Երկրաշարժի Հետեւանքով Գեղարքունիքի Մարզին Մէջ Մեծ Աւերուածութիւններ Չեն Եղած


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փետրուար 5-ին, Երեւանի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 7:36ին Հայաստանի Շորժա գիւղէն 5 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք արձանագրուեցաւ 4.7 աստիճանի երկրաշարժ:

Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը յայտնեց, որ երկրաշարժը արձանագրուեցաւ Գեղարքունիքի մարզին մէջ՝ 5-6 բալ ուժգնութեամբ, Կոտայքի, Տաւուշի, Լոռիի եւ Արարատի մարզերու բազմաթիւ բնակավայրերու մէջ` 4-6  բալ ուժգնութեամբ, Երեւանի մէջ` 3-4:

Վարչութիւնը նաեւ տեղեկացուց, որ երկրաշարժին պատճառով, Հայաստանի տարածքին աւերածութիւններ, զոհեր եւ տուժածներ չեն արձանագրուած։

Աւելի ուշ, Գեղարքունիքի մարզպետ Գնել Սանոսեան տեղեկացուց, որ մեծ աւերներ չեն եղած։ «Այս պահի տուեալներով`որոշ հին շինութիւններ, գոմեր վնասուած են եւ վնասներ ունինք ելեկտրահաղորդման գիծերու, որու հետեւանքով շրջակայ համայնքներուն մէջ այս պահուն հոսանք չկայ: Շողակաթ եւ Ճամբարակ խոշորացուած համայքներու բնակավայրերուն մէջ հոսանք չկայ: Մասնագէտները կ՛աշխատին. շուտով հոսանքը կը վերականգնուի», ըսաւ Սանոսեան: Ան նշեց, որ շինութիւնները վնասուած են հիմնականօրէն Շորժա եւ Արտանիշ համայնքներուն մէջ: Զոհեր եւ վիրաւորներ չկան:

Ըստ Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութեան ուսուոմնասիրութեան եւ նախապէստեղի ունեցած (1933 եւ 1947 թուականներուն 5․0 և 4․8 բալ ուժգնութեամբ)  երկրաշարժները հաշուի առնելով՝ կ՛եզրակացնէ, որ Հայատանի և յարակից տարածքներուն մէջ յառաջիկայ օրերուն կրնան տեղի ունենալ թոյլ և միջին ուժգնութեամբ երկրաշարժներ, իսկ ուժեղ  ցնցումներու հաւանականութիւնը փոքր է: