«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան իր ֆէյսպուքեան էջով կը տեղեկացնէ, որ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան 5000 ԱՄՆ տոլար նուիրած է համահայկական հիմնադրամին:
Արշամեան կոչ ըրած է արտերկրի մէջ բնակող հայերուն հետեւելու բեմադրիչին օրինակին, այս կերպով նաեւ մօտեցնելով իրենց` Հայաստան վերադարձի օրը:
«Արտերկրի մէջ բնակող սիրելի հայրենակից, հետեւիր այս օրինակին: Նուիրէ դէպի Հայաստան քու տոմսի գումարը` ի աջակցութիւն համաճարակի դէմ պայքարին: Այս կերպով կը մօտեցնես յառաջիկայ այցելութիւնդ Հայրենիք», գրած է ան:
Բամադրիչը փոխանցում կատարած է առցանց վճարման համակարգով, գրելով` «Ատոմ Էկոյեանի 60-ամեակին: Երանի զայն նշէի Հայաստանի մէջ»:
Էկոյեան կը ցանկար հայրենիքի մէջ նշել իր տարեդարձը, սակայն համավարակով պատճառով չի կրնար մեկնիլ Հայաստան:
Նշենք, որ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին կողմէ համաճարակին դէմ ուղղուած աշխատանքներուն համար առցանց դրամահաւաք կազմակերպած է։ Մինչ այս պահը նուիրաբերուած է 461,922.70 ԱՄՆ տոլար։