Երեւանի Մէջ Սկիզբ Առաւ WCIT-2019 Տեղեկատուական Արհեստագիտութիւններու Համաշխարհային 23-րդ Համաժողովը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթի ընթացքին

“Ազատութիւն”,- Հայաստանի մէջ սկիզբ առաւ WCIT-2019 Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային 23-րդ համաժողովը:

Համաժողովի պաշտօնական բացումին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ․  «Մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանը կրնանք դարձնել դրախտ տաղանդաւոր մարդոց համար: Եւ մենք պիտի կարենանք Հայաստանը դարձնել արհեստագիտութիւններու, նորարարական առաջատար երկիրներէն մէկը աշխարհի մէջ»:

Այս տարի համաժողովի բնաբանն է «Ապակեդրոնացման ուժը. ակնկալիք եւ վտանգ»: Համաժողովի ընթացքին տարբեր յայտնի բանախօսներ կը ներկայացեն, թէ ինչպէս տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւնները ե՛ւ դրական, ե՛ւ բացասական առումներով կը վերափոխեն մեր կեանքը, ինչ ազդեցութիւն կ՛ունենան շահոյթի եւ բարեկեցութեան, ապահովութեան եւ անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդասիրութեան վրայ:

«Եւ ես յոյս ունիմ` մեր երկրին մէջ եղած քանի մը օրերու ընթացքին դուք պիտի զգաք այն նոր ուժը եւ մթնոլորտը, որ մեր երկիրը համակած է նախորդ տարի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութենէն ետք: Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ այդ յեղափոխութիւնը տեղի ունեցաւ ապակեդրոնացման միջոցով, որու արդիւնքով Հայաստանը համաշխարհային քարտէսի վրայ դարձաւ ժողովրդավարութեան կեդրոն»,  բացման խօսքին մէջ ըսաւ Փաշինեան:

Տոլարի կանաչ գոյնէն մինչեւ գունաւոր հեռատեսիլի գիւտ․ Նիկոլ Փաշինեան անուն առ անուն յիշեց բոլոր այն յայտնի հայերը, որոնք արհեստագիտական յեղափոխութիւն իրականացուցած են աշխարհի վրայ` ընդգծելով, որ այսօր ալ հայերը աշխարհի մէջ նորարաւրութեան մէջ շատ մեծ  յաջողութիւններու կը հասնին:

Հայաստանը պիտի դառնայ արհեստագիտութիւններու կարեւոր կեդորններէն մէկը աշխարհի մէջ․ Փաշինեանի այս յայտարարութիւնը գործով կ՛ապացուցեն արդէն երիտասարդները` տաղաւարներու մէջ ցուցադրելով իրենց գիւտերը:​

Պաշտօնեաները կը հաւատան, որ նման համաժողովը նաեւ ներդումներու հոսք պիտի ապահովէ: Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի խօսքով, համաժողովի արդիւնքները ամփոփելէ ետք յստակ պատկեր պիտի կազմուի, այսօր կարելի է միայն եզրակացնել, որ կրթական առաջատար վաճառանիշներու  համար հարթակ ստեղծուած է։  «Յատուկ նախարարութիւնը ստեղծած է այս հարթակը, որպէսզի անոնք հնարաւորութիւն ունենան կապեր հաստատելու յայտնի կազմակերպութիւններու հետ, որոնք այսօր այցելած են WCIT համաժողովը», ըսած է նախարարը:

Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի պնդումով, կարեւորագոյնը, որ կարելի է քաղել այս համաժողովէն, կապերն են,  «Մենք մեր տնային աշխատանքը բաւական ճիշդ եւ գրագէտ կ՛իրականացնենք: Կը կարծեմ նաեւ, որ ոլորտը, որ ունի այս հնարաւորութիւնը այդ կապերը ստեղծելու, այդ կապերը օգտագործելու, պէտք է այդ հնարաւորութիւնը չփախցնէ:

Համաժողովին կը մասնակցին նաև յայտնի դէմքեր, մասնաըորապէս Քիմ Քարտաշեան, որ վաղը ելույթ պիտի ունենայ, ամերիկահայ երգիչ Սերժ Թանքեան, ֆրասնահայ յայտնի ֆութպոլիստ Եուրի Ջորկայէֆ։

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին յայտնի ֆութպոլիստը ըսած է, որ դեռ 5 տարի առաջ չէր կրնար մտածել, որ Հայաստանի մէջ կրնայ այսպիսի մեծութեամբ համաժողով տեղի ունենալ։ «Շատ տպաւորուած եմ: 4 ամիս առաջ խօսած եմ Բարձրագոյն արհեստագիտութիւններու համար պատասխանատու նախարարին հետ, եւ այդ ժամանակ ան ինծի ըսաւ, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ այսօր Հայաստանի մէջ: Ան ըսաւ, որ մարդիկ միայն այսօրուան մասին չեն մտածեր, այլ նաեւ վաղուան եւ փաստօրէն անոնք ատիկա ըրին, ըրին շատ կարճ ժամանակի մը մէջ: Կը զգաս մարդոց ուժը, որ միասնական է: Եւ ես շատ ուրախ եմ, որ այստեղ եմ»:

Երեւանեան համաժողովը, որուն մեկնարկը ազդարարուեցաւ Հոկտեմբեր 6-ի երեկոյեան  Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած դասական եւ արհեստական բանականութեան ստեղծած երաժշտութեան համերգներով, պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 9: Համաժողովը ունի աւելի քան 2 հազար մասնակից 70 երկրէ:

«Հայաստանը այս օրերուն պիտի ըլլայ աշխարհի արհեստագիտութեան կեդրոնը»,  իր խօսքին մէջ ընդգծած է Առաջատար արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան նախագահ Ալեքսանդր Եսայեան` աւելցնելով, որ այստեղ հասնելու ճանապարհը բարդ եղած է:

WCIT-ի 40-ամեայ պատմութեան ընթացքին համաժողովը առաջին անգամ տեղի կ՛ունենայ այնպիսի փոքր երկրի մէջ, այդուհանդերձ ՏԱ եւ ծառայութիւններու համաշխարհային դաշինքի նախագահ Իւոն Չուի խօսքով, Հայաստանի փոքր ըլլալը երբեք զգալի չէ, քանի որ մարդիկ այստեղ շատ պայծառ են եւ շատ տաղանդաւոր:

Հայաստանի մէջ սկիզբ առաւ WCIT-2019 Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային 23-րդ համաժողովը: