքը կայ։ Թէեւ իրենք շատ ամուր են եւ ուժեղ են, բայց նաեւ պէտք է գիտնան իրենց քոյր-եղբայրները իրենց կողքին են թէ՛ լաւ եւ թէ՛ վատ օրերուն։ Այսօր ամենավատ օրերն է, որ Արցախը կ’ապրի առաջին պատերազմէն ետք։ Ուրեմն՝ պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ ցոյց տանք, թէ մենք իրենց կողքին ենք, չենք մոռցած եւ չենք կրնար մոռնալ Արցախի մեր հայրենակիցները։

 

Հ– Հայաստան գալը որպէս զբօսաշրջիլ ուրիշ է, իսկ որպէս բնակիչ՝ այլ։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը։

Պ․- Բարեբախտաբար թէ՛ ես, եւ թէ՛ Արազը կու գանք այնպիսի ընտանիքներէ, որոնք մեզ մանկութենէն կապած են այս հողին, բերած են այստեղ, փորձած եւ փաստած են մեզի, որ ա՛յս է մեր հայրենիքը։ Պետականութեան եւ երկրի կարեւորութեան մասին ուղղակի քարոզած են։ Կրնամ ըսել, որ գոնէ իմ պարագայիս, առաջին այցելութիւնը բաւական մեծ ազդեցութիւն ունեցած է վրաս եւ ատկէ ետք, զանազան տարբեր ծրագիրներով, թէ որպէս զբօսաշրջիկ, թէ որպէս կամաւոր, ժողովական, միութենական եւ այլն, եկած ենք այստեղ։ Բայց անշուշտ զգացումը տարբեր է, երբ կու գաս մշտական բնակութիւն հաստատելու այստեղ։ Երկուքս բախտաւորութիւնը ունեցած ենք մասնացելու «Դէպի Հայք» (Birthright Armenia) ծրագրին եւ կը կարծեմ, որ այդ փորձառութիւնը շատ կարեւոր էր երկուքիս համար։ Ես 2011-ին, Արազը 2016-ին։ Երկուքս ալ մօտ չորս ամիս մնացինք։ Երբ այստեղ կ’ապրիս, կը տեսնես նաեւ ժողովուրդին ամէնօրեայ հոգսերը, որովհետեւ այցելու չես այլեւս։ Աշխատելով այստեղ, կը զգաս ինչպէս պիտի ըլլայ կեանքդ, եթէ մշտական բնակիս։ Կարծեմ այդ ծրագիրը մեր մէջ աւելի իրատեսական դարձուց այն, որ կրնանք այստեղ գալ, ընտանիք կազմել եւ այլն։

 

Հ– Սփիւռքահայերը յատկապէս որ մարզերուն մէջ կրնան օգտակար դառնալ Հայաստանի զարգացման, շէնացման գործին։

Պ․- Կը կարծեմ, որ ոեւէ անձի փորձառութիւնը կրնայ այստեղ մեծ ազդեցութիւն ունենալ։ Փոխադարձաբար, եւ՛ կրնան այստեղ օգնել, օգտակար ըլլալ, իրենց փորձառութիւնը ներդնել տարբեր բնագաւառներու մէջ եւ՛ կրնան շատ բաներ սորվիլ այս երկրէն։ Մենք ալ շատ սորվելիք ունինք այստեղ։ Հիմա յաճախ կը մտածեմ այս հարցին մասին, թէ տարիներ շարունակ խօսած ենք Սփիւռքի դերի մասին Հայաստանի մէջ, թէ որքան կարեւոր է ան, Հայաստանը առանց Սփիւռքի չի կրնար գոյատեւեl եւ այլն։ Բայց ես այլ տեսանկիւնէն ալ կը սիրեմ դիտել այս հարցը։ Կը կարծեմ, Սփիւռքն ալ առանց հայրենիքի, առանց հայերնիքի հետ կապի, դատապարտուած է կործանման։ Եւ գիտեմ, որ այստեղ մշտական բնակութիւն հաստատեlը ամէն մարդու համար չէ, ամէն մարդ պիտի չառնէ այդ քայլը։ Չեմ ալ մեղադրեր։ Հայրենադարձութիւնը զանազան ձեւեր եւ ոճեր կրնայ առնել եւ միշտ կ’ըսեմ՝ գոնէ մէկ ոտքդ հոս պէտք է ըլլայ ձեւով մը․ յաճախ գալով, կապեր հաստատելով,  ինչու չէ ներդրումներ ընելով։ Կը կարծեմ այդ ձեւով է միայն, որ կապը կրնայ զօրանալ եւ առանց այդ կապի Սփիւռքը դատապարտուած է կործանման։

 

Հ– Ես վերջին պատերազմէն ետք հասկցայ, որ սփիւռքահայը հոս՝ հայրենիքի մէջ աւելի շատ ընելիք ունի, քան դուրսը։ Մեր անմիջական ներկայութեամբ եւ իրենց հետ աշխատելով է, որ բան պիտի փոխենք Հայաստանի մէջ։

Պ․- Միանշանակ, համաձայն եմ։ Շատեր կը խօսին զոհողութեան մասին։ Մենք՝ ես եւ Արազը, երբ որոշեցինք Հայաստան հաստատուիլ, ես Թորոնթոյէն, Արազը Պոսթընէն, շատեր ըսին, որ «ի՜նչ հերոսական քայլ է, որ կ’առնէք» կամ «ի՜նչ մեծ զոհողութիւն է՝ կ’ընէք»։ Մենք չենք սիրեր այդ ձեւով մօտենալ հարցին, մենք միշտ կ’ըսենք՝ մենք անձնասէր ենք, մենք աւելի ուրախ ենք այստեղ, դժուարութիւններով հանդերձ։ Անշուշտ, որ շատ դժուար է, մանաւանդ պատերազմի ժամանակ եւ անկէ ետք աւելի դժուար է, հոգեպէս  յոգնած ենք երկուքս ալ , բայց ուրախ ենք։ Մեր կեանքը չէինք կրնար պատկերացնել ո՛չ Թորոնթօ, ոչ Պոսթըն եւ ոչ ալ այլ տեղ։ Միշտ կ՛ըսենք, որ ասիկա մեզի համար ամենէն լաւ որոշումն էր, որ առած ենք։ Թէեւ նոր ենք, մի քանի ամիս եղաւ, որ հոս ենք, բայց թէ՛ ես եւ թէ՛ ինքը չենք կրնար պատկերացնել մեր կեանքը ուրիշ տեղ։

 

Հ– Յոյսով ձեր օրինակը վարակիչ կըլլայ ձեր շրջապատին եւ ծանօթներուն։

Պ․- Մենք ալ այդ յոյսով ենք․ յաճախ կ՛ըսենք մեր ընկերներուն՝ գոնէ փորձ մը կատարեցէք, գոնէ մէկ ոտքերնիդ այստեղ թող ըլլայ։ Միշտ կ’ըսենք, փոխանակ ուրիշ տեղ երթալու, փոխանակ արձակուրդի ժամանակ ուրիշ տեղ այցելելու, եկէք այստեղ։ Բարեբախտաբար երկուքս ալ այնպիտի շրջանակներէ եկած ենք, ի շնորհիւ նախ եւ առաջ մեր ծնողներուն, նաեւ գաղութային կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներու, որոնք կրցած է քով-քովի բերել նոյն ձեւով մտածող երիտասարդներ։ Ընկերներս, գրեթէ բոլորը յաճախ  կու գան եւ մէկ մասն ալ կը մտածէ գալու մասին։ Մենք շատ աւելի ուրախ պիտի ըլլայինք, եթէ մեր բոլոր սիրելիները հոս ըլլային։ Բայց զանազան տարբեր պատճառներ չեն արտօներ, որ բոլորը գան, բայց յոյսով ենք:

 

Հ– Դուք որպէս հայրենադարձ, ի՞նչ խորհուրդ կու տաք այն սփիւռքահայերուն, որոնք կը մտածեն գալ եւ հաստատուիլ Հայրենիքի մէջ։

Պ․- Ես չեմ ուզեր կոչ ընել մէկու մը, կամ չեմ ուզեր ըսել, որ մեծ փորձառութիւն ունիմ այստեղ, բայց կրնամ խոստովանիլ, որ այստեղ կան մեծ թիւով հայրենադարձներ զանազան տարբեր գաղութներէ, զանազան փորձառութիւններէ մեկնած՝ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկա։ Անոնք, որոնք լուրջ ձեւով կը մտածեն գալ եւ հաստատուիլ Հայաստան, նախ եւ առաջ թող խօսին հայրենադարձ սփիւռքահայերու հետ, տեսնեն՝ ինչ պատկերացումներով եկած են, ինչ դժուարութիւններ ունեցած են եւ ինչպէս է իրենց կեանքը այստեղ։ Այդ երկխօսութիւնը կը կարծեմ շատ կարեւոր է։ Մեծ յոյսերով կամ մեծ ակնկալիքներով պէտք չէ գալ, որովհետեւ ինչ որ ալ ըլլայ, որտեղէն ալ որ գաս՝ շատ տարբեր է․ սկսելով մեր լեզուէն՝ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի տարբերութենէն, մտածելակերպ, գործելակերպ, նիստուկաց լրիւ տարբեր են։ Մենք երկուքս ալ մեր աշխատանքին մէջ կամաց-կամաց կը համակերպինք իրենց գործելաոճին։ Անոնք, որոնք կու գան եւ չեն առնչուիր այստեղի ժողովուրդին հետ, սխալ կը գտնեմ։ Մենք մեզ եւ մեր պետութիւնը բարելաւելու համար պէտք է երկխօսութեան մէջ ըլլանք, այդ շփումը ըլլայ, այլապէս մենք մեր փուչիկներուն մէջ կ՛ապրինք, որ կը կարծեմ լաւ բան չէ։

 

Հ– Սփիւռքի մէջ հայրենասիրութիւնը աւելի զգացական է, իսկ հոս՝ աւելի իրական եւ շօշափելի։

Պ․- Անշուշտ, հեռուէն հայրենասիրութիւնը այլ ձեւեր ունի։ Հոն հայրենասիրութիւնը հայապահպանութիւնն է, եւ չես կրնար մեղադրել այստեղ ծնած-մեծցածին, որ տարբեր կը մտածէ, տարբեր հոգսեր ունի։ Իմ կարծիքով միայն իրարու հետ խօսելով եւ շփուելով է, որ զիրար պիտի հասկնանք։