Երկու Կիներ Հայաստանի Կառավարութեան Մէջ Բարձր Պաշտօններ Կը Ստանձնեն


Ձախէն աջ՝ Մանէ Գէորգեան եւ Աննա Վարդապետեան 

ԵՐԵՒԱՆ,- Երկու կիներ՝ Մանէ Գէորգեան եւ Աննա Վարդապետեան, Հայաստանի կառավարութեան մէջ բարձր պաշտօններ կը ստանձնեն։

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մարտ 2-ին որոշում ստորագրած է Մանէ Գէորգեանը նշանակել վարչապետի մամուլի քարտուղար։

Ան մինչ այդ կ՛աշխատէր «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռութեան մէջ` որպէս միջազգային լրատուամիջոցներու հետ կապերու համակարգող: Իսկ Աւելի առաջ Գէորգեան Սիւիլնեթի յանձնարարութիւններու գծով խմբագիրը եղած է:

Ան աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքը: Ուսանած է նաեւ Թաֆթս համալսարանի Ֆլէթչըրի դիւանագիտութեան եւ իրաւունքի դպրոցին մէջ:

Մէկ այլ որոշումով Փաշինեան Աննա Վարդապետեան նշանակած է վարչապետի օգնական:

Վարդապետեան մինչ այդ աշխատած է որպէս Արդարադատութեան նախարարի տեղակալ:

Ան աւարտած է Երևանի պետական համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքը։ Ասպիտանտուրան՝ P. HD.-ին պաշտպանած է2012 թուականին։ 2015-էն առ այսօր Լոնտոնի միջազգային յարաբերութիւններու թագաւորական հիմնարկի անդամ է։

Դեռ 2019-ի Սեպտեմբերին վարչապետը յայտարարած էր, որ ներկայ կառավարութեան մէջ մեծ թիւով կանայք ներգրաւուած են․ «Ունիք 1 կին նախարար եւ 12 կին փոխնախարար, ինչպէս նաեւ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի երեք տեղակալներէն երկուքը կանայք են: Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահի տեղակալներէն մէկը կին է,․․․ կանայք կը ղեկավարեն Քաղաքացիական օդափոխադրութիւններու կոմիտէն, Ընկերային ապահովութեան ծառայութիւնը, Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն», նշած էր ան։