Ես Նոր Տարուան Հրաշքին Կը Հաւատամ


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Երկու տարիէ ի վեր, համավարակին պատճառով գոյացած արգելափակումներուն տարբեր տեսակները տեսանք ու անոնց քաղցրութիւնն ու դառնութիւնը համտեսեցինք։ Քաղցրութեան օրինակներէն` ձմրան բուքին տանը նստիլն ու ընտանեկան տաքուկ մթնոլորտին մէջ «վերջ չունեցող արձակուրդը» վայելելն էր, իսկ դառնութեանը` բանտարկութեան, տեղ չերթալու, բժիշկին՝ հեռաձայնի միջոցաւ ցաւերդ հասկցնելու, մշակութային ձեռնարկներն ու ճամբորդութիւնները չեղեալ նկատելու, ակումբ, դպրոց, փակ սրահներ, ճաշարան, մարզանքի սրահ եւ այլ վայրեր ոտք չկոխելու եւ հարազատներէն հեռու մնալու պարտաւորուածութիւններն էին, որոնց կը միանային վարակուելու վախը, մահացողներու գոյժին պատճառով յառաջացած ահն ու դողը։ Հիմա՛ այս ամէնը յիշած պահուս անգամ մը եւս զգացի, որ համավարակին դառնութիւնները ո՛չ միայն շատ աւելի ծանրակշիռ էին, այլ նոյնքան ահաւոր։

Քանի մը ամիս առաջ, երկա՜ր սպասումէ  ու պատուաստուելէ ետք, երբ դարձանք առաջուան բնականոն կեանքին, ամենէն փոքր երեւոյթին համն ու հոտն անգամ տարբեր թուալով, աւելի յիշարժան եղան ազատօրէն ապրած մեր օրերը։

Երկու ամիս առաջ, երբ Հայ Կեդրոնի դուռէն ներս մտայ, նախկինէն բոլորովին տարբեր զգացում մը պատեց էութիւնս, պապենական օճախի ջերմութեամբ խայտաց հոգիս ու միացումի յոյզով տարուած սիրտս թպրտաց. իւրաքանչիւր անկիւնէ յուշ մը ցատկեց աչքիս առաջ ու ես անոնց վրայ նորերը աւելցնել խոստացայ, սակայն սարսափելի տխրութիւն մը ապրեցայ, երբ «Թորոնթոհայ» թերթի յատկացուած դարաններուն դատարկութիւնը նկատեցի։ Երկու տարիէ ի վեր, համավարակին պատճառով,  միայն առցանց կը հրապարակէինք թերթի լուրերն ու հարցազրոյցները։ Թերթի բոյրին կարօտ դարանները երկու տարիներ շարունակ, որդեկորոյս սրահին մէջ, հայկական թերթի, գիրի ու գրականութեան կարօտով լուռ կ’աղաղակէին, անոնք զիս տեսնելով վերակենդանացան ու` «Մօտ է լիանալու եւ Մեսրոպատառ թերթերու ծանրութեամբ թեթեւնալու օրը» փսփսացին իրարու։ Որբութեան ծանր շղարշը մէկդի նետած ակումբի պատերն անգամ հին օրերուն նման չէին գանգատեր պզտիկներուն ճիչն ու պոռչտուքը լսելով, այլ` անոնց խաղերուն ականջ տալով կը հրճուէին։

Մեղուի փեթակը յիշեցնող եռուն կեանքով կը խայտային վերակենդանացած փողոցները եւ առօրեայ ամենէն պարզ արարքներն անգամ խանդավառութեան առիթ կու տային մարդկութեան։ Է՜հ, արգիլուած պտուղներ համտեսելու արտօնութեան ցանկը շատ երկար էր պատուաստուած անձերուն համար, ուստի ամենէն սովորական պտուղն անգամ աւելի քաղցրացած կը թուէր ըլլալ։

Ես ալ ուրիշներուն նման, բնականաբար, ամենայետին պարզ երեւոյթով ուրախացողներէն մէկն էի։ Կը յիշեմ, թէ ինչպէս արգելքները վերցուելէն ետք, երբ օր մը Tim Hortons  մտայ ու հին օրերուն նման նստելով ըմպեցի սուրճս, անոր դրախտային համը ո՛չ միայն քիմքով, այլ ամբողջ զգայանքներովս զգացի։ Այդ օրերուն բոլորիս համար ալ երգահանդէսի կամ ցուցահանդէսի ներկայ գտնուելու հաճոյքը սկսաւ գերադասել հոն երգուած երգերու կամ ցուցադրուած իրեր տեսնելու զգացումին, նոյնը եղաւ շարժապատկեր դիտելու համար սրահ երթալու, ձեռնարկի մը ներկայ ըլլալու կամ այլ տեղեր ոտք դնելու պարագային։

Կ’երեւի թէ շատը կորսնցնելէ, ապա` որոշ մաս մը վերագտնելէ ետք անսահման ուրախութեամբ վերանորոգման կ’անցնի մարդ արարածին միտքը, սիրտն ու հոգին, եւ անոր արդիւնքով կը խախտի գնահատման կշիռքի ճշդութիւնը։ Այս զգացումը միայն անձնական պարագային չվերագրենք, հաւաքական զգացումն ալ նոյն օրինակին կրնայ ծառայել։

Անցեալին, մեր ժողովուրդին կորսնցուցած հսկա՜յ տարածքներէն մին, Արցախը` Մոնթէի ու այլ կտրիճ հերոսներու սխրանքով վերադարձուցած էինք ու մեր ազգին պատմութեան փառահեղ էջերուն ամենէն փայլունները գրած էինք։  Տարիներ անց ի՞նչ պատահեցաւ, կշիռքը ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ խախուտեցաւ։ Արդեօք առաջ երթալու փոխարէն յաղթանակի շողերով կուրցա՞նք։ Կարծեմ թէ այնքա՛ն կուրցանք, որ մերը աչքի լոյսի պէս պահելու եւ անքուն գիշերներով վրան հսկելու փոխարէն, 6 հազար աչքի լոյս խամրեցնելէ ետք, նահանջեցինք ու մեր ափերը լա՜յն-լա՜յն պարզած թշնամիին հրամցուցինք զայն։ 

Սրտի ցաւ, կսկիծ ու նոր կորուստներու առիթ տուող կուրութիւնը վիրահատելու հնարը ո՞րմէ կամ ո՞ւրկէ պիտի գայ։ Մերը` թշնամիին լուծին տակ ըլլալու այս ամօթահար վիճակէն դուրս գալու գաղտնիքը ո՞ր ովկիանոսին յատակը պահուած է եւ ի վերջոյ ո՞ր փոթորիկէն յառաջացած կոհակը զայն ջուրի երես պիտի հանէ։ 

Ազգովին պարտուեցանք, դժբախտաբար։ Պարտուեցա՛նք, որովհետեւ 44 օրեր շարուանկ յաղթանակի  սկիհին արիւնահամ ու մահահոտ թոյնը գինի կարծելով խմեցի՜նք ու խմեցի՜նք եւ Պապ թագաւորին նման խաբուեցանք ու մեր պապենական սուրբ հողին կարօտ մնացինք։ 

Հիմա արգիլուած պտուղ դարձած են մեր ծառերը, ու այդ ծառերուն արմատներով լիացած մեր անսահման հողերը, հարուստ հողերուն հասկերը, տուները, կանաչ դաշտերը, լեռներն ու ձորերը մեզի կը սպասեն՝ այսինքն, բնականաբար, իրենց իսկական տէրերուն։

Սթափելու ժամանակը եկած ու անցած է, սիրելինե՛ր։ Համավարակին նմանող թշնամին, քանի մը տարի անգամ կեանքեր հնձելէ անդին, պապերուս ճակտի քրտինքով ու բազկի ոյժով պահած հողն ալ քամիին կը յանձնէ։  Այսօր միայն «Հայ Եմ» պիտակը կրող պատուաստը առնելով կամ անոր դէմ պատերազմելով չենք կրնար մահահոտ վիշապին գլուխը ջախջախել, որովհետեւ կերպարանափոխուած` եռագլուխ  կամ քառագլուխ դարձած կը յայտնուի ան ու կը վտանգէ մեր գոյութիւնը, ճի՛շդ Գովիտէն աւելի վտանգաւոր դարձած նորագիւտ Օմիքրոն վարակին նման։

Խոհեմութեամբ, միասնութեամբ եւ միակամ պայքարելու ճի՛շդ ժամանակը հիմա է։ Թող մեր աչքը յառենք 106 տարիներ շարունակ գերութեան ճիրաններուն մէջ խրո՛խտ ոտքի կանգնած Արարատին, ու երդուենք անոր ձիւնապատ գլխուն ու արեւին՝ գերութենէ տուն բերելու մեր պապենական հողերը, որպէսզի Հայոց Աշխարհի քարտէզին վրայի թրքական անուններուն շոգիացման վկաները դառնանք։

Եկէ՛ք, այս Նոր Տարուան գիշերը, ժամը 12-ին աղօթենք ու միաձայն, մէկ շունչով երդուենք խոհեմաբար գործելու եւ մէկ բռունցք դարձած պայքարի ճանապարհը բռնելու, թերեւս այն ատեն Հայկական Լեռնաշխարհի աղբիւրներներուն ջուրերը հին օրերուն նման ոսկի հոսին ու խմողներուն պարգեւեն այնպիսի անյաղթ ծռեր, որոնք Հայոց Պատմութեան ոսկեդարը վերանորոգելով Ծովէ Ծով Հայաստանը տեսնելու արժանի ընեն մեզի։

Ահաւասիկ աշխարհի չորս ծագերէն հնչող «Ամէ՜ն» բառը սկսած է ականջիս լաւատեսութիւն փսփսալ ու Հայոց Լեռնաշխարհի ձիւները ոսկի խոստանալ նոր սերունդին։

Փիւնիկ դարձած ի՛մ հայ ժողովուրդ, ես ինչպէս միշտ՝ այս տարի եւս, Նոր Տարուան հրաշքին կը հաւատամ։ Այո՛, սրտա՛նց կը հաւատամ։