Եւրոպական Խորհրդարանը Ամրագրեց Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքը


Եւրոպական Խորհրդարանը Սթրազպուրկի մէջ Յուլիս 5ին գումարած իր լիագումար նիստին ընթացքին երեսփոխաններու բացարձակ մեծամասնութեան ձայներով ամրագրած է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:

Այս յաղթանակը արգասիքն է Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան գործադրած ջանքերուն, որոնք հիմնականին մէջ կու գային հակազդելու ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 72րդ նստաշրջանի ընթացքին քննարկուելիք բանաձեւին մէջ Արցախի առնչուող Ազրպէյճանի առաջարկին: Արդարեւ, Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ Եւրոպական Միութեան խորհուրդին ներկայացուած առաջարկներու բանաձեւը կ՛անդրադառնայ մարդու իրաւունքներու, միջազգային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունեցող տագնապներու վերաբերող շարք մը հարցերու: Ազրպէյճան փորձած է բանաձեւի քննարկման վերջին փուլին մէջ ներառել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ` անթոյլատրելի ձեւակերպումներ, որոնք միակողմանիօրէն կ՛առանձնացնէին հողային ամբողջականութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անքակտելիութեան սկզբունքները` անտեսելով ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը: Սակայն ազրպէյճանական այս քայլը ձախողեցաւ եւ հայկական տեսակէտը ձայներու 457 թեր, 124 դէմ եւ 66 ձեռնպահ քուէարկութեամբ ներառուեցաւ ընդհանուր բանաձեւին մէջ: