«Ես Իմ 5 Երեխաներս Բերի` Իբրեւ Նուէր Հայրենիքիս». Հրաչ Գէորգեան


Կարինէ Աւագեան


Բազմաթիւ հարցազրոյցներ  ունեցած եմ սուրիական պատերազմի պատճառով Հայաստան հանգրուանած եւ Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներէ հայրենադարձուած մեր հայրենակիցներու հետ, սակայն այս մէկը բացառիկ էր իր մասնակիցներու առումով` 5 փոքրիկներ, որոնցմէ երկուքը` երկուորեակ, իրենց ծնողներուն հետ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւն եկած էին` մասնակցելու Միջին Արեւելքի Աստուածաշնչեան ընկերութեան խորհուրդի ատենապետ, դոկտոր Հրայր Ճեպէճեանի` Երեւանի մէջ բնակող սուրիահայ երիտասարդ ընտանիքներուն, երեխաներուն նուիրելու համար բերուած «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչ» գիրքի շնորհանդէսին:

…Վերելակի դռները բացուեցան, եւ… հրաշք` զարմացած աչուկներով 5 անուշիկ փոքրիկներ իրար ետեւէ ներս մտան.  Պահ մը ինծի թուեցաւ` երազի մէջ կը տեսնեմ այդ դէմքերը, յետոյ սթափեցայ եւ սկսայ զրուցելուն ծնողներուն ու երեխաներուն հետ: Երկու տղայ եւ 3 աղջիկ` հայրենադարձներու ընտանիքին մէջ… Ցանկացայ ուրախութիւնս կիսել գործընկերներուս հետ եւ անոնց ուղեկցեցի «Հայերն այսօր»ի խմբագրասենեակ, ուր փոքրիկներու մուտքը նաեւ զարմանքով ու հիացմունքով ընդունուեցաւ: Այդքան մարդ տեսնելով` երեխաները ճուտիկներու պէս հաւաքուած էին իրար գլխու, իսկ յետոյ…կարեւորը յետոյ ինչ տեղի ունեցաւ, երբ սկսայ հարցեր տալու փոքրիկներուն. հարցուցի, թէ ով է անոնցմէ ամենախելօքը, եւ երեխաներէն ամէնէն աշխոյժ ու ժիր Դանիէլը ըսաւ` ե՛ս, երբ հարցուցի, թէ ով է ամենալաւ սորվողը, Դանիէլը դարձեալ ըսաւ` ե՛ս, իսկ երբ հարցուցի, թէ անոնցմէ ով  ամենաչարաճճին է, ան մատնացոյց ըրաւ միւս երեխաներուն…այդ պահուն մեծ քոյրը` Զեփիւռը եւ եղբայրը` Սարգիսը, կարծես ներողամտաբար, կը ժպտէին, իսկ զոյգ աղունիկները մոլորուած կը նայէին Դանիէլին: Անոնց նայելուս` ակամայէն յիշեցի Մանկական Աստուածաշունչին մէջ պատկերուած Յիսուսի շուրջը բոլորուած մանուկները եւ Տիրոջ ըսածները.«Թո՛յլ տուէք այդ մանուկներուն եւ մի՛ արգիլէք, որ անոնք  իմ մօտ գան, որովհետեւ Երկնքի արքայութիւնը այդպիսիներունն է. ճշմարի՛տ կ’ըսեմ ձեզի, եթէ չդառնաք ու չըլլաք մանուկներու պէս, Երկնքի արքայութիւն չէք մտներ: Արդ, ով իր անձը կը խոնարհեցնէ` ինչպէս այս մանուկը, Երկնքի արքայութեան մէջ ա՛ն է մեծ: Եւ ով իմ անունովս  այսպիսի մանուկ մը ընդունելու ըլլայ, ի՛նձ կ’ընդունի»:

 Ի հարկէ, Տիրոջ խօսքը մանկան նման մաքուր ու անմեղ ըլլալու մասին է, ու ես այս 5 փոքրիկներէն իւրաքանչիւրի աչքերուն, հայեացքին մէջ դրոշմուած անմեղութեան, մաքրութեան կնիքը տեսայ, լսեցի անոնց թոթովանքները, անոնց ծնողներուն` Հրաչ Գէորգեանի ու Արմիկ Յակոբի հայրենադարձուելու պատմութիւնը, զոր կը ներկայացնենք նաեւ մեր ընթերցողներուն:

«Ես ծնած եմ Սուրիա, 1988ին Հալէպէն գացած եմ Լիպիա, այնտեղէն ալ ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, կ’ապրէի ու կ’աշխատէի Տուպայի մէջ. վերադարձայ Սուրիա, 2007ին ամուսնացայ Արմիկին հետ եւ միասին գացինք Տուպայ: Ընտանիքս մեծցաւ, ծնան երեխաներս` 2008ին` Զեփիւռս, 2010ին` Սարգիսս, 2012ին` Դանիէլս, 2013ին ծնան Աննան ու Մերին, իր ընտանիքին մասին անսահման սիրով եւ հրճուանքով կը պատմէ Հրաչ Գէորգեանը ու կը շարունակէ,– ես ուզեցի, որ իմ երեխաներս իսկական հայ մեծնան, հայերէնը չմոռնան եւ որոշեցի տեղափոխուիլ մեր Հայրենիք: Տուպայի մէջ անոնք արդէն կը յաճախէին անգլիական դպրոց, եւ վախ կար, որ  օր մը պիտի մոռնան հայերէնը` թէեւ մեր ընտանիքը հայախօս է: Ես իմ երեխաներս բերի` նուիրելու Հայրենիքիս: Մեր երեխաները այստեղ շատ լաւ կը զգան, ընկերներ ունին, երբ կը հարցնեմ` երթա՞նք Սուրիա, կ’ընդդիմանան. անոնք սիրեցին Հայաստանը, արդէն կը խօսին արեւելահայերէնով: Բնականաբար, դիւրին չէր նոր կեանք սկսիլը, բայց Հայաստանի հանդէպ ունեցած մեր սէրը վեր էր ամէն ինչէ: Ես մեքենայի մասնագէտ եմ, աշխատանք չունիմ, կինս` Արմիկը, երեխաները կը  խնամէ, անոր գործը շատ է: Երեխաներուն համար նպաստ կը ստանանք, կրնանք ապրիլ: Մեծապէս շնորհակալ ենք ՀՀ սփիւռքի նախարարին, որ մեզի օգնութեան ձեռք մեկնեց, աջակցեցաւ, որպէսզի կարենանք յաղթահարել դժուարութիւնները, պահել երեխաները: Մեզի կ’օգնէ նաեւ հայաստանեան  հիմնադրամ մը` վճարելով մեր բնակարանի վարձի 60000 դրամը: Շնորհակալ ենք բոլորին. եթէ միայն ես կարենամ իմ մասնագիտութեամբս  աշխատանք մը գտնել, ամէն ինչ աւելի լաւ կ’ըլլայ. ամէնէն կարեւորն այն է, որ Հայրենիքի մէջ ենք», կ’ըսէ իմ զրուցակիցս, ու ես կը հաւատամ, որ այսպիսի ոգեւորութեամբ ու լաւատեսական տրամադրութեամբ ներշնչուած մեր հայրենակիցները անպայման պէտք է Հայրենիքի՛ մէջ իրականացնեն իրենց նուիրական բոլոր երազանքները:

… Հրաժեշտ կու տամ այս մեծ ու գեղեցիկ ընտանիքին, երկու ձեռքերով «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչ»ը ամուր գրկած 5 փոքրիկ հրաշքներուն` հոգիիս ու աչքերուս մէջ անոնց անմեղ հայեացքները: