Զարեհ Սինանեան Նշանակուած է Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար


ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով՝ Զարեհ Սինանեան նշանակուած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար։

Զարեհ Սինանեան ծնած է 1973-ին, Երեւան։ Կրթութիւնը ստացած է նախ Երեւանի, ապա Միացեալ Նահանգներու Պըրպանք քաղաքին մէջ: 1997-ին քաղաքագիտութեան եւ պատմութեան Պսակաւոր արուեստից (BA) աստիճան ստացած է UCLA-էն, այնուհետեւ աւարտած է USC-ի իրաւագիտութեան դպրոցը: 2001-էն զբաղած է փաստաբանական գործունէութեամբ: 2014-2015 թուականներուն եղած է Կլենտէյլի քաղաքապետ։ Քանի մը օր առաջան հրաժարական տուած է Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդէն: Զարեհ Սինանեան ամուսնացած է, ունի չորս զաւակ:

Սփիւռքի հարցերով յանձնակատարի նորաստեղծ գրասենեակը պիտի ունենայ 25 հոգինոց անձնգակազմ: Սինանեան պիտի ըլլայ վարչապետի ներկայացուցիչը սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ վարչապետի անունէն պիտի համակարգէ կառավարութեան աշխատանքները սփիւռքի հետ:

Համաձայն կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին օրէնքի, յանձնակատարի գրասենեակի նպատակն է աջակցիլ վարչապետին` սփիւռքի հետ կապուած քաղաքականութեան ապահովման եւ սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներու միասնականութեան: Այս աշխատանքներու ծիրէն ներս իրականացուող գործառոյթները կը սահմանէ վարչապետը: