Եւրոպային Դաս Տալու Փոխարէն՝ Էրտողան Ցեղասպանութիւնը Թող Ընդունի. Արամ Ա.


ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- «Էրտողան, փոխանակ Եւրոպային դաս տալու, հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրը թող ընդունի», Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Մարտ 23ի երեկոյեան այս բառերով ողջունեց կաթողիկոսարան այցելող խումբ մը լիբանանցի արուեստագէտ-արուեստագիտուհիները, որոնք յառաջիկայ Ապրիլ 24ին, Պիպլոսի մէջ պիտի ցուցադրեն Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած իրենց գեղանկարները: Սոյն ծրագիրը կազմակերպուած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ, եւ անոր նպատակն է արուեստի ճամբով օտարներուն ծանօթացնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Իր խօսքին մէջ վեհափառը գնահատելով լիբանանցի նկարիչներուն մասնակցութիւնը այս ցուցահանդէսին՝ թելադրեց, որ իրենց պատրաստելիք գեղանկարներուն մէջ շեշտը դնեն նաեւ Ցեղասպանութենէն անդին՝ հայ ժողովուրդի արդարութեան պահանջին ու վերածնունդին վրայ: Ան յիշեց, որ թուրքը ջարդեց հայ ժողովուրդը, իսկ արաբ ժողովուրդը՝ իսլամ թէ քրիստոնեայ, իր հայրենիքին դռները լայն բացաւ հայ ժողովուրդին դիմաց:

Շարունակելով իր խօսքը՝ վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Թուրքին նոյն ծաւալապաշտական ու բռնատիրական ոգին այսօր եւս տեսանելի է թէ՛ արաբական աշխարհին եւ թէ Եւրոպայի մէջ»: Ապա վեհափառը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն: