«Եգիպտահայերը Երկրին Մէջ Յարգանք Ու Վստահութիւն Կը Վայելեն»


«Արմէնփրես»ի զրոյցը Եգիպտոսի հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Արմէն Մազլումեանի հետ

Տարբեր երկիրներու մէջ հայկական համայնքներու պահպանութեան երաշխիքը հայրենիքի հետ կապը ամրապնդելն է: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Արմէն Մազլումեանը` անդրադառնալով եգիպտահայութեան խնդիրներուն: ­

-Պարոն Մազլումեան, Եգիպտոսի մէջ մօտաւորապէս քանի՞ հայ կը բնակի: Հայերը հիմնականօրէն ո՞ր քաղաքներուն մէջ կեդրոնացած են: ­

-Եգիպտոսի մէջ կ՛ապրի շուրջ 8 հազար հայ: Անոնք հիմնականօրէն կեդրոնացած են Գահիրէ եւ Ալեքսանդրիա քաղաքներուն մէջ: Այդ քաղաքներուն մէջ ունինք մարզական եւ մշակութային հաստատութիւններ, բարեսիրական եւ օգնութեան միութիւններ, երեք հայկական թերթ, որոնք դժուար պայմաններու մէջ հայապահպանման բարդ աշխատանք կ՛իրականացնեն: Մեծ գնահատանքով նշեմ, որ Ազգային առաջնորդարանը նիւթական օժանդակութեամբ կը սատարէ բոլոր միութիւններու ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ անխտիր կը հոգայ համայնքի անդամներուն կրթութեան եւ բժշկական կարիքները: Կը սատարէ նաեւ հայութիւնը եւ Հայաստանը արաբ շրջանակին ներկայացնելու բոլոր ձեռնարկներուն: Օրինակ` Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով եգիպտացի բեմադրիչներու կողմէ արաբերէն լեզուով նկարահանուած «Ո՞վ սպաննեց հայերը» վաւերագրական ֆիլմի ստեղծման աշխատանքներուն, որ Նիւ Եորքի մէջ ստացաւ մրցանակ, ինչպէս նաեւ արժանացաւ Հայաստանի նախագահի մրցանակին:

-Վերջին տարիներուն ի՞նչ միտում կը նկատուի, հայերու հոսք դէպի Եգիպտո՞ս, թէ հակառակը:

-Ընդհանրապէս, մեծ թիւով արտագաղթ կամ ներգաղթ չկայ: 2011 թուականին յեղափոխութեան ժամանակ եւ անկէ ետք քանի մը հայ ընտանիք տեղափոխուած է ԱՄՆ:

-Սուրիահայերու տեղափոխութիւն Եգիպտոս կը նկատու՞ի:  

-Եգիպտոսի մէջ սուրիահայերու թիւը մեծ չէ: Եկած են մօտ տասը ընտանիքներ, որոնք սեփական աշխատանքով, գործի ծրագիրով կ՛ապահովեն իրենց կեանքը: Եղած են դէպքեր, երբ մեր օգնութեան կարիքը ունեցած են: Ազգային առաջնորդարանի միջոցով եւ օժանդակութեամբ անոնց հարցերը կարգաւորուած են:

Ի դէպ, ազգային առաջնորդարանը այսօր երեք տարիէ կանոնաւոր ձեւով նիւթական օժանդակութեամբ կը մասնակցի սուրիահայութեան օգնութեան ֆոնտին, էջմիածինի եւ երկու կաթողիկոսներու հովանաւորած ֆոնտին: ­

-Տեղի հայերը հիմնականօրէն ինչո՞վ կը զբաղին եւ ո՞ր ոլորտներու մէջ ներկայացուած են:

-Եգիպտահայերը, ինչ ոլորտու մէջ ալ աշխատին, միշտ եղած են առաջնագիծի վրայ: Անոնք ճանչցուած են իբրեւ հմուտ, պարկեշտ, հաւատարիմ, խելացի մասնագէտներ: Նախապէս ունեցած ենք յայտնի քաղաքական գործիչներ, որոնք երկրին մէջ բարձր պաշտօններ ունեցած են: Ներկայիս կան բժիշկներ, ճարտարապետներ, դասախօսներ, արուեստագէտներ, դերասաններ, ոսկերիչներ, որոնք կը վայելեն եգիպտացի ժողովուրդին յարգանքն ու վստահութիւնը:

-Ի՞նչ խնդիրներ ունի հայ համայնքը: Լեզուի, մշակոյթի պահպանութեան առումով ի՞նչ դժուարութիւններ կան:

– ­Ինչպէս աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բոլոր հայկական համայնքները, այնպէս ալ Եգիպտոսի մէջ հայկական համայնքը ունի հայապահպանութեան խնդիր: Հայկական գաղութի պատասխանատուներու եւ միութիւններու ներդրած հսկայ ջանքերուն շնորհիւ մենք կրցանք պահպանել մեր ինքնութիւնը, մշակոյթը եւ լեզուն: Դժուարութիւնները շատ են, սակայն տեղական ուժերով եւ յաճախ դուրսէն եկած աջակցութեամբ կրցած ենք դժուարութիւնները յաղթահարել:

Հայութեան թիւի նօսրացման պատճառ դարձած են նաեւ օտար ամուսնութիւնները, որոնք կը դժուարացնեն հայապահպանման գործը: Տեղական հայկական մարմինները պէտք է ճիգ չխնայեն հայ պատանիներն ու երիտասարդները պահել անմիջական հայկական շրջանակներու մէջ եւ խրախուսել դէպի հայրենիք յաճախակի այցելութիւնները: Մենք աշակերտները կը քաջալերենք, որ իրենց բարձրագոյն ուսումը ստանան Հայաստանի մէջ` հոգալով անոնց բոլոր ծախսերը: Մեր փրկութիւնը մեր հայրենիքի հետ կապը ամրապնդելն է:

-Հայապահպանութեան գործին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունին կրթական հաստատութիւնները: Քանի՞ հայկական կրթական հաստատութիւն կը գործէ Եգիպտոսի մէջ:

– Երկու դպրոց ունինք, մէկը Գահիրէի, միւսը Ալեքսանդրիոյ մէջ: Հակառակ աշակերտներու փոքր թիւին, հայոց լեզուն եւ պատմութիւնը եղած են ու կը մնան մեր մեծագոյն հետաքրքրութիւններէն։