Եւրոպահայութիւնը Հեռախօսամարաթոնին Հանգանակեց Մօտ 1 Միլիոն 242 Հազար Եուրօ


«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնը, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 14-18, եւրոպայի հայութիւնը հանգանակեց ընդհանուր առմամբ 1.242. 460 եուրօ:

Հեռախօսամարաթոնը մեկնարկեց Մարսէյլէն` ընդգրկելով Թուլուզը, Լիոնը, Փարիզը: Այնուհետեւ Զուիրցերիա, Գերմանիա, Յունաստան: Այս տարի հեռախօսամարաթօնի մասնակիցներուն թիւը աւելցած է 700ով` հատելով 10 հազարի սահմանը:

Հեռախօսամարաթօնի գումարները պիտի ուղղուին Տաւուշի մարզի գիւղատնտեսական ծրագիրներու զարգացման, Արցախի մէջ արեւային ուժանիթի ներդրման, նաեւ Հալէպի հայերու կարիքներուն:

Հեռախօսամարաթոն 2018ի արդիւնքով Ֆրանսայի մէջ հանգանակուած է 1 միլիոն 137 հազար 746 եւրօ, Գերմանիոյ մէջ` 73 հազար 845 եւրի, Զուիցերիոյ մէջ` 19 հազար 717 եւրօ, Յունաստանի մէջ` 11 հազար 150 եւրօ:

Նոյեմբեր 22ին տեղի պիտի ունենայ Հիմնադրամի «Հեռուստամարաթոն-2018»ը: