Երեւանը Պիտի Շարունակէ Ղեկավարել Տարօն Մարգարեանը


ԵՐԵՒԱՆ․- Քաղաքապետի պաշտօնը պիտի շարունակէ ղեկավարել  Երեւանի գործող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:

Հայաստանի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը յայտարարեց Մայիս 14ի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները։

Նախնական տուեալներով` Երեւան քաղաքին մէջ 842 հազար 151 ընտրողէն ընտրութեան մասնակցած է 345 հազար 158 ընտրող, այսինքն՝ 40,99 առ հարիւր տոկոսը:

Ձայները բաշխուած են հետեւեալ կերպով.

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն – 71,25 տոկոս, կամ` 240036 քուէ:

«Ելք» կուսակցութիւններու դաշինք-  21 տոկոս, կամ` 70731 քուէ:

«Երկիր ծիրանի» կուսակցութիւն – 7,75 տոկոս, կամ` 26109 քուէ:

Նախնական արդիւնքներով՝ ընտրական գործընթացին մասնակից բոլոր երեք քաղաքական ուժերն ալ աւագանիի մէջ իրաւագիր կը ստանան: Ընտրութիւններուն արդիւնքներով Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը կը ստանայ 46 իրաւագիր, «Ելք» դաշինքը կը ստանայ 14, իսկ «Երկիր ծիրանի» կուսակցութիւնը` 5 իրաւագիր: