Եւրոպական Միութիւնը Կը Պատրաստուի Աւելի Քան 1.5 Մլիառ Եւրօ Գումար Յատկացնել Հայաստանին 5 Ծրագիրներու Համար


«Ազատութիւն»․- Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստուի յառաջիկայ 5 տարիներուն մէկուկէս միլիառ եւրոյէն աւելի գումար յատկացնել Հայաստանին հինգ առանցքային ծրագիրներու, որոնց շարքին` Սիւնիքի մարզի զարգացման համար: Փաստաթուղթը ներկայացուած է Յունիս 2-ին Պրիւքսէլի մէջ` առանձնացնելով այն նախաձեռնութիւնները, որոնք Եւրոպական Յանձնաժողովը մտադիր է իրականացնել մինչեւ 2025 թուականը «Արեւելեան գործընկերութեան» անդամ երկիրներուն մէջ:

Հայաստանի բաժինով Եւրոպական յանձնաժողովը կը ծրագրէ.

  1. Աջակցիլ 30,000 մանր ու միջին պիզնեսներու` կայուն, նորարար եւ մրցունակ տնտեսութեան համար,
  2. Խթանել ընկերա-տնտեսական զարգացումը եւ հաղորդակցութիւնը` աջակցելով Հիւսիս-հարաւ միջանցքին,
  3. Ներդրումներ տեղեկատուական արհեստագիտութեան, գիտութեան ու ճարտարարուեստի մարզէն ներս,
  4. Ամրապնդել հարաւային շրջաններու դիմադրողականութիւնը,
  5. Ներդրումներ կանաչ Երեւանի համար` ուժանիւթի արդիւնաւէտ օգտագործման եւ բնութեան աւելի քիչ վնաս հասցնող հանրակարգերու գործարկման ուղղութեամբ:

Ուղենշային առաջին ծրագիրով կը նախատեսուի 500 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն տրամադրել փոքր ու միջին գործարարութեան (business) 30,000 ներկայացուցիչներու: «Համաճարակէն ետք տնտեսութեան վերականգնումը Հայաստանի համար գերակայ առաջնահերթութիւն է», կը փաստէ Եւրոպական Յանձնաժողովը, արձանագրելով` այս հարցով օգնել հայաստանցի գործարարներուն` Եւրոպական Միութիւնը պիտի նպաստէ նոր աշխատատեղերու ստեղծման, գործի զարգացման ու արդիականացման, երկարաժամկէտ վազքի վրայ ալ` Հայաստանի կայուն ընկերա-տնտեսական վերականգնումին:

Այս առումով, ըստ փաստաթուղթին, առաջնահերթութիւնը պիտի տրուի այն ձեռներէցներուն, որոնք կ’աշխատին բնութիւնը պահպանող արուեստագիտութեամբ, յատկապէս շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ այն գործերը, որոնք կ’առաջնորդեն կանայք:

Երկրորդ ծրագիրը կը նախատեսէ աջակցիլ Հայաստանի ընկերա-տնտեսական զարգացման եւ հաղորդակցութեան, ընդգծելով, որ Հայաստանի ազգային օրակարգի առաջնահերթութիւններէն է Հիւսիս-հարաւ միջանցքի շահագործումը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ ապահովել ելք դէպի միջազգային առեւտրային ուղիներ եւ շուկաներ:

«Փոխադրամիջոցներու ենթակառուցուածքներու բարելաւումը հնարաւորութիւն պիտի տայ սերտացնել կապը մարզերու միջեւ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կապը հարեւան երկիրներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ», կը փաստէ Եւրոպական Յանձնաժողովը, աւելցնելով. «Այս ուղղութեամբ Եւրոպական Միութեան ներդրումը պիտի կեդրոնանայ Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի տակաւին չկառուցուած հատուածներուն մէջ, ներառեալ` Սիսիան֊Քաջարան ճանապարհի վրայ»: Այս ծրագրի իրագործման համար կը նախատեսուի 600 միլիոն եւրօ յատկացնել, որ պիտի տրամադրուի նաեւ հարաւի մէջ նախատեսուած նոր` Սիսիան-Քաջարան թունելի կառուցման:

Ուղենշային երրորդ ծրագիրը կը նախատեսէ աջակցութիւն նորարարական արհեստագիրութիւններու ու գիտութեան: «Հայաստանը հզօր տեղեկատուական ներուժ ունի, ոլորտը վերջին տարիներուն մօտ 20 տոկոս աճ արձանագրած էր, սակայն ատոր ողջ կարողութիւնը բացայայտելու համար հարկաւոր է յաւելեալ աջակցութիւն», կը փաստէ Եւրոյանձնաժողովի զեկոյցը, մանրամասնելով. «Եւրոպական Միութիւնը նախապէս աջակցած է էլեկտրոնային կառավարման, սակայն հիմա նոր ներդրումներ անհրաժեշտ են` ընդարձակելու այդ ծառայութիւնները նաեւ մարզային ու տեղական մակարդակներու մէջ: Ընդհանուր առմամբ, այս նպատակով կը նախատեսուի մինչեւ 300 միլիոն եւրոյի ներդրում»:

Չորրորդ ուղղութիւնը կը նախատեսէ աջակցիլ Հայաստանի հարաւային շրջաններու դիմադրողականութեան ամրապնդմանը: «Յատկապէս Սիւնիքի շրջանը աջակցութեան կարիք ունի», կը նշէ զեկոյցը, փաստելով, որ մարզը առանց այդ ալ տեւական ժամանակ խնդիրներ ունեցած է ենթակառուցուածքներու անբաւարար զարգաց ըլլալուն պատճառով, վերջերս ալ անոնց աւելցած են պատերազմէն ստացած հարուածներն ու պատերազմական գօտիէն տեղահանուած մարդիկ, որոնք օթեւանի, աշխատանքի ու կրթութեան կարիք ունին:

«Հիմնուելով հիւսիսային մարզերու օրինակի եւ տեղի մէջ առկայ կարքիներուն վրայ` Եւրոպական Միութիւնը ներդրումներ պիտի ընի Սիւնիքի ընկերա-տնտեսական կայուն զարգացումը ամրապնդելու համար: Առաջնային մարզերը կրնան ըլլալ բնակարանաշինութիւնը, ենթակառուցուածքները, զբօսաշրջութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը, կրթութիւնը, առողջապահութիւնը, էլեկտրականութեան վերականգնուող աղբիւրներն ու աջակցութիւնը տեղի մանր ու միջին պիզնեսին»: Այս նպատակով կը նախատեսուի տրամադրել 80 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն:

Վերջին` հինգերորդ ուղղութիւնը կը վերաբերուի մայրաքաղաքին, մասնաւորապէս կանաչ Երեւանին: «Մարդոց կեանքի որակը բարելաւելու, Երեւանի օդի որակը բարձրացնելու համար անհրաժեշտ է լուծել թափօններու կառավարման ու ուժանիւթի արդիւնաւէտ օգտագործման հետ կապուած հարցերը», կը փաստէ Եւրոպական Յանձնաժողովի զեկոյցը, աւելցնելով` Եւրոմիութիւնը պատարաստ է ներդրումներ ընելու «խելացի քաղաք» փաթեթի իրագործման համար: Այս ծիրէն ներս կը նախատեսուի աջակցիլ «կանաչ հանրակառքերու ներմուծման», որոնք աւելի քիչ վնաս պիտի հասցնեն մայրաքաղաքի շրջակայ միջավայրին, պիտի բարելաւեն եւ արդիականացնեն հանրային փոխադրամջոցները:

Օրակարգի վրայ են նաեւ կեանքի որակի բարելաւման, ինչպէս` Երեւանի մէջ թափօններու կառավարման ու աղբամշակման ուղղած շարք մը ծրագիրներ: Ընդհանուր առմամբ, այս նպատակներու իրագործման համար պիտի տրամադրուի մինչեւ 120 միլիոն եւրօ:

Փաստաթուղթը միաժամանակ կ’ընդգծէ` երբ հնարաւորութիւն ստեղծուի, Եւրոմիութիւնը պատրաստ է նաեւ աջակցելու Հարաւային Կովկասի յետպատերազմեան վերականգնման եւ հակամարտութեան վերափոխման, ներառեալ` պատերազմէն տուժած տարածքներու ականազերծման, ընկերա-տնտեսական զարգացման, խաղաղութեան հաստատման ու հաշտեցման:

Հայաստանէն բացի, Եւրոպական Յանձնաժողովը նոյնատիպ ծրագիրներ առանձնացուցած է նաեւ «Արեւելեան գործընկերութեան» անդամ միւս երկիրներուն` Վրաստանի, Ազրպէյճանի, Մոլդովայի եւ Ուքրանիայի համար: Կ’ակնկալուի, որ այս ծրագիրները կը քննարկուին յառաջիկայ Դեկտեմբերին` Եւրոմիութեան 28 երկիրներու առաջնորդներուն եւ «Արեւելեան գործընկերութեան» անդամներու համատեղ գագաթնաժողովին:

«Մենք կ’ուզենք կազմել օրակարգ մը, որ կ’արձագանգէ այսօրուան աննախադէպ մարտահրաւէրներուն եւ հնարաւորութիւններուն, միաժամանակ կենսունակ կ’ըլլայ նաեւ ապագային»,  յայտարարած է ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու գծով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեւ Պորել, աւելցնելով. «Մեր բոլոր նախաձեռնութիւններուն հիմնական նպատակը պիտի շարունակէ մնալ աջակցութիւնը ժողովրդավարութեան, լաւ կառավարման, օրէնքի գերակայութեան, որոնք այնքան կարեւոր են մեր համագործակցութեան ընթացքին դրական, յստակ արդիւնքներ արձանագրելու համար»: