Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Նուիրուած Ջահերով Երթը


Ապրիլ 23ի երեկոյեան Ազատութեան հրապարակէն սկիզբ առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնած 19րդ ջահերով երթը: Այս տարուան կարգախօսն է «Ամբողջական եւ արդար հատուցում»: Երթի մեկնարկին ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի անդամ Արթուր Ղազարեան դիմելով երիտասարդութեան ըսաւ . «Ձեր երթը պիտի շարունակուի, քանի դեռ ցեղասպան Թուրքիան չէ առերեսուած իր պատմական ճշմարտութեան հետ: Ձեր երթը պիտի շարունակուի, քանի դեռ մարդկութեան դէմ ծանր յանցագործութիւն կատարած պետութեան իրաւայաջորդը, այսինքն՝  ներկայիս Թուրքիան եւ անոր իշխանութիւնը կը շարունակեն մերժման եւ ժխտողական քաղաքականութիւնը։ Վստահաբար կ՝ըսեմ` ձեր երթը պիտի պսակուի յաղթանակով: Արեւմտեան Հայաստանի ժառանգները պիտի վերադառնան իրենց օճախները, բայց արդէն` տիրոջ կարգավիճակով: Այս է ջահերով երթի վերջնական նպատակը»:

Ներկաները այրեցին Թուրքիայի դրօշը, որմէ ետք վառեցին  ջահերն ու շարժեցան դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունք, ուր երթի աւարտին ծաղիկներ խոնարհեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:

 Այս տարի Երեւանէն բացի ջահերով երթեր կազմակերպուած են նաեւ Ստեփանակերտի, Սպիտակի, ճամբարակի, Իջեւանի, Վերին Կարմիր աղբիւրի եւ այլ քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ։