Երեք Շաբաթուան Մէջ Սփիւռքահայերը Աշխարհի 60 Երկիրներէ Զինծառայողներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամին 4.5 Միլիոն Տոլար Նուիրած Են


«Երեք շաբաթուան մէջ մեր հայրենակիցները աշխարհի 60 երկիրներէ Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամին 4.5 միլիոն տոլար նուիրած են», Հոկտեմբեր 21-ին ֆէյսպուքի իր էջին վրայ տեղեկացուցած է ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:

«Ձեր փոխանցած գումարը շատ կարեւոր է. անիկա պիտի ծառայէ մեր հերոսներուն ու անոնց ընտանիքներուն հատուցումներ կատարելու նպատակով: Դուք եւս կրնաք նուիրատւութիւն կատարել այստեղ»,-գրած է ան:

Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 8530 նուիրատուութիւն: