Եգիպտոսի Նախագահ Սիսի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Ուղղութեամբ Նախաքայլ Կ՛առնէ


Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտէլ Ֆաթթահ Սիսի Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին՝ համաշխարհային անվտանգութեան եւ ահաբեկչութեան հակազդելու նիւթով գլխաւոր նիստի ընթացքին ունեցած իր ելոյթի ժամանակ յիշատակած է հայ ժողովուրդը, որ 1915էն ետք 100 տարուան ընթացքին հալածանքներու ենթարկուած է:

«Թէեւ Սիսի իր ելոյթին մէջ չյիշատակեց «Հայոց Ցեղասպանութիւն» ձեւակերպումը, սակայն ան ըրաւ այդ ուղղութեամբ առաջին քայլը` ցուցադրելով ներկայ իրադարձութիւններու լոյսի տակ այդ դէպքերու յիշատակման անհրաժեշտութիւնը», ըսուած է Հայ դատի տարածած յայտարարութեան մէջ :

Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՚ողջունէ նախագահ Սիսիի այս քայլը, զայն գնահատելով ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախաքայլ, այլեւ յետագայ ցեղասպանութիւնները կանխելու եւ արգիլելու միտուած քայլ։