Երեւանը Նշեց Իր Հիմնադրութեան 2799ամեակը


Հոկտեմբեր 14ին “Երեւան` սիրոյ քաղաք» կարգախօսով նշուեցաւ «Էրեբունի-Երեւանի հիմնադրութեանվ 2799ամեակը։

Օրուան ընթացքին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, այլ ձեռնարկներու կողքին, տեղի ունեցան օդապարիկներու` ճոպաններով կապուած սահմանափակ բարձրութեամբ թռիչքներ` երեկոյեան գեղեցիկ լուսաւորութեամբ:

Այս առիթով Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան յղած է ուղերձ մը, որուն մէջ կը նշէ. «Սիրելի՛ երեւանցիներ, քաղաքամայր Երեւանը այսօր կը դառնայ 2799 տարեկան, որուն առիթով կը շնորհաւորեմ բոլորս:

“Այսօր աշխարհի ամբողջ հայութիւնը «Սիրոյ քաղաք» կարգախօսով կը տօնէ համայն հայութեան սիրելի մայրաքաղաքի ծննդեան տարեդարձը` անթաքոյց հպարտութեամբ, որ մեր հինաւուրց, բայց միշտ երիտասարդ ոստանը բոլորիս միացեալ ջանքերուն շնորհիւ տարուէ տարի աւելի վստահ ու հպարտ կը ներկայանայ աշխարհին` ամրապնդելով իր տեղն ու դերը կայուն զարգացող մայրաքաղաքներու շարքին:

Երեւանը աշխարհի մէջ այսօր ճանաչելի է իբրեւ անվտանգ, յարմարաւէտ, համաչափ զարգացող, ջերմ ու բարի, հիւրընկալ քաղաք: Ասիկա փաստ է, որ իրենց մասնագիտական գնահատականներով ամրագրած են միջազգային հեղինակաւոր շարք մը կազմակերպութիւններ»:

Օդագնացության միջազգային փառատօնի ծիրէն ներս մայրաքաղաքի Հանրապետութեան հրապարակէն երկինք բարձրացաւ 13  օդապարիկ: