Զրոյց ՀՕՄի Ամենօրեայ Վարժարանի Տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանի Հետ՝ Վարժարանին Որդեգրած Առցանց Դասաւանդման Միջոցներուն Շուրջ


ՀՕՄի Ամենօրեայ Վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան

Ինչպէս գիտենք, «Քորոնա» համաճարակին պատճառով ՀՕՄի Ամենօրեայ Վարժարանն ալ ստիպուած փակեց իր դռները: Սակայն նիւթերու դասաւանդումը առցանց կը շարունակուի՝ ուսուցչական կազմին կողմէ եւ տնօրէնութեան հսկողութեամբ:

Վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանի հետ կը զրուցենք տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին որդեգրած նորաոճ ուսուցման, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն` դասեր պատրաստելու պատրաստակամութեան մասին:

Հարցազրոյցը վարեց՝ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

 

Հարցում- Ներկայիս առցանց կը դասաւանդուին դասարանային կարեւոր նիւթերը, արդեօք դասաւանդման այդ փորձը ունէի՞ք նախապէս։ Ինչպէ՞ս կ’ընթանայ դասաւանդումը այս օրերուն։

Պատասխան- Գարնանային արձակուրդէն ի վեր կառավարութեան հրամանով մեր վարժարանն ալ փակուած էր՝ ֆիզիքապէս, սակայն առցանց շարունակած ենք մեր դասաւանդումը: Անշուշտ գիտենք, որ նոյն ազդեցութիւնը չունենար ինչպէս դպրոցէն եւ դասարանէն ներս դասաւանդումը, սակայն պայմանները այսպէս բերին, որ մենք պարտաւորուած շարունակենք մեր դասաւանդումը՝ առցանց: Մեր ուսուցիչները մեծ նուիրումով կ’աշխատին. մէկ ու կէս ամիսէն աւելի է, որ հետզհետէ կը փորձեն բարելաւել եւ նոր ձեւեր որդեգրել, որպէսզի մեր աշակերտները շարունակեն լաւագոյն ձեւով հետեւիլ դասընթացքներուն։ Մեր վարժարանի կրթական ծրագրին մէջ միշտ եղած է արդիականացումը՝ technological education-ի տարբեր միջոցներու որդեգրումը, որպէսզի բարելաւենք համակարգչային գիտելիքներու կարողութիւնը եւ ձեւերը։ Կրնամ ըսել, թէ տարիներ առաջ առած էինք նախաքայլ մը, ուր մեր 6-էն 8-րդ դասարանի աշակերտները սկսած էին գործածել Ipad-ներ: Ipad-ի ծրագիր մը մշակած էինք ու տարիներէ ի վեր անոնք արդէն ունէին իրենց անհատական Ipad-ները։ Google classroom-ն ալ սկսած էր օգտագործուիլ արդէն եւ այս տարեշրջանի սկիզբէն յատուկ աշխատանք տարած էինք, որ մեր ուսուցչական կազմն ալ սորվի եւ օգտագործէ զայն։ Կոկոն դասարանէն մինչեւ 12-րդ դասարանի աշակերտները գրանցուած էին Google classroom-ի, նաեւ ծնողներն ալ վարժութիւնը ձեռք բերած էին այս արդիական ձեւի օգտագործման։

Հ- Այսօր ինչպիսի՞ միջոցներ աւելցուցած էք ձեր տարիներ առաջ որդեգրած արդիական դասաւանդման  եւ ո՞ր դասրանները կը ներգրաւէք այդ ծրագիրներուն մէջ։ 

Պ- Այս տարեշրջանին առաջին կիսուն 9-րդէն 12-րդ դասարանի աշակարտներէն իւրաքանչիւրին տրամադրեցինք Chromebook: Օրին, չէինք նախատեսած այս պայմանները, բայց այդ հսկայական նիւթական ներդրումը, որ տրամադրած էր դպրոցը, առաւել կամաւորներու կողմէն կայացած մեծ աշխատանքը, ուսուցչական կազմին հսկայ աշխատանքը ու դասաւանդման միջոցները շատ լաւ դիրքի վրայ պահեց մեզ ու մենք կրցանք անխափան եւ դիւրաւ շարունակել առցանց դասաւանդումը եւ գիտելիքներու փոխանցումը գարնանային արձակուրդէն ետք։ Անոնց կողքին, սկսանք ծրագիր մը մշակել Google classroom-ի մէջ աւելցնելու մեր մանկամսուրի աշակերտներն ալ, ուրեմն կրնամ ըսել, որ մեր վարժարանի բոլոր աշակերտներն ալ (18 ամսականէն մինչեւ 18 տարեկան) կ’օգտագործեն Google classroom-ը, որպէս առցանց դասաւանդման միջոց։ Google classroom-ը մայր հաղորդակցութեան միջոցն է, ուր կը զետեղենք արձանագրուած դասեր. աշակերտներուն կը տրամադրուին տարբեր տեսակի դասանիւթեր, կը պատրաստուին գրաւորներ, կ’ըլլան ուսուցիչ աշակերտ փոխանակում, ապա այնտեղ նիշերը տրամադրելի կը դառնան։ Google meet-ի միջոցաւ աշակերտները կը միանան ուսուցիչի դասաւանդումին եւ  հոն քամերայի միջոցաւ առիթը կ’ունենան ուսուցիչին հարցումներ հարցնելու եւ տարբեր դասանիւթերու հետեւելու՝ բոլոր աշակերտները այս դասաւանդման միջոցէն կ’օգտուին։

Երկրորդականի պարագային, մեր աշակերտները անխտիր, շաբաթը մի քանի առիթներով կը հանդիպին իրենց ուսուցիչներուն։ Մանկամսուրի աշակերտներն ալ շաբաթը երեք անգամ կը մասնակցին դասաւանդման ու երգեր կը սորվին ու նոր երգեր կ’երգեն, արտասանութիւններ կը լսեն ու կը սորվին եւ տարբեր տեսակի ձեռայիններ կը պատրաստեն։ Կոկոնէն մինչեւ 8-րդ դասարանի աշակերտներն ալ շաբթուան ընթացքին տարբեր առիթներով կը միանան ու այլազան դասեր կը սորվին։

Հ – Ներկայ իրավիճակը նկատի առնելով արդեօք դասերը կրճատած է՞ք կամ դաս պատրաստելու ժամկէտը փոխած էք։

Պ- Մենք առանց կրճատումի կը շարունակենք տրամադրել բոլոր դասանիւթերը։  Ա.էն մինչեւ 12-րդ դասարանին երեք լեզու կը դասաւանդենք՝ Հայերէն,Անգլերէն  եւ Ֆրանսերէն։ Մեր աշակերտները կը շարունակեն երեք լեզուներով  սորվիլ բոլոր նահանգային եւ դպրոցին պարտադրած նիւթերը։

Մանկապարտէզի աշակերտներն ալ կը շարունակեն սորվիլ իրենց բոլոր նիւթերը, իսկ մանկամսուրի մանուկները կը շարունակեն իրենց ծրագիրը։ Այս մէկը կ’ընենք, որպէսզի որեւէ ձեւով աշակերտները ետ չմնան, անշուշտ հաշուի կ’առնենք նաեւ այն պարագաները, որ տան մէջ սորվիլը նոյն արդիւնքը պիտի չտայ, այնպէս ինչպէս դպրոցէն ներս։ Մենք մեր աշակերտներուն արտօնած ենք, որ իրենց համապատասխան ընթացքով շարունակեն հետեւիլ իրենց տրամադրուած դասանիւթերուն՝ առանց ճնշումի տակ մնալու։ Նախկին ժամկետերը ընդհանրապէս չենք դներ, որպէսզի աշակերտները աւելի ազատ աշխատին։ Տրուած ժամկետները, ընդհանրապէս, իրենց համար որոշ ուղղութիւն մը տալու համար են։ Աշակերտներուն տրամադրուած նիւթերը եւ live video conference-ները կը պահուին Google classroom-ի վրայ. աշակերտները որեւէ ժամանակ կրնան ետ երթալ, դարձեալ դիտել, վերաքաղ ընել իրենց դասանիւթերը։ Ուրեմն դասի ժամը աւելի կախեալ է աշակերտէն, իսկ ուսուցիչները կը շարունակեն տրամադրել բոլոր դասանիւթերը, որպէսզի աշակերտը շարունակէ սորվիլ եւ պատրաստ ըլլալ յաջորդ տարուան։

 

Հ- Անցումային դասարաններուն համար ինչպիսի՞ ծրագիր նախատեսած էք։ Հանդէսի պարագան կամ քննութիւն յանձնելը ինչպէ՞ս պիտի համադրէք։

Պ- Կ’ուզեմ յատկապէս գնահատել մեր ամենաերէց՝ 12-րդ դասարանի աշակերտները, որոնք այս բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ կը շարունակեն իրենց աշխատանքը առցանց դասարաններէն ներս եւ կը ջանան լաւապէս պատրաստուիլ՝ Սեպտեմբերին College կամ համալսարան մուտքին: Կրնամ ըսել, որ մեր բոլոր ուսուցիչներն ալ իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, որ աւարտականները պատրաստեն համալսարան մուտքին: Անշուշտ, մեր փափաքն է, որ շուտով այս բոլոր դժուարութիւնները անցնին եւ կարենանք իրենց արժանի ամավերջի հանդէս մը պատրաստել։ Կը հասկնանք, որ դժուար պայմաններու մէջ կ՛աւարտեն իրենց վերջին տարին. բնաւ պիտի չուզէինք, որ այսպէս ըլլար, բայց կ’աղօթենք, որ հեզասահ ընթանան դասաւանդութիւնները, առողջ մնան մեր աշակերտները եւ այդպիսով բոլորենք այս տարին:

 

Հ-  Աշակերտ, ուսուցիչ, տնօրէնութիւն եւ ծնողք օղակը ինչպէ՞ս կը պահէք եւ փոփոխութիւններուն բերած դժուարութիւնները ի՞նչ ձեւով կը հարթէք։

Պ- Մեր աշակերտներուն ու ծնողներուն հետ կը շարունակենք կապ պահել առաւելաբար ե-նամակներու, ինչպէս նաեւ Google classroom-ի եւ Google meet-ի միջոցաւ, որովհետեւ կ’ուզենք  հասկնալ, թէ արդեօք աշակերտը դժուարութիւն ունի՞ մասնակցելու կամ միանալու դասերուն: Առաւելաբար կ՛օգտագործենք ե-նամակը, որուն միջոցաւ թէ՛ աշակերտը եւ թէ՛ ծնողքը կրնայ կապուիլ դպրոցին, ուսուցիչին կամ տնօրէնութեան հետ, իսկ եթէ հարկաւոր է նաեւ՝ հեռաձայնով։ Անշուշտ դժուարութիւնները շատ են, բայց մենք միշտ պատրաստ ենք կառավարութենէն եկած կամ դպրոցին նորութիւնները հաղորդագրութիւններու միջոցով փոխանցել ծնողներուն, որպէսզի վստահեցնենք, որ բոլորը քաջատեղեակ են մեր որդեգրած ուղղութեան։ Նաեւ ստեղծած ենք  support@ars.ca ե-նամակի յատուկ միջոց մը, որպէսզի մեր IT-ի խումբը նաեւ հասանելի ըլլայ աշակերտներուն եւ ծնողներուն, երբ անոնք Ipad-ը կամ անձնական համակարգիչը գործածելու մէջ խնդիրներ կ՛ունենան։

 

Հ- Փոխանցելիք ի՞նչ խօսք ունիք ձեր աշակերտներուն, արդեօք գոհ է՞ք անոնց մասնակցութենէն եւ արդիւնքներէն։

 Պ- Նախ կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ծնողներուն, որոնք մեծ նուիրումով կ’օժանդակեն մեր աշակերտներուն, որպէսզի լաւագոյնս հետեւին մեր տրամադրած դասերուն: Իսկ աշակերտներուն աշխատանքները անձամբ տեսնելով, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուն վկայութեամբ կը հաստատենք, որ իսկապէս այս պայմաններուն տակ անոնք կը շարունակեն ջանք չխնայել, սորվիլ եւ բարելաւել իրենց գիտելիքները։ Առիթ ունեցած եմ օրական դրութեամբ հանդիպելու տարբեր դասարաններու, որոնց դասանիւթեր կը տրամադրուին ու կը նկատեմ, թէ աշակերտները պարտաճանաչօրէն կը հետեւին ուսուցիչին տրամադրած դասերուն, նաեւ Google classroom-ի միջոցաւ իրենց պատրաստած դասերը կը տեսնեմ եւ կրնամ ըսել, որ անոնք մեծ ջանք կը թափեն եւ ամենայն պարտաճանաչութեամբ կը շարունակեն սորվիլ:

Կ՛ուզեմ իրենց ըսել. «Շատ ապրի՛ք, մենք շատ հպարտ ենք ձեզմով ու կը գիտակցինք, որ մեծ աշխատանք կը տանիք այս պայմաններուն մէջ. ձեր արձանագրած լաւ արդիւնքը արդէն յայտնի է»։

Տեղին է յիշել նաեւ ուսուցիչներուն տարած կարեւոր աշխատանքն ու ճիգը. առցանց դասաւանդելու առաջին իսկ օրէն, երբ նորանոր միջոցներ որդեգրեցինք, մեր ուսուցիչները թէ՛ կը դասաւանդէին իրենց առօրեայ դասերը եւ թէ՛ արդիական նոր միջոցները օգտագործել կը սորվէին: Անոնք պատրաստ էին իրենց ճիգը չխնայելու եւ 100 տոկոս նուիրումով յաջողցնելու դասաւանդման այս արտակարգ ծրագիրը: Աշխատանք մը, որուն յաջող արդիւնքներուն վկան կը դառնանք բոլորս։