«Երբ Հայաստան Հասանք, Կարծես Նոր Ծնանք», Կ’ըսէ Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայ Ընտանիքը


Լիբանանահայ Պետրոս ընտանիքը

Սալբի Սաղտըճեան

Դրան շեմին լիբանանահայ Հրաչ եւ Ծովիկ Պետրոսի ընտանիքի չորս անդամները բարեհամբոյր ժպիտով զիս կը հրաւիրեն իրենց նոր վարձած տունը: Անոնք Երեւան ժամանած են Պէյրութի ահաւոր պայթումէն ընդամէնը մէկ շաբաթ ետք` Օգոստոս 11-ին:

Ընտանիքի երեք անդամները պայթումի ժամանակ Պուրճ Համուտի իրենց տունն էին, երբ յանկարծ ջարդուփշուր եղան տան ապակիները` թափելով պատուհանին տակ պառկած Ցոլերի ոտքերուն: Ցոլեր վիրաւորուեցաւ, բայց անոր մտահոգութիւնը ոչ թէ վէրքերն էին, այլ այդ վիճակը, որ կրնար խանգարել իրենց նախապէս ծրագրած Հայաստան գալուն:

Պայթումին շատ ծանր ցնցում ապրած ընտանիքը դեռ չէ թօթափած այդ պահի սարսափը: «Վերջապէս եկանք,- խոր շունչ քաշելով կ’ըսէ Ծովիկ եւ կ’աւելցնէ,- Երբ Հայաստան հասանք, կարծես նոր ծնանք, որով դեռ շոքի մէջ էինք»:

Ինչո՛ւ նախընտրեցիք Հայաստան գալը հարցումիս` Ծովիկ դիտել կու տայ, որ իրենք կ’ուզեն իրենց զաւակները հայ մեծնան: «Մենք Պէյրութի մէջ կ’ապրէինք հայկական միջավայրի մէջ, ես հայկական դպրոցի մէջ կը դասաւանդէի, իսկ զաւակներս հայկական դպրոց կը յաճախէին», կ’ըսէ ան նկատել տալով` եթէ ուրիշ տեղ երթային, մեծ հաւանականութեամբ, զաւակները պիտի օտարանային:

Առաջին անգամ անոնք Հայաստան եկած են անցեալ ամառ: Անոնք շատ հարազատ գացինք եւ շատ սիրեցին: Որոշեցին իրենց որդին` Պետիկը, Երեւանի մէջ համալսարան արձանագրել եւ վերադառնալ Լիբանան: Վերջին ամիսներուն անկայուն եւ ծանրացող վիճակը ստիպեցին, որ մտածեն դուրս գալ երկրէն եւ միանան իրենց որդիին:

Նկարագրելով պայթումին աւերուածութիւնը եւ պատճառած վնասը, Ծովիկ կը յիշէ 1978-ի պատերազմը, երբ դեռ ինք փոքր էր: «Բայց այս մէկը շատ աւելին էր քան պատերազմը, որովհետեւ ամէն ինչ մէկ ակնթարթի մէջ պատահեցաւ», կ՛ըսէ ան: Ամէն տեղ փշրուած ապակիներ, փլատած շէնքեր, վիրաւոր եւ անօգնական մարդիկ․․․ անոնք փլատակ տունէն դուրս ելան վերցնելով միայն կարեւոր իրերն ու փաստաթուղթերը: Վերջին օրերուն մնացին ազգականի տուն` մինչեւ թռիչքին օրը:

Ըստ անոնց` Հայաստան հաստատուիլ ցանկացողներ շատ կան: Հեռաձայնային վերջին խօսակցութեան ընթացքին` Հրաչի եղբայրն ու քոյրը նոյնպէս նշած են, թէ իրենք ալ արդէն լուրջ կը մտածեն Հայաստան գալու մասին:

Լիբանանահայ ընտանիքը հայրենիքի մէջ շատ գոհ ու երջանիկ է: «Մինչեւ հիմա ամէն ինչ լաւ է, տանտէրն ալ շատ լաւ անձ է», կը նշեն անոնք: 17-ամեայ Ցոլեր արդէն դպրոց կը յաճախէ: Դպրոցին առաջին օրը զինք շատ լաւ ընդունած են ե՛ւ ուսուցիչները ե՛ւ տնօրէնութիւնը: Իսկ Պետիկը, որ արդէն մէկ տարիէ Հայաստան է, ընտելացած է այստեղի կեանքին: Ան կը նշէ, որ, համեմատած Լիբանանի, հոս կեանքը շատ աւելի ապահով է ու օրինաւոր:

Ներկայիս անոնց ամենամեծ մտահոգութիւնը աշխատանքի հարցն է: Հրաչ շատ հմուտ դերձակ է: Այնտեղ կանանց հագուստի կարի արտադրամասի մը մէջ կ’աշխատէր, բայց Մարտէն ի վեր անգործ է: Հիմա փնտռտուքին մէջ է, կը դիմէ տարբեր տեղեր գործ գտնելու ակնկալութեամբ: Տակաւին պետական կառոյցներէ որեւէ օգնութեան առաջարկ չեն ստացած: Մտահոգ են տան վարձքը ապահովելու խնդրով. «Հիմա քանի մը ամիսով վարձը ապահոված ենք, բայց յետոյ չենք գիտեր», կ’ըսեն:

 

* * *

Կապ հաստատեցինք Սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակ տեղեկութիւն ստանալու Հայաստան ժամանած լիբանանահայերու թուաքականին եւ կառավառութեան կողմէ ժամանող ընտանիքներուն ՀՀ կառավարութեան կողմէ տրամադրուող օժանդակութեան մասին: Մեզի հետ զրոյցի ընթացքին` Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի Ռազմավարութիւններու մշակման բաժնի պետ Յովհաննէս Ալեքսանեան նշեց, որ Յուլիս 14-էն վերականգնուած Երեւան-Պէյրութ-Երեւան չուերթներով մինչեւ Օգոստոսի վերջը տեղի ունեցած թռիչքներով Հայաստան ժամանած են մօտ 1400 լիբանանահայեր:

Հայաստան հաստատուիլ ցանկացող լիբանանահայերուն օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով` Սփիւռքի Գլխաւոր Յանձնակատարի գրասենեակը մշակած է աջակցութեան փաթեթ ծրագիր, որուն մէջ ներառուած են սոցեալ-տնտեսական, առողջապահութեան, կրթական, հարկերէ եւ տուրքերէ ազատման միջոցառումներ:  Ըստ Ալեքսանեանի` օրինագիծը դեռեւս կառավարութեան մօտ է եւ վերջնական չէ ընդունուած, բայց մինչ այդ Սփիւռքի Յանձնակատարի գրասենեակի միջոցներով որոշ կազմակերպութիւններ, բժշկական հաստատութիւններ կ’առաջարկեն իրենց օգնութիւնը սփիւռքահայերուն: Անձիք իրենց ազատ բնակարանը կը տրամադրեն, բժշկական տարրալուծարաններ յարմար գիներով քննութիւններ կ’ընեն, մասնաւոր մանկապարտէզներ իրենց ծառայութիւնը կ’առաջարկեն լիբանանահայերուն:

Ան կը յայտնէ, որ Հայաստան հաստատուելու ցանկութիւն յայտնողներ շատ կան, բայց ֆինանսական դժուարութիւններ ունին: Մինչ այժմ Հայաստանի ժամանողները եկած են ինքնուրոյն, իրենց անձնական միջոցներով, միայն երեք օդանաւներով, որոնք մարդասիրական օգնութիւն տարած են Լիբանան, անվճար Հայաստան եկած է 100 լիբանանահայ:

Վերջերս Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ մշակուած փաթեթը ուղղուած պիտի ըլլայ Հայաստան ժամանող լիբանանահայերու կողմէ այստեղ երկարատեւ բնակութիւն հաստատելուն եւ Հայաստանի կառավարութեան նպատակն է այնպէս ընել, որ Լիբանանէն հեռացող հայերը հաստատուին Հայաստան: