Ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան` 5-րդ Անգամ Ըլլալով Դարձաւ Եւրոայի Ախոյեան


Արթուր Ալեքսանեան ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեան

«Արմենփրես»,- Ողիմպիական խաղերու, Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան 5-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:

Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան 97 քկ․ դասակարգին մէջ եզրափակիչ փուլին Արթուր Ալեքսանեան յաղթելով Իտալացի Նիքոլաս Կախելաշվիլիին 7:1 հաշիւով՝  5-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան: 

Ալեքսանեան 1/8 եզրափակիչին յաղթած էր թուրք Զէնք Իլտեմին։

Ան յաղթած է Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն՝ 2012, 2013, 2014, 2018 թուականներուն: 28 տարեկան գիւմրեցի մարզիկը Ռիոյի Ողիմպիական խաղերու ախոյեան է, երեք անգամ յաղթած է աշխարհի ախոյեանութիւններուն` 2014, 2015, 2017 թուականներուն: