Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան Ամեայն Հայոցի Սրբատառ Կոնդակին Արժանացաւ


Գա­նա­տա­հա­յոց փոխա­ռաջ­նորդ եւ Ս․ Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ Հո­գե­ւոր Հո­վիւ Զա­րեհ Ա․ Քհնյ․ Զար­գա­րեան ե­կե­ղեց­ւոյ 90ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան օ­րը Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի կող­մէ ի­րեն շնոր­հո­ւած օրհ­նու­թեան եւ գնա­հա­տան­քի սրբա­տառ կոն­դա­կը ստա­ցաւ ձե­ռամբ՝ Ա­ռաջ­նորդ Աբ­գար Սրբա­զա­նի։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը իր օրհ­նու­թեան գի­րին մէջ հե­տե­ւեալ կեր­պով կ’անդ­րա­դառ­նար․ «Տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ Դուք ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մով հո­գե­ւոր սպա­սար­կու­թիւն ի­րա­կա­նա­ցու­ցած էք Թո­րոն­թո­յի Սուրբ եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղե­ցիին՝ ան­կեղծ հա­ւատ­քով ու ներշն­չու­մով ծա­ռա­յե­լով Տի­րոջ կե­նաց խօս­քը սեր­մա­նե­լու սրբա­զան ա­ռա­քե­լու­թեա­նը։ Ժրա­ջան ծա­ռա­յու­թեամբ Դուք յա­ջո­ղած էք ե­կե­ղեց­ւոյ շուրջ հա­մախմ­բել մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը կրթե­լով ի­րենց հո­գի­նե­րը հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին մեր ար­ժէք­նե­րով։ Այ­սօր Սուրբ եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վա­նին ներ­քեւ կը գոր­ծեն հո­գե­ւոր, կրթա­կան ու ազ­գա­յին մի քա­նի տաս­նեակ մար­մին­ներ, ո­րոնք միաս­նա­բար հա­մայն­քա­յին կեանքն են, ո­րոնք կը սնու­ցա­նեն ու կը զօ­րաց­նեն նպաս­տե­լով Ա­ռա­քե­լա­կան մեր Սուրբ ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան։ Ա­ռանձ­նա­կի գո­հու­նա­կու­թիւն է Մե­զի հա­մար անդ­րա­դառ­նալ, որ Հայ­րե­նի­քի ան­կեղծ սի­րով Դուք կա­րե­լին ի սպաս դրած էք ա­ջակ­ցու­թիւն բե­րե­լով հայ­րե­նաբ­նակ մեր ժո­ղո­վուր­դին։ Մենք բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տած ենք Ձեր ծա­ռա­յա­սի­րու­թիւ­նը, ազ­գա­սի­րու­թիւնն ու ե­կե­ղե­ցա­սի­րու­թիւ­նը՚:

Յա­ւարտ Ս․ պա­տա­րա­գի տե­ղի ու­նե­ցաւ մաս­նա­ւոր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն  նախ­կին հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րու, կնքա­հայր եւ բա­րե­րար­նե­րու, նախ­կին ծխա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ կարգ մը ազ­գա­յին­նե­րու հո­գի­նե­րուն ի հան­գիստ։ Դպրաց դա­սին կող­մէ եր­գո­ւած ՙՈ՜վ ­հա­յոց աշ­խարհ՚ եր­գե­ցո­ղու­թեամբ  90ա­մեա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը իր ա­ւար­տին հա­սաւ։