«Ես Հայրենիք Եկած Չեմ Միայն Ապրելու, Ես Հայրենիք Եկած Եմ, Որովհետեւ Իմս Է». Թորոնթոհայ Հայրենադարձ Թամար Նաճարեան Իսաճանեան


Թամար Նաճարեան Իսաճանեան իր ամուսինին եւ զաւակներուն հետ


Գանատահայ հայրենադարձ Թամար Նաճարեան Իսաճանեան Հայաստան տեղափոխուած է ասկէ 8.5 տարի առաջ։ Ան ոչ միայն կ’ապրի եւ կ’արարէ այստեղ, այլ նաեւ ընտանիք կազմած է եւ իր զաւակները կը մեծցնէ հայրենի հողին վրայ։ Աւելի մանրամասն ծանօթանալու համար Թամարին փորձառութեան՝ հարզացրոյց մը ունեցանք անոր հետ։

Հարցազրոյցը վարեց՝ Սալբի Սաղտըճեան

 

Հարցում- Ինչպէ՞ս եկաք Հայաստան եւ որոշեցիք հաստատուիլ այստեղ։

Պատասխան.- 2011-ին եկայ Birthright Armenia («Դէպի Հայք») ծրագիրով։ Երեք ամիս մնացի եւ քանի մը տեղ կամաւոր աշխատեցայ՝ Գիւմրի, Ստեփանակերտ, Պռոշեան։ Սկիզբը այդ ծրագրին մասնակցելու նպատակս այն էր, որ կարենամ Թորոնթոյի մէջ Teachers Collage մտնել Bachelor of Education-ի համար։ Իսկապէս կամաւոր աշխատանքը շատ օգնեց ինծի՝ ընդունուելու այդ համալսարանը։

Երբ եկայ միակ նպատակս այդ է, իսկ յետոյ սիրահարուեցայ․ հազար բան կար ընելու, ամէն ինչը բաց դուռ էր։ Հոս անուն ես, գիտեն ով ես, մարդ ես, կորսուած չես, իսկ Գանատայի մէջ կաս- չկաս տարբերութիւն չ’ըներ։ «Դէպի Հայք» ծրագիրը դուն քեզի գտնելու ճանապարհն է եւ այդ երեք ամսուան ընթացքին հասկցայ, թէ ով եմ ես․  21 տարեկանիս առաջին անգամ առանձին կ’ընէի ամէն ինչ եւ բոլորովին տարբեր աշխարհ էր ինծի համար։

Ես Գանատա հայկական շրջապատի մէջ մեծցած եմ․ հայկական դպրոց աւարտած եմ, բոլոր ընտանիքով մենք ակումբը մեծցած ենք՝ պատանեկան, երիտասարդական, Համազգային, ՀՄԸՄ, ամէն ինչի մէջէն անցած ենք: Ամէնափոքր ՀՕՄուհին էի, երբ18  տարեկանիս անդամակցեցայ միութեան։ Տեսակ մը ամօթ զգացի, որ եթէ հայ եմ, ինչո՛ւ Հայաստան չեմ ապրիր։ Շատ տարօրինակ էր։ Երբ վերադարձայ Գանատա, առիթ մը կը սպասէի, որ ետ Հայաստան գամ։

Bachelor of Education վկայականը ստանալէ ետք, ծնողքիս ըսի՝ «Ես չեմ ուզեր հոս մնալ, ետ Հայաստան պիտի երթամ»։ Պապաս աւելի հանգիստ ընդունեց որոշումս։ 2013-ի Յունիս 16-ին վկայականս առի եւ Յունիս 25-ին արդէն Հայաստան էի։

Birthright Armenia-ի միջոցով USAID-ի ծրագիրներէն մէկուն մէջ աշխատեցայ, բայց բոլորովին այլ ոլորտ էր․ business development-ի հետ կապ ունէր, կանանց եւ երիտասարդներու տարբեր գործեր հիմնելու աշխատանք էր։ Մէկուկէս տարի՝ մինչեւ ծրագիրին աւարտը, իրենց հետ էի։ Ատկէ մէջս business-ի հանդէպ հետաքրքրութիւն արթնցաւ։ Որոշեցի ուսումս շարունակել եւ Պետական Համալսարանին մէջ Master of Business Administration for Professionals ըրի։

Մինչ այդ, երբ կ’աշխատէի USAID-ի ծրագիրին մէջ, ծանօթացայ ապագայ ամուսինիս հետ: Ներսէսն ալ հոն կ’աշխատէր եւ ատիկա ճակատագրական եղաւ, եւ երկուքիս համար ալ կեանքը բոլորովին փոխեց։

 

Հ․- Իսկ հիմա ի՞նչ գործով կը զբաղիք։

Պ․- Հիմա մայրական արձակուրդի մէջ եմ՝ երկրորդ պզտիկս ունենալէն ետք։ Մինչ այդ վերջին հինգ տարին Վերադարձ Հայաստան հիմնադրամին (Repat Armenia Foundation) մէջ կ’աշխատիմ։ Թէեւ արձակուրդի մէջ եմ, բայց կողքին օգտակար կ’ըլլամ, որքան որ կարելի է։ Միեւնոյն ժամանակ ես իմ անձնական փոքր գործս ունիմ։ Nvirir.am ֆէյսպուքեան էջը, ինչպէս նաեւ Buy Armenian-ի վրայ ալ կամ։ Տեղացի կիներու ձեռքի աշխատանքը կ’առնեմ եւ կը վաճառեմ դուրսը: Այդպիսով իրենց օգտակար կ’ըլլամ։ Լաւ կ’ընթանայ գործը, առաւել` տեղացի կիներուն ահագին գործ կ’ըլլայ։ Անցեալ Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն թէեւ Հայաստանի համար շատ թէժ էր, բայց միեւնոյն ժամանակ քանի մը հոգիի տունը պահուեցաւ այդ գումարով։ Այս գործը կ’ուզեմ ընդլայնել եւ ունենալ իմ հարթակս, ուր մարդիկ կրնան գնել այն, ինչ կ’ուզեն ունենալ։

Նաեւ գիրք գրող եմ անգլերէնով․ Հայկական դիցաբանութենէն, հին պատմուածքներէն, առասպէլներէն մեր սովորութիւններէն, ժառանգութենէն վերցուցած պատմավէպեր կը գրեմ․ արդէն ունիմ երկու գիրք, որ Amazon-ի վրայ են (Blood of the Phoenix: An AU Bronze Age Armenia Historical Fantasy (A Tale of Hayara), Rise of the Phoenix (A Tale of Hayara),  մէկը Հայաստանի գրախանութներուն մէջ կը ծախուի։ Ասով Հայաստանէն նոր հարթակ կը բացուի համաշխարհային fantasy գրողներու համար։

 

Հ․- Դուք ոչ միայն հայրենադարձ էք,  այլ նաեւ ընտանիք կազմած էք Հայրենի հողին վրայ։ Ի՞նչ կ՛ըսէք այդ ուղղութեամբ։

Պ․- Իրականութեան մէջ իմ ամենէն ուրախալի իրադարձութիւնն է ատիկա, որովհետեւ իմ նախնիներս՝ մօրս կողմէն բոլորը սիսեցի են, իսկ պապայիս մօր կողմէն ալ՝ Այնթապէն, Մարաշէն եւ Խարբերդէն են։ Անոնք Կիլիկիայէն ելած են եւ հասած՝ Սուրիա-Լիբանան, անկէ ալ՝ Գանատա։ Ես 1989-ի ծնունդ եմ եւ առաջին սերունդն եմ, որ կրնամ ազատ, անկախ Հայաստանի մէջ ապրիլ, իսկ իմ զաւակներս այն սերունդն են, որ ազատ, անկախ Հայաստանի մէջ ծնած են։ Այս որ կ’ըսեմ, արդէն կը փշաքաղուիմ։ Ներսէսին կողմը Վանեցի են։ Մտքիս մէջ կայ, եթէ վերատիրանանք մեր հողերուն, ես Սի՞ս, Ատանա՞, թէ Վան կ’ապրիմ։ Բայց հիմակուհիմա Երեւան կ’ապրինք, որովհետեւ գործերնիս հոս է, բայց միշտ ըսած եմ, որ Արցախ եթէ այս ձեւով մնայ, Արցախ պիտի ուզեմ ապրիլ․ Ստեփանակերտ շատ կը սիրեմ։

 

Հ․- Վերջին պատերազմը եւ ներկայ դժուարութիւնները կը յուսահատեցնեն ձեզ։

Պ․- Ոչ, միակ օրը որ մտածած եմ ձգել-երթալու մասին անցեալ տարուան Նոյեմբեր 10-ն էր, որովհետեւ չէի կրնար ընդունիլ պատահածը։ Այդ շաբաթուան ցաւը չեմ կրնար բացատրել, արցունքս չէր կենար։ Այդ օրերուն չարացած էի մարդկանց նկատմամբ։ Իրականութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ պատերազմ կը տեսնէի։ Այո, քառօրեային հոս էի, բայց շատ կարճ էր եւ այս տարողութեամբ չէր։ Ոչ Շուշին զարնուեցաւ, ոչ Հադրութը եւ ոչ ալ Ստեփանակերտը, թէեւ շատ նեղուեցայ հարիւրէ աւելի նահատակներուն համար։ Բայց այս անգամ հեռատեսիլը երբ բացի եւ տեսայ որ ինչպէս բոլորը, նաեւ Դաշնակցութիւնը, զօրակոչ յայտարարած են, այն ատեն մտածեցի, որ ասիկա նախկինին պիտի չնմանի։ Երկրորդ, թէ երրորդ օրն էր, ամուսինս համակարգիչը բացաւ եւ ըսաւ. «Այս ծրարին մէջ պահուած են մեր տան եւ մեզի հետ կապուած բոլոր կարեւոր փաստաթուղթերը, իսկ այս ծրարին մէջ ալ իմ գործիս հետ կապուած բոլոր տեղեկութիւնները…»: Այդ վայրկեանին վրաս սառ ջուր թափեցաւ, որ այս մէկը ուրիշ է։

 

Հ․- Կուզես որ զաւակներդ Հայաստան ապրին։

Պ․- Անշուշտ, եթէ նոյնիսկ տղայ ըլլային, պիտի ուզէի Հայաստանի քաղաքացիութիւն տալ իրենց։ Գիտեմ շատերը կը խուսափին ատկէ, բայց ինծի համար ատիկա կարեւոր է։ Կը կարծեմ պատերազմը ամրապնդեց մէջս այդ մէկը։ Ամուսինս չէ ծառայած, որովհետեւ աչքերը լաւ չէին եւ բաւական հաստ ակնոցով էր այն ժամանակ։ Իսկ պատերազմի ատեն ինծի հարց տուաւ՝ երթամ, թէ չերթամ։ Ես իրաւունք չունիմ ըսելու, թէ ուրիշին զաւակը, հայրը կամ ամուսինը թող զոհուի եւ իմս պատերազմի չերթայ։ Կը կարծեմ, որ այդ վայրկեանին հաստատուեցաւ մէջս այն, որ տարբերութիւն չկայ։ Պզտիներս պիտի ուզեմ դնել սկաուտութեան, որպէսզի մեծնալէն ետք սորվին զէնք օգտագործել, սորվին իրենք զիրենք եւ իրենց երկիրը պաշտպանել։ Երբ ցոյց կու տային, թէ կիները ինչպէս կ’երթան պատերազմի, ես այդ ատեն հպարտութիւն կը զգայի։ Ատոր համար ինծի տարբերութիւն չ’ըներ աղջիկ, կամ տղայ։ Աղջիկներս Հայաստանի քաղաքացի են եւ պիտի իմանան պաշտպանուիլ եւ երկիրը պաշտպանել։

Ես Հայրենիք չեմ եկած միայն ապրելու, ես հայրենիք եկած եմ, որովհետեւ իմս է։ Օրինակ` Սուրիոյ մէջ տղաքը կը պաշտպանէին հայկական թաղերը, նոյն միտքն է, որ հայը հայուն պէտք է պաշտպանէ, ուր որ ալ ըլլայ։ Մենք չենք կրնար ձգել փախիլ։ Ինծի համար սխալ է։ Միայն մէկ պարագայի կրնաս Հայաստանէն ելլել, օրինակ եթէ կը ձգտիս ՆԱՍԱ աշխատիլ եւ Հայաստանի մէջ չկայ ատիկա, ստիպուած Ամերիկա պիտի երթաս, կամ կ’ուզես Գերմանական լապրաթուարներու մէջ աշխատիլ, որ ամենալաւ բժշկական գործիքները սարքես, այդ պարագային հարց չկայ։ Բայց երբ կ’ըսեն՝ «Զաւակիս ապագային համար կ’երթամ» եւ բան չես գիտեր այնտեղի մասին, թէ զաւակդ ինչ պիտի ըլլայ, ատիկա ամենէն սխալ բանն է։ Ես աչքերս բաց եկած եմ Հայաստան գիտնալով ինչ թերութիւններ կամ ինչ լաւութիւններ կան։

 

Հ․- Որպէս սփիւռքահայ եւ հայրենադարձ Հայաստանի մէջ դժուարութիւններու կը հանդիպիք, երբ ձեր ամուսինը արդէն հայաստանցի է։

Պ․- Այն ժամանակ երբ պիտի ամուսնանայի, Գանատայէն մեծ մամայիս կ՛ըսէին՝ «Վայ, ինչպէս հայաստանցիի հետ պիտի ամուսնանայ»։ Բայց հիմա կը պատասխանեմ՝ «Շատ ուրախ եմ Հայաստանցի ամուսինովս»։ Իրականութեան մէջ նոյնիսկ աւելի լաւ է։ Ես եկած եմ Հայաստան ապրելու, ես չեմ եկած Հայաստան, որպէս գանատահայ ապրելու։ Ես կողմ եմ, որ ըլլան խումբեր, որոնք նոյնանման կը մտածեն, նոյն խնդիրներու հետ բախուին։ «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամը (Repat Armenia Foundation) այդ առիթը կու տայ։ Մեր խումբին մէջ համարեա բոլորը նոյն խնդիրներուն կը հանդիպին։

Խնդիրներու առումով, եթէ ինծի ութ տարի առաջ հարցնէիր, լրիւ ուրիշ պատասխան կու տայի, իսկ հիմա՝ այլ։ Իրականութեան մէջ իմ ամենամեծ ցաւս այն է, որ բոլորն ալ կը բողոքեն, որ օրինակ` կառավարութիւնը իրենց կը գողնայ, բայց իրենք կ’երթան նոյնը կ’ընեն։ Տեղացիներուն մտածելակերպը չափազանց տարբեր է իմ մտածելակերպէս։ Օրինակ` չափազանց բացասական խօսակցութիւններ կ’ըլլան, մարդիկ միշտ կը դժգոհին։ Ես մեծցած եմ աւելի դրական մթնոլորտի մէջ։ Թէեւ Գանատան ամենալաւ երկիրը չէ աշխարհի վրայ, բայց մեր մէջ կը սերմանէին, որ ան ամենալաւ երկիրն է եւ բոլոր աշխարհն ալ կը հաւատայ։ Այնպէս չէ, որ Գանատան խնդիրներ չունի. հազար ու մի խնդիր ունի, օրինակ՝ ամէն օր գողութիւն կ’ըլլայ, բայց բացասական երեւոյթներով չէ որ կը մեծնաս, այլ՝ դրականով։ Չես ըսեր, որ «ես չեմ կրնար ընել եւ վերջ», այլ կ’ըսես՝ «ինչպէ՛ս կրնամ ատիկա ընել»։ Այդ մտածելակերպը զիս շատ կը նեղացնէ։ Երբ նոր եկած էի, ինծի կ՛ըսէին՝ պիտի հիասթափուիս ու երթաս, կամ եթէ Գանատայէն եկած ես, ուրեմն դրամով եկած ես։ Ինծի խնդիրներ ստեղծողը աւելի շատ այդ մտածելակերպն էր։

 

Հ․- Յուսահատութեան պահեր ունեցա՞ ծ ես։

Պ․- Մարդոցմէ յուսահատելու պահեր եղած են, բայց ատիկա ամէն տեղ կ’ըլլայ։ Բայց Հայաստանէ՞ն, ոչ, չէ եղած։ Ես եկած եմ Սերժ Սարգսեանի օրերուն, տեսած եմ Նիկոլին գալը, տեսած եմ պատերազմը։ Ամենէն հիասթափուածը հիմա եմ՝ ինչո՛ւ մեր երկիրը չենք պաշտպաներ։ Ինչո՛ւ երբ լսենք Պարսկաստանը մեր կողքին է, կ’ուրախանանք, բայց մենք մեր երկրին համար բան չենք ըներ։ Կամ գործ կայ, բայց ես այդ գործը ընողը չեմ գտներ։ Մարդիկ աւելի կը նախընտրեն նստիլ, չաշխատիլ, բայց՝ դժգոհիլ։ Ասոնք ինծի նեղութիւն կը պատճառեն։ Քանի սերունդ այդպէս մեծցած պէտք է ըլլայ, որ ատիկա նորմալ համարուի։ Սովետական Միութիւնը իր լաւ գործերով հանդերձ, շատ վատ վարքագիծեր բերաւ եւ ատոնք ազատ, անկախ երկրի մը համար լաւ չեն, որովհետեւ այդ ձեւով երկիրը չի կրնար առաջ երթալ։ Անշուշտ նոր սերունդը հիմա աւելի արարող է։ Ես պատերազմի զոհերուն պատմութիւնները չեմ կրնար լսել, որովհետեւ անոնք ինչ ապագայ կրնային բերել այս երկրին եւ հարց կու տամ, թէ ինչպէս կ՛ըլլայ, թէ այս տեսակի մարդիկ մահացան։ Իրականութեան մէջ ոչ մէկը միւսէն քաղցր է, բայց երկրի պիտանի խաւը, այն որ արարող է, շինող է պէտք է պահուի, որպէս գանձ։ Այդ գանձը իր խելքն է։

Հիասթափութիւններ ապրեցայ, երբ իմացայ, որ մարդիկ լաւ գործ ունին, ամէն ինչ ունին, մէկ ալ Green Card շահեր են եւ Ամերիկա կ’երթան։ Մէկ բան է, որ չափազանց աղքատը կը ձգէ կ’երթայ, մէկ այլ բան է, որ այն, որ ամէն ինչ ունի, խելք, կարողութիւնը ունի, կը ձգէ կ’երթայ։ Ատիկա կը հիասթափեցնէ։

Ամէն մէկ անձ որ կու գայ Հայաստան, իմ ուրախութիւնս չափ ու սահման չունի։ Ես սրտանց իրեն լաւը կը մաղթեմ։

 

Հ․- Հայաստան ի՞նչ կայ, որ Գանատա չկայ։

Պ․- Առաջինը, որ ամէն մարդ հայ է, ուր մտնես հայերէն կը խօսին, ամէն ինչ հայկական է, քուկդ է, վերջ ի վերջոյ ատոնք աշխարհ արժեն։ Առաւել՝ ես պատմութիւն սիրող եմ։ Երբ թանգարան մտնեմ, պէտք է ամէն ինչը իմանամ։ Հայաստանը թանգարան է բաց երկինքի տակ, լեռ բարձրացիր՝ ժայռապատկերներ կը տեսնես, կամ երէկ էր կ’ըսուէր՝ Դուինի պեղումներուն մասին, թէ ինչեր գտնուած են հոն։ Վերջին պատերազմին թշնամիին տիրապետութեան անցած մեր հողերէն ամենէն շատ նեղուած եմ Տիգրանակերտի կորուստով։ Ատիկա ինծի աւելի ցաւցուցած է, քան մնացեալը, որովհետեւ Տիգրանակերտի 2-3 տոկոսը միայն պեղուած էր:

Հայաստանի լաւ կողմերէն՝ մարդոց հիւրասիրութիւնը, ջերմութիւն շատ կը սիրեմ։ Օրինակ՝ երբ գիւղ երթաս, սկսիս մէկու մը հետ խօսիլ, քեզի տուն կը հրաւիրէ, իր չունեցածը կը ներկայացնէ։ Գիւմրի աշխատած ատեն, թոշակառու ծերուկ կին մը իր թոռնիկը տուն ղրկեց, որ շաքար-շոքոլայ բերէ մեզ հիւրասիրելու համար։ Սրտանց ընող են, սրտանց տուող են, սրտանց սիրող են, կեանքը վայելող են․ այդ մէկը ուրիշ տեղ չես գտներ։ Կեանքը վայելելու այդ տեսակը ինձ աշխարհ արժէ։ Օրինակ Գանատա կեանքը robot-ի պէս է․ առտու նոյն ժամուն կ’արթննաս, գործի կամ դպրոց կ’երթաս, գիշերը տուն կը մտնես, կ’ուտես, կը քնանաս։ Հարսանիք եթէ պիտի ընես, 2 տարի առաջ պիտի ըսես մարդոց։ Հոս շատ բնական է, եթէ մարդիկ մէկ շաբաթ առաջ քեզ հրաւիրեն հարսանիքի կամ կնունքի։ Այստեղ յարաբերութիւնները աւելի պարզ են, որ աշխարհի շատ մը երկիրներուն մէջ կը պակսին։ Մէկը միւսին օգնելու, նեցուկ կանգնելու սովորութիւնը կայ, օրինակ` եթէ աղջիկ մը եղբայր չունի, զարմիկները, քեռիները, հօրեղբայրները իրեն պաշտպան են։ Մշակոյթդ, սովորութիւններդ կը պահուին․ Վարդավառը ամենէն հաճելին է, երբ բոլորը բոլորին վրայ ջուր թափելու իրաւունք ունին․ նոյնպէս տօները նշելու սովորութիւնը, մանաւանդ Նոր Տարին, երբ 31-էն մինչեւ 7-8-ը ամէն տեղ գոց, մարդիկ իրարու տուն կ’երթան, միասին ժամանակ կ’անցնեն, ընտանեկան, ընկերային ջերմութիւն կայ։ Մէկ խօսքով ամէն ինչ կայ հոս։ Կը տեսնէք, որ Հայաստանը որքա՜ն կը սիրեմ։

Հ․- Ի՞նչ կ՛ուզէք ըսել սփիւռքահայերուն, մանաւանդ այս օրերուն, երբ հայրենիքը կապրի դժուար օրեր եւ Հայաստանի ամբողջականութիւնը վտանգուած է։ Անոնք ի՞նչ ընելիք ունին։

Պ․- Իրականութեան մէջ, եթէ ամէն հայ, օրուան ընթացքին գէթ մէկ լաւ բան ընէ Հայաստանի համար, պէտք չունի Հայաստան տեղափոխուելու,- թէեւ ես ամենէն մեծ ջատագովներէն եմ, որ սփիւռքահայերը պէտք է Հայաստան գան,- թէկուզ Հայաստանէն բան մը գնէ, կամ գործի բերումով Հայաստանէն մէկու մը հետ կապ հաստատէ, օրինակ ապրանք արտահանէ ասկէ, կամ իր հայութիւնը այդ օրը ձեւով մը պահէ, ներկայացնէ աշխարհին։ Իսկ ան որ կրնայ տեղափոխուիլ, թող տեղափոխուի։ Մարդ հազար ու մի պատճառ կրնայ բռնել, որ չտեղափոխուի, բայց եթէ շատ հաստատուն պատճառ չունի հոն մնալու, թող գայ։ Օրինակ ես ամէն ինչ ձգեցի եւ եկայ։ Հիմա անշուշտ շատ կը կարօտնամ ընտանիքս, բայց ես եկայ, ինձմէ ետք ծնողքս բերի։ Հիմա ամէն օր ընտանիքիս գլուխը կ’ուտեմ, որ դուք ալ պիտի տեղափոխուիք։ Կրնայ ըլլալ շատեր կ’ըսեն, որ Նիկոլի օրերուն չենք տեղափոխուիր։ Իրականութեան մէջ, եթէ մէկը կ’ըսէ՝ Հայաստանի այս վիճակին մէջ չեմ տեղափոխուիր, երբեք ալ չի տեղափոխուիր։ Որովհետեւ այս վիճակը չի փոխուիր, եթէ նոր մարդ չգայ։ Եթէ ես մեծցած եմ՝ մտածելով, որ ասիկա սեւ է եւ մէկը չկայ ըսէ ասիկա ճերմակ է, կամ գոնէ ըսէ սեւն ու սպիտակը իրարու խառնենք մոխրագոյն ստանանք, միջին տեղ մը հասնինք, միշտ ատիկա սեւ կը մնայ։ Ուրեմն՝ եթէ կրնաս գոնէ տարուան մէկ մասը հոս անցուր, կամ գործէն դուրս եկած ես, տարի մը եկուր հոս ապրիր, կամ ձեւ մը գտիր, որ մէկնակէտդ Հայաստանը ըլլայ։ Կրնայ ատիկա գործնական ըլլայ, կրնայ ապրելով ըլլայ, կրնայ այցելութեամբ ըլլայ, որպէս զբօսաշրջիկ։ Գաս, ոչ միայն ծախսես, այլ մարդոց հետ ժամանակ անցնես, կամ նոր ծրագիր մը սկսիս, բան մը զարգացնես։ Գիւղ մը վերցուր քեզի համար, ըսելով՝ որ ես այս գիւղը պիտի զարգացնեմ։ Կը նեղանամ, երբ մարդիկ շատ կը խօսին, բայց չեն գործեր։ Ամուսինս երբեք չի խօսիր, բայց այս պատերազմի ընթացքին իմացայ, թէ որքան հայրենասէր է։ Ոչ մէկ բան խնայեց՝ ըլլայ դրամական առումով, ըլլայ իր գործին առումով․ իր աշխատավարձը կը նուիրէր եւ պաշտպանութեան ոլորտին պիտանի արտադրանքներ կ’ըներ: Այս պատերազմի ժամանակ տեսայ, թէ մարդիկ, որոնք չէի մտածեր՝ հայրենասէր են, իրենց վերջին լուման տուին, իսկ մարդիկ, որոնք միշտ Հայաստան-Հայաստան պոռացած են, բան չըրին Հայաստանի համար։

Հ․- Մենք պէտք է շատ-շատ սիրենք Հայաստանը, որ չկորսնցնենք զայն։

Պ․- Այո, շատ-շատ։ Դուն քեզի սիրելու համար, պէտք է ամէն ինքնութիւնդ սիրես, տարբերութիւն չ’ըներ, թէ կէս հայ ես, թէ քառորդ, կամ ամբողջ։ Ով որ ես, ինչ որ ես դուն քեզի պիտի սիրես։ Եթէ դուն քեզի հայ կը սեպես, ուրեմն հայութիւնը պիտի սիրես, Հայաստանը պիտի սիրես իր ամէն ինչով լաւն ու վատով։ Ինչպէս ծնողքէդ երբեմն կը նեղանաս, բայց սէրը ծնողքի ու զաւակի միջեւ երբեք չի վերանար։ Նոյն ձեւով, երկիրդ մայրդ է եւ ամէն մէկ հայ քու ծնողքդ է, եղբայրդ է, զաւակդ է։ Այս է պատգամս։