«Երգող Արցախ». Շուշիի «Վարանդա» Երգչախումբը Կրկին Բեմ Բարձրացաւ


Մանկապատաներակն “Վարանդա” երգչախումբի համերգը՝ գլխաւորութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, Ստեփանակերտ, 2 Սեպտեմբեր 2021

«Արցախփրես»- Սեպտեմբեր 2-ին, Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ Երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի` «Երգող Արցախ» խորագիրը կրող համերգը` նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 30-ամեակին:

Ելոյթը ազդարարուեցաւ «Եկէք Երգենք» ստեղծագործութեամբ:

«Այսօր կոտրուած սրտով, սակայն ձեզի նման տոկուն կամքով ձեզի հետ եմ կրկին` ձեզի հետ ապրելու, արարելու, ոգեւորուելու, զօրանալու եւ մեր հաւաքական ու աւանդական լաւատեսութիւնը, պայծառամտութիւնը, յոյսն ու հաւատքը, կորսնցուցածը ետ բերելու կամքն ու կորովը վերագտնելու: Մենք պարտաւոր ենք դասեր քաղելու մեր հին ու նոր պատմութենէն, ու, հաւատալով արդարութեան յաղթանակին, եռամիասնաբար կերտել մեր գալիք սերունդներու վաղուան օրը: Մենք պիտի ապրինք ու արարենք այնպէս, որ թշնամիին աչքին առաջ վերակառուցենք հզօր ու բարգաւաճ երկիր, որպէսզի մեր բազում նահատակներու թափած արիւնը անօգուտ վատնուած չըլլայ: Շնորհաւոր Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 30-ամեակը: Թող արցախցին ապրի խաղաղ ու երջանիկ իր հայրենիքին մէջ», ըսաւ «Վարանդա» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Զաքար Քէշիշեան:

Համերգին հնչեցին «Բարի Օր», «Ցնծա՛յ, Հայոց Աշխարհ», «Ժառանգներն ենք Արցախի», «Տղէրքը, Որոնք Չկան», «Բարձրիկ Շուշի», «Իմ Ուսուցիչ» երգերը, իսկ վերջին «Սարդարապատ» երգով համերգը վերջ գտաւ:

Միջոցառման ներկայ էին Արցախի Թեմի Առաջնորդ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեան, Արցախի Կրթութեան նախարար Լուսինէ Ղարախանեան, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան, պետական այրեր, զինուորականներ, հիւրեր եւ մշակութասէր արցախցիներ։

Համերգին ներկաներէն պատկեր մը