Զարթի՛ր Լաօ


Լոռի Պէրպէրեան

Հայը ծնած է անարդարութեանը դիմադրելու։ Ի վերջոյ, եթէ ոչ մենք ո՞վ պիտի պաշտպանէ մաքուրը, արդարը, ճշմարիտը։ Ո՞վ պիտի պայքարի մարդկային իրաւունքներուն ու արժէքներուն կեղեքումը հետապնդող անվերջ գազաններուն դէմ: Հայը նաեւ հայութիւնը ամէն բանէ վեր կը սիրէ ու չի ճանչնար տկարութիւն իր ազգին մէջ: Սակայն, ո՞վ կը սպասէր, որ Հայաստանի իշխանութիւնները օր մը պիտի դառնային հայուն դիմադրութեան թիրախը, հայուն խորքը անհանգստացնող փուշը, հայուն ինքնութիւնը զայրացնող գոյութիւնը: Երեւակայեցէք Հայաստանի իշխանութեան գործած մեղքին մեծութիւնը, որ համոզած է այդ նոյն հային, որ իր սիրած, ճանչցած, պաշտած հայը հիմա արժանի է ամենադառն դիմադրութեան ու անսանձ ատելութեան: Այս պատկերով թերեւս իսկապէս կը հասկնանք Նոյեմբեր 9-ի ու անոր հետեւող բազմաթիւ համաձայնագիրներու բերած հիասթափութեան մակարդակը։ Այսպիսով աւելի լաւ կրնանք հասկնալ համայն հայութեան վերջնական որոշումը տապալելու դաւաճան ու թրքամէտ հայերով կազմուած Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը։ 

Դժուար էր անտեսել մեր ազգին ու հայրենիքին սպառնացող վտանգը, երբ Հայաստանի իշխանութեան խօսքերը սկսած էին համապատասխանել ցեղասպանութինը մերժող ու օրական հայերուն անկումը հետապնդող Թուրքիոյ ուղերձներուն։ Երբ յարձակողն ու պաշտպանուողը համաձայնութիւն կնքեցին ու նոյն գաղափարները արձագանգեցին, համոզուեցայ որ մեր իշխանութիւնը մոլորուած է: Իսկ իր ազգը ծուղակը նետող հայ իշխանութեան անօրէնութիւնները աններելի են, զայն արժանացնելով ամենավատ պատիժին՝ մինչեւ հինգ հազարէն աւելի սպաննած հայորդիներուն արիւնին չափ ինք թափէ: 

Հայաստանի ապազգային իշխանութեան որոշումները տարիներէ ի վեր կը պառակտեն հայ ազգը։ Ներկայիս կազմակերպուած համազգային բողոքի ցոյցերը վերստին միութիւն ներշնչեցին մեր շրջանակներուն մէջ, յստակացուցին ազգիս իսկական նպատակները ու իսկական թշնամիները։ Ցուցադրեցին մէկ ճշմարտութիւն՝ հայրենիքի պաշտպանութիւնը հայրենասիրութիւն ու քաջութիւն կը պահանջէ, զոհողութիւն ու հետեւողական աշխատանք։ Հայ ժողովուրդին արցունքները սրբուեցան ու անոր աչքերը սկսան յստակ տեսնել նորէն։ Սկսաւ մեղքը մեղք կոչել, սխալը չարդարացնել: Հայ ժողովուրդը հետզհետէ կը զօրանայ ու պէտք ունի իւրաքանչիւր հայու զօրակցութեան: Միանալու եւ հզօրանալու կամքն ու կարողութիւնը մեծագոյն սիւներէն են հայուն էութեան։ Լսե՛նք մեր դիւցազնական էութեան։ Էութիւն, որ վախ չի ճանչնար, էութիւն, որ զիջում չ՛ընդունիր։ Էութիւն, որ հսկայական պարտութիւններու ու արիւնախանձ բանակներու առջեւ կատաղօրէն կը գոռայ՝ «Զարթի՛ր Լաօ»։