Եւրոպայի Երիտասարդութեան Ներուժի Համախմբման Լաւագոյն Առիթ Հանդիսացաւ ՀՄԸՄի Եւրոպայի Երիտասարդական Առաջին Հաւաքը Վիէննայի Մէջ


Փետրուար 17-19ին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ իր տեսակին մէջ առաջինը նկատուող ՀՄԸՄի Եւրոպայի Երիտասարդական հաւաքը, որուն մասնակցութիւն կը բերէին Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլլանտայէն, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Շուէտէն, Հայաստանէն, Պելճիքայէն, Յունաստանէն, ինչպէս նաեւ Երուսաղեմէն ժամանած 60 ՀՄԸՄական երիտասարդներ: ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան Հովանաւորութիւնը վայելող եւ ՀՄԸՄի Վիեննայի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ կազմակերպուած այս հաւաքը,  հիմք ունենալով միութեան 2015ին վերամշակուած միութեան ընդհանուր ծրագիր կանոնագիրը եւ նախապէս ընդունուած ռազմավարական ծրագիրը,  կը նպատակադրէր Եւրոպայի տարածքին գտնուող ՀՄԸՄական երիտասարդները համախմբել, ծանօթանալու եւ համագործակցելու առիթներ ստեղծել, Եւրոպայի հայ երիտասարդութիւնը յուզող ազգային, միութենական ու ընկերային ժամանակակից հարցեր քննարկել, լուծումներ առաջարկել,  զարկ տալ Եւրոպայի տարածքին ՀՄԸՄի երիտասարդական ցանցին եւ կարողութիւններուն, միութեան մարմիններուն եւ յանձնախումբերուն մէջ երիտասարդ տարր ներգրաւելու նպաստել, ինչպէս նաեւ նախապատրաստուիլ` միութեան հարիւր ամեակին ու անոր հետ առնչուած ծրագիրներուն շուրջ.

Հաւաքի պաշտօնական բացման արարողութեան ընթացքին ՀՄԸՄի Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը վեր առաւ նման հաւաքներու կարեւոր հանգամանքը, շեշտեց թէ միութեան գերագոյն մարմինը երիտասադներուն ձայնը կը լսէ ու կը համագործակցի անոր հետ, ինչպէս նաեւ հաստատեց թէ Եւրոպայի տարածքին ՀՄԸՄը էական դերակատարութիւն ունի հայ երիտասարդութեան առողջ ու հայեցի միջավայր ապահովելու:

Օգտուելով հաւաքի այս խորհրդաւոր առիթէն, ՀՄԸՄի Վիեննայի Մասնաճիւղի երկու վեթերաններ՝ Գրիգոր Հալլաճեանն ու Սամուէլ Նահապետեանը ստացան ՀՄԸՄ «Ծառայութեան» շքանշաններ:

Հաւաքը հիմնական հետեւեալ չորս թեմաներուն շուրջ քննարկումներ կատարեց՝

Ա- ՀՄԸՄի դերը Եւրոպայի Երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մէջ՝ Հայեցի դիմագիծ, առաջնահերթութիւններ, միութենական կեանք

Զեկուցաբերներ Սեւան Նազարեան (Ֆրանսա) եւ Վիգէն Գապաքեան (Պելճիքա)

Բ- ՀՄԸՄը որպէս կամուրջ Եւրոպայի երիտասարդութեան եւ Հայաստան – Արցախի միջեւ

Զեկուցաբեր Հռիփսիմէ Յարութիւնեան (Յունաստան)

Գ- Եւրոպայի Երիտասարդութեան դերը ՀՄԸՄի մէջ 21րդ դարու պայմաններուն տակ:

Զեկուցաբերներ Անէթ Մոսկոֆեան (Անգլիա) եւ Գէորգ Յակոբճեան (Աւստրիա)

Դ- ՀՄԸՄ եւ Communication strategies & Social Media

Զեկուցաբերներ Յարութ Պաղամեան (Երուսաղեմ) եւ Գօգօ Սահակեան (Երուսաղեմ).

Յաջորդական նիստերուն ընթացքին,  իւրաքանչիւր գլուխի մէջ,  զեկուցաբերները մանրամասնօրէն ներկայացուցին ՀՄԸՄի դերակատարութիւնը հայ երիտասարդին դիմագրաւած ժամանակակից մարտահրաւէրներուն մէջ, դիպուկ օրինակներ տուին Եւրոպայի մէջ հասակ առնող սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան մէջ ՀՄԸՄին ունեցած եւ ունենալիք դերակատարութեան, վերլուծեցին Եւրոպայի հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած տագնապները, անդրադարձան դժուարութիւններուն, ներառեալ իրարու հետ հաղորդակցելու դժուարութիւններուն,   հայերէնի անբաւարար իմացութեան կամ զանազան հայերէններու օգտագործման բարդ հարցերու գոյութիւնը եւ այլն.

Շեշտուեցաւ կարիքը ընկերային բնոյթի ծրագիրներու գործադրութեան’ Երեւանէն դուրս մարզերուն եւ սահմանային շրջաններուն մէջ Եւրոպայի մասնաճիւղերուն միջոցաւ,  Արցախի մէջ երիտասարդական պտոյտներու,  հայոց բանակի բարոյական զօրակցութեան,  և ընդհանուր առմամբ հայրենաճանաչելիութեան մակարդակի բարձրացման.

Նշուեցաւ, որ գաղութային կազմակերպութիւններ պէտք է վստահին երիտասարդութեան ու անոնց կարողութիւններուն. Այս ծիրին մէջ առաջարկուեցաւ երիտասարդութեան ճամբով միութիւնը աւելի արդիական ու ժամանակակից մեթոտներով ղեկավարելու մասին, միութեան մէջ երիտասարդութեան ներուժը, մասնագիտութիւնները եւ առհասարակ ժամանակակից փորձառութիւնները համակարգուած ձեւով օգտագործելու եղանակներ փոխանցուեցան, ինչպէս նաեւ յաջող օրինակներ ներկայացուեցան թէ տարբեր մասնաճիւղերու մէջ երիտասարդները ինչպիսի քայլերով կը նպաստեն ու կրնան նպաստել ՀՄԸՄի ու համայն հայութեան վերլքին ու յառաջդիմութեան:

Վերջին բաժնով երիտասարդները գիտականօրէն վերլուծեցին, թէ ինչպէս կարելի է արդի հաղորդակցութեան արդի միջոցները եւ յատկապէս ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները ազդեցիկ ձեւով ու նպատակասլացօրէն օգտագործել ՀՄԸՄի նպատակներու հետապնդման եւ քարոզչութեան ի նպաստ.

Հաւաքի եզրափակիչ նիստը նուիրուած էր ՀՄԸՄի 100ամեակի աշխատանքներուն, ուր ներկայացուեցան նախատեսուած ծրագիրները, որոնք ընդհանրապէս տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ ու անոնց իրականացման գծով ՀՄԸՄի Եւրոպայի Երիտասարդութեան դերին ու կատարելիքներուն մասին խօսուեցաւ:

Հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Մխիթարեան Միաբանութեան Վիեննայի կեդրոնատեղին, թանգարանը, գրադարանն ու արխիւատունը եւ մեծ հետաքրքրութեամբ ծանօթացան կեդրոնի գանձերուն, ինչպէս նաեւ Հայ ազգի մեծ բարեկամ ու «Մուսա Լերան Քարասուն Օրերը» աշխարահաճանաչ գործի հեղինակ Ֆրանզ Վերֆելի արձանը ու երախտագիտութեան ծաղիկներ զետեղեցին:

Նման հաւաքներ կարեւոր են Եւրոպայի հայ երիտասարդութիւնը համախմբելու, համագործակցութեան առիթներ ստեղծելու, դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ միութեան նպատակները իրականացնելու: