Էրտողանի Թիկնապահները Ուաշինկթընի Մէջ Դաժան Յարձակում Գործած են Քիւրտերու, Հայերու Եւ Եզտիներու վրայ․ Էտըմ Շիֆ


Էրտողանի ղեկավարած Թուրքիոյ մէջ սովորական դարձած են խօսքի, մամուլի եւ հաւաքներու ազատութեան վրայ յարձակումները, յայտարարած է քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ` մեկնաբանելով Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ տեղի ունեցած դէպքը:

Անոր խօսքով` Թուրքիոյ  նախագահին հետ հանդիպման ժամանակ Տանըլտ Թրամփ «գովեստներ շռայլեց աւելի ու աւելի միապետ դարձող առաջնորդին»: «Սպիտակ տան հանդիպումէն ընդամէնը քանի մը ժամ անց տեղեկութիւններ ստացանք այն մասին, որ Էրտողանի անվտանգութեան ծառայողները Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին մօտ դաժանօրէն յարձակած են այնտեղ խաղաղ ցոյց կատարող քիւրտերուն, հայերու, եզիտիներուն վրայ: Մինչ մենք դեռ կը հետազօտենք դէպքին մանրամասնութիւնները, տագնապայարոյց հոլովակին մէջ պատկերուած է, թէ Էրտողանի անվտանգութեան ծառայողները ինչպէս կը յարձակին ցուցարարներուն վրայ», ֆէյսպուքին մէջ գրած է Շիֆ:

Ան նշած է, որ վարչակազմը մինչեւ այսօր կը լռէ այս դէպքին առնչութեամբ, սակայն յարձակումը չի կրնար անպատասխան մնալ, եւ անհրաժեշտ է միջոցներ ձեռնարկել այն անձերուն դէմ, որոնք յարձակած են իրենց իրաւունքներուն համար խաղաղ ցոյցի ելած մարդոց վրայ: «Անհրաժեշտ է զանոնք պարզել եւ հարցաքննել մինչեւ երկրէն հեռանալը: Էրտողանի Թուրքիոյ մէջ սովորական բան դարձած են խօսքի, մամուլի եւ հաւաքներու ազատութեան վրայ յարձակումները: Մենք պէտք է համոզուած ըլլանք, որ մեր տան մէջ երբեք նման բան պիտի չկատարուի», ընդգծած է քոնկրեսականը: