Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը Կը Դիմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական Ատեան՝ Իրեն Պատկանող Կալուածներուն Վերադարձը Պահանջելով


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երուսաղէմի Նուրհան պատրիարքի անունով գործող փաստաբան Ալի Էլպէյօղլու նամակով մը բացատրութիւններ տուած է Երուսաղէմի պատրիարքութեան պատկանող, բայց ապօրէն կերպով գրաւուած ու երրորդ անձերու վաճառուած մօտաւորապէս հարիւր կալուածներու վերաբերեալ բացուած դատի ներկայ  ընթացքին մասին։

«Թրքերէնով «Մարեագոփ» կոչուած հիմնարկութիւնը ¤«Մայր Յակո՞բ» ըսել կ՛ուզուի արդեօք) Երուսաղէմի պատրիարքութեան մէկ հիմնարկն է, որ կը գործէ Երուսաղէմի մէջ։ Այս հիմնարկը Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ մօտաւորապէս հարիւր կալուածներ ունի, բայց այդ կալուածներուն մեծամասնութիւնը, ապօրէն ճամբաներով եւ առանց որեւէ փոխարժէքի վճարումի, փոխանցուած են երրորդ անձերու ու կը գործածուին այդ երրորդ անձերուն կողմէ։ Երուսաղէմի պատրիարք հայրը այս կալուածներուն վերադարձը պահանջելով դիմումներ կատարած է Թուրքիոյ զանազան դատարաններու, որոնք դատը մերժած են այն պատճառաբանութեամբ, թէ այսօր գործող «Մարեագոփ» հիմնարկը կապ չունի հին տանուտէր հիմնարկին հետ», կը տեղեկացնէ փաստաբանը իր նամակին մէջ։

«Երուսաղէմի պատրիարքարանին անունով զանազան դատարաններէ ներս բացուած դատերը ցարդ արդիւնք չեն տուած, ուստի, քանի որ բոլոր միջոցները սպառած են, պատրիարքարանի անունով դիմում կատարուած է Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին։ Մօտաւորապէս հարիւր կալուածներէն ամէն մէկուն համար բացուած դատը իւրայատուկ գործընթաց ունի, սեփականութան վկայականներն ալ հին օսմաներէն գրուած ըլլալուն համար յաւելեալ դժուարութիւններ կը ծագին։ Բայց փաստաբան Ալի Էլպէյօղլու դիտել կու տայ, որ Երուսաղէմի Նուրհան պատրիարքը վստահութիւն ունի Թուրքիոյ դատական համակարգին նկատմամբ ու կը յուսայ որ այս կալուածները ի վերջոյ պիտի վերադարձուին Երուսաղէմի աթոռին»։