Երկու Նախագահներու Մասնակցութեամբ` Արցախի Մէջ Նշուեցաւ Շուշիի Ազատագրութեան 25ամեակը (լուսանկարներ)


Մայիսեան Եռատօնին՝ Յաղթանակի, ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման 25ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնակներ տեղի ունեցան Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ Մշակոյթի քաղաք Շուշիի մէջ։

Մայիս 9ի առաւօտեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Պաշտպանութեան բանակի զինուորականներու հանդիսաւոր քայլերթը։ Ապա պաշտօնական հիւրերը եւ ժողովուրդը ուղղեցան Ստեփանակերտի յուշահամալիր-պանթէոն, ուր Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու նախագաներ Սերժ Սարգեսան եւ Բակօ Սահակեան ծաղկեպսակներ խոնարհեցին Մեծ Հայրենականին զոհուածներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ Արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն:

Ներկայ էին նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Արցախի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան, Արցախի եւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահներ Աշոտ Ղուլեան եւ Գալուստ Սահակեան, Արցախի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, Արցախի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Սփիւռքէն եւ արտերկրէն ժամանած հիւրեր։

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Պաշտպանութեան բանակի պատուոյ պահակախումբի հանդիսաւոր քայլերթը:

Պետական այրերը  բարձրացան Շուշի, ուր նախ ծաղիկներ դրին Հրասայլ-յուշարձանի պատուանդանին եւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին:

Հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարները ներկայ գտնուեցան «Արուեստներու եւ արհեստներու քաղաք» ցուցահանդէս-տօնավաճառին եւ դիտեցին Շուշի քաղաքի Վազգէն Սարգսեանի հրապարակին վրայ կազմակերպուած տօնական համերգը:

Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին եւ անոր յարակից տարածքին վրայ Մայիս 9ի առաւօտեան կազմակերպուած էր զէնքերու ցուցադրութիւն: Արցախի Պաշտպանթեան բանակին կողմէ հիմնականօրէն ցուցադրուած էին Հրասայլեր, դիպուկահար հրացաններ, հակաօդային պաշտպանութեան զինատեսակներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր:

Կէսօրին Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ յաղթական շուրջպար։

Արցախի այլ շրջաններէ ներս ալ կատարուեցան տօնական ձեռնարկներ, իսկ երեկոյեան Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած էր տօնական համերգ, որու աւարտին տեղի ունեցաւ շքեղ հրավառութիւն:

Լուսանկարները՝ Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքէն

Լուսանկարները՝ Սալբի Սաղտըճեանին

Արկադի Տէր Թադեւոսեան (Քոմանտոս)