Եագուպեան Քոյրերուն՝ Արցախի Օժանդակութեան Ծրագիրը


Վանի եւ Կարին Եագուպեաններ

«Թորոնթոհայ»,- Թորոնթոհայ երիտասարդ քոյրեր` Վանի եւ Կարին Եագուպեաններ Արցախեան պատերազմի առաջին իսկ օրէն ձեռնածալ չմնացին. անոնք իրենց կարելիութեան սահմանները հատելով տքնաջան աշխատանք տարին ու հնարամտութեամբ եւ ձեռային նրբաշխատ գազակներ վաճառելով յաջողութեան հասցուցին օժանդակութեան իրենց մտայղացած ծրագիրը: Այսպիսով, անոնք ո՛չ միայն օգտակար դարձան մեր հայրենիքին ու տեղահան դարձած մեր հայրենակիցներուն, այլեւ ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղին իրենց տուած խոստումը իրականացուցին։ 

Եագուպեան քոյրերու աշխատանքին եւ գոյացուցած հասոյթին մասին Կարին Եագուպեան կը պատմէ, որ երբ Արցախի պատերազմին լուրը հասաւ, առանց վարանումի եւ անմիջապէս նուիրատուութիւն ըրին։ Օրեր յետոյ, սակայն ուզեցին ձեւով մը շուրջիններուն տեղեկացնել, թէ ի՛նչ կը կատարուի Արցախի մէջ։ «Հետեւաբար, եզրակացուցի, թէ գազակը լաւ միջոց է տարածելու եւ գումար գոյացնելու։ Առցանց պրպտեցի շատ մը կայքէջեր, որպէսզի գտնեմ ոեւէ մէկը, որ կը վաճառէ Արցախի անունը կրող ձեռքի գործ գազակ մը, որպէսզի իբրեւ նուիրատուութիւն գնեմ, բայց չգտայ։ Քոյրս` Վանին, առաջարկեց ձեռագործ «Պապիկ եւ Մամիկ»ի գծագրութեամբ օրինակ մը պատրաստել, եւ իսկոյն մեր ծրագրին նախաքայլը առնուեցաւ։ Երեք անգամ փորձելէ ետք, ան մէջտեղ բերաւ շատ պարզ ու  գեղեցիկ ձեւաւորում մը, որմէ ետք որոշեցինք Instagram-ի վրայ յայտարարութիւն տեղադրել, որպէսզի մարդոց ուշադրութիւնը գրաւենք ու փափաքողները` գազակները հաւնելու պարագային, կարենան զանոնք պատուիրել»։

Կարին կը տեղեկացնէ, որ մեծ թիւով հետեւողներ ունենալու շնորհիւ շատ արագ տարածում գտան նկարները, որոնց տեղադրելէն նոյնիսկ մէկ վայրկեան անց՝ Newfoundland-էն անձ մը հարցուցած է այս ձեռային աշխատանքի պատկերին իմաստը եւ բացատրութիւն ստանալէ ետք փափաքած է, որ Վանին հատ մըն ալ իրեն համար պատրաստէ։

«Անակնկալի եկանք եւ շատ ուրախացանք՝ ո՛չ միայն պատուէր ստանալնուս համար, այլ որովհետեւ օտար մըն էր ան եւ կ’ուզէր իր օժանդակութիւնը ցուցաբերել հայուն, ուստի մենք հասկցանք, որ մեր առած քայլը ճիշտ էր եւ օտարներն անգամ կրնայինք ներգրաւել մեր ծրագրին մէջ, որպէսզի անոնք մեր արդար դատը իմանալով օգտակար դառնան մեզի», կը նշէ ան։

Անոնք գովազդի նպատակով նկարեցին իրենց արտադրանքը եւ գեղեցիկ ձեւով տեղադրեցի Instagram-ի, Facebook-ի եւ Twitter-ի վրայ։ Միայն այս ձեւով տարածելու աշխատանքով չբաւարարուեցան, այլ նաեւ անձնական կապեր` Privet massage-ներ ղրկեցին իրենց շրջապատի մարդոց։ «Եւ այդ մէկը բաւական ժամանակ կը պահանջէր մեզմէ։ Երկուքս ալ շատ բազմազբաղ էինք, ես` իմ աշխատաքովս, իսկ Վանին` իր համալսարանով եւ գործով, բայց այս ամէնով մէկտեղ յաղթահարեցինք դժուարութիւնները եւ ժամանակը ճիշդ ձեւով օգտագործելով յաջողցուցինք մեր ծրագիրը։ Մեր շնորհակալական բացիկներն անգամ ձեռագիր գրեցինք, հպարտութեամբ կը նշէ Կարին եւ կ՛աւելցնէ,- Պատուէրներուն մեծ մասը անձամբ բաժնեցինք Թորոնթոյի մէջ։ Պատկերացուցէք, որ պատուէրներ ստացանք նոյնիսկ Quebec-էն, Nova Scotia-էն եւ New Brunswick-էն։ Շաբաթ մը վերջ, Միացեալ Նահանգներէն ալ պատուէրներ ստացանք` New York-էն մինչեւ Texas, նոյնիսկ Եւրոպայէն հետաքրքրուողներ եղան։ Այս բոլորը երեք ամսուան տեւողութեամբ եւ օրական հինգ ժամ աշխատելով ամբողջացուցինք եւ արդիւնքով $4000 ապահովեցինք։

«Մեր աշխատանքը ընթացքի մէջ էր, երբ Արցախի շրջաններուն յանձնման գէշ լուրը առինք եւ անոր հետեւանքով մեր թափը կտրուեցաւ, բայց շատ շուտ մենք մեզի գտանք եւ առաջ գացինք։ Դժբախտաբար, ոմանք մեզի մեղադրեցին, թէ՝ ինչո՞ւ պէտք էր շարունակէինք, բայց մենք գիտակցեցանք, որ այդ պահուն աւելի կարիքը կար օգնելու գաղթականներուն, վիրաւոր զինուորներուն եւ նահատակներու ընտանիքներուն», կը հաստատէ ան։

Վանին որոշեց, որ այս կոկիկ գումարը ղրկուի Հայաստան։ Ան ՀՕՄին խոստացած էր, որ օր մըն ալ ինք պիտի տար իր լուման։ Այս խոստումը իր շնորհակալական նամակին մէջ նշած էր, այդ պահուն, երբ ստացաւ համալսարանի կրթաթոշակ՝ ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղէն։

«Կ՛ուզեմ սփիւռքահայութեան ըսել, որ մեր գործը տակաւին չէ վերջացած, ընդհակառակը` վերսկսած է։ Մենք, տեսնելով այդ բոլոր ցաւալի պատկերները եւ առնելով գէշ լուրերը պէտք է օժանդակենք մեր հայրենակիցներուն եւ հայրենիքին, արթնութիւն եւ զգօնութիւն տարածենք մեր եւ օտարներուն մօտ, որպէսզի յաջորդ անգամ ոչ մէկը համարձակի մեր ազգին վնաս հասցնել»,  իր խօսքը վճռակամութեամբ կ՛եզրափակէ Կարին Եագուպեան։ 

Եագուպեան քոյրերու պատրաստած գազակներէն օրինակներ