Երեւանի Մէջ «Ճախրող» Ճաշարան Պիտի Բացուի


«Փանարմինիըն»,- Երեւանի մէջ պիտի բացուի «ճախրող” ճաշարան` Dine Sky. արդէն Ապրիլին ծայրայեղական եւ իւրօրինակ զգացողութիւններու սիրահարները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ընթրելու Երեւանի երկինքը:

Նախագիծին հեղինակը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ հիմնուած ACE ընկերութիւնն է:

Ընկերութեան հայաստանեան ներկայացուցիչ Վիքթրիա Մաթեւոսեան յայտնած է, որ ACE ընկերութիւնը շատոնց ունէր այս գաղափարը:  Յեղափոխութենէն ետք` Հայաստանի մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակը աւելի վստահութիւն ներշնչած է իրենց։

Անոր խօսքով` վերջերս նման ճաշարան բացուած է Թիֆլիսի մէջ, սակայն Երեւանինը մօտ 3 անգամ աւելի աժան պիտի ըլլայ:

Dine Sky ճաշարանը մօտ 50 մեթր բարձրութեան վրայ վերամբարձուող տախտակամածի վրայ պիտի ընդունի 22 հիւր, որոնք հնարաւորութիւն պիտի ունենան օդին մէջ անցնելու 1,5 ժամ: Աթոռները հնարաւորութիւն պիտի ունենան պտտելու 360 աստիճան, հիւրը կրնայ նոյնիսկ պառկած դիրք ընդունիլ: Մէկ անձի համար արժէքը պիտի կազմէ 20000 դրամ (մօտ $45)` ներառեալ գլխաւոր ուտեստի, աղցանի, աղանդերի եւ խմիչքներու գինը, բացի ոգելիցէն: «Ներքեւը մենք կ՛ունենանք հերթագրուած հիւրերու համար նախատեսուած սպասասրահ, ուր անոնց անվճար կը մատուցենք սուրճ, թէյ, իսկ մեր աշխատակիցները այդ ընթացքին կը ներկայացնեն անվտանգութեան կանոնները եւ մանրամասնութիւնները: Ճաշացանկին կրնան ծանօթանալ մեր կայքին մէջոցով, որ շուտով պատրաստ կ՛ըլլայ», մանարասնած է ան։

Ան աւելցուցած է, որ Երեւանի եղանակային պայմանները յարմար են նման նախագիծի համար, տարուան մեծ մասը տաք է, սաստիկ քամիներ չեն ըլլար, սակայն նոյնիկս ըլլալու պարագային վտանգ չկայ, նախագիծի իրագործման ատեն բոլոր հնարաւոր վտանգները հաշուի առնուած են:

«Նախագիծը սկսելէ առաջ մտավախութիւններ ունէինք, բայց բարեբախտաբար թէ՛ Հայաստանի իշխանութիւնները, թէ՛ Երեւանի քաղաքապետարանը, թէ՛ «Բիզնես Արմէնիա» հիմնադրամը օրէնքի սահմաններուն մէջ աջակցեցան մեզի: Մենք յոյս ունինք, որ Dine Sky-ը իր հերթին պիտի նպաստէ զբօսաշրջութիւնը զարգացման Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ հաճելի նորութիւն պիտի ըլլայ տեղացիներուն համար»,  նշած է ան:

Ճաշարանի հասցէն դեռ գաղտնի կը պահուի, հեղինակները կ՛ուզեն անակնկալ մատուցել երեւանցիներուն եւ քաղաքի հիւրերուն: