Էմանուէլ Մակրոն Կը Խոստանայ Շարունակել Աշխատանքը Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Քրէականացման Ուղղութեամբ


«Արմենփրես»․- Ըստ Nouvelles d’Armenie­-ի՝ Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու, Ֆրանսայի տնտեսութեան նախկին նախարար Էմանուէլ Մակրոն նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի  շարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման աւանդոյթը:

«Ապրիլ 24ը ամուր խորհրդանիշ է. անիկա կ՛ոգեկոչէ 1915ի Ապրիլ 24­ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ 600 հայ մտաւորականներու աքսորն ու սպանութիւնը եւ առաջին ցեղասպանութեան սկիզբը: Սա կարեւոր պահ էր Ֆրանսայի եւ Հայաստանի յիշողութեան, իսկ այնուհետեւ նաեւ բարեկամութեան մէջ: Ես կողմ եմ, որ այդ օրը ներառուի մեր օրացոյցին մէջ` իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման օր», նշած է Մակրոն:

Ան ընդգծած է նաեւ այդ երկրի հայ համայնքի դերը ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ: «Ես կ՛աջակցիմ անոնց պայքարին: Ցեղասպանութեան ճանաչման համար անոնցմէ սերունդներու պայքար պահանջուեցաւ: Անոնք շարունակաբար պահանջներ կը ներկայացնէին, որ տուաւ իր պտուղները: Հաշուի առնենք նաեւ 2016ին գերմանական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած պատմական քուէարկութիւնը: Ֆրանսայի մէջ հնարաւոր չեղաւ հասնիլ ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման, իսկ Սահմանադրական խորհուրդի որոշումը բազմաթիւ թիւրըմբռնումներու տեղիք տուաւ: Համոզուած եմ, որ անհրաժեշտ է շարունակել աշխատիլ այս ուղղութեամբ: Իրաւունքն ու յիշողութիւնը պէտք չէ ըլլան անհամատեղելի», ընդգծած է Էմանուէլ Մակրոն: