Էդուարդ Նալբանդեան Ստանձնեց Ֆրանսախօս Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարներու Համաժողովի Նախագահութիւնը


Փարիզի մէջ տեղի ունեցող ֆրանսախօս երկիրներու նախարարներու համաժողովին՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Նոյեմբեր 26ին ստանձնեց 84 անդամ, պաշտօնակից եւ դիտորդ պետութիւն ու կառավարութիւն միաւորող ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովին նախագահութիւնը:

Համաժողովի աւարտին տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին՝ Մատակասքարի արտաքին գործոց նախարար Անրի Ռապարինձակա՝ Նալբանդեանին փոխանցեց ֆրանսախօս երկիրներու նախարարներու համաժողովին նախագահութիւնը:

Ելոյթ ունենալով նախագահութեան փոխանցման արարողութեան՝ նախարար Նալբանդեան ըսաւ, որ Հայաստան կը գիտակցի, թէ ինչպիսի վիթխարի աշխատանք կը սպասէ իրեն: Առաջին հերթին, հարկաւոր է ապահովել Գագաթաժողովի յաջողութիւնը` կազմակերպչական առումով:

«Մենք կ՝ընկալենք համագործակցութիւնը մեր ֆրանսախօս երկիրներու ընտանիքէն ներս։ Մենք մտադիր ենք համատեղ աշխատանք իրականցնելու ձեր` բոլորի հետ` Երեւանի Գագաթաժողովի յաջողութիւնը ապահովելու համար, քանի որ այս Գագաթաժողովին յաջողութիւնը մեր բոլորին հաւաքական յաջողութիւնն է, մեր ֆրանսախօս երկիրներու ընտանիքին ընդհանուր յաջողութիւնը», ըսած է ան։

 Ֆրանսախօս երկիրներու Երեւանի վեհաժողովը  տեղի պիտի ունենայ 11-12 Հոկտեմբեր 2018-ին, իսկ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան կանոնադրական մարմիններու  նիստերը հետեւեալ օրացոյցով` 7 Հոկտեմբերին Ֆրանսախօս երկիրներու մնայուն խորհուրդը, 8-9 Հոկտեմբերին` կազմակերպութեան  նախարարական համաժողովը: