Երեւանը Հարաւային Կովկասի Մէջ Բնակելու Համար Լաւագոյն Քաղաքն է. Mercer


«Արցախփրես»․- «Mercer» միջազգային կազմակերպութեան հետազօտութիւններուն արդիւնքներով՝  Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը ճանչցուած է Հարաւային Կովկասի մէջ բնակելու համար լաւագոյն քաղաքը:

Աշխարհի լաւագոյն քաղաքներու վարկանիշային ցուցակին մէջ Երեւանը յայտնուած է 172րդ տեղը: Հարեւան Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսը 187րդ տեղը, Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուն` 196րդ:

ԱՊՀ երկիրներէն Հայաստանին կը շրջանցէ միայն Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուան, որ վարկանիշային ցուցակին մէջ յայտնուած է 168րդ տեղը:

Աշխարհի լաւագոյն քաղաքներու հնգեակին մէջ յայտնուած են Վիեննան, Զիւրիխը, Օքլենտը, Միւնիխը եւ Վանքուվըրը:

Աշխարհի ամենավատ քաղաքներ ճանչցուած են Պաղտատը, Պանկին եւ Սանան: