Ըմբիշ Գէորգ Ղարիպեան Դարձաւ Եւրոպայի Ախոյեան


Ըմբիշ Գէորգ Ղարիպեան ոսկէ մետալ կը ստանայ

“Արցախփրես”,- Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Գէորգ Ղարիպեան իր մարզական ասպարէզին մէջ առաջին անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան ոսկէ մետալակիր: 

Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան 60 քկ․ դասակարգին մէջ եզրափակիչ փուլին յաղթեց թուրք Քերեմ Քամալին 5:5 հաշիւով եւ նուաճեց ոսկէ մետալը: 

Ղարիպեան 1/8 եզրափակիչիn յաղթած էր նաեւ ազրպէյճանցի Մուրատ Պազարովին 8:0 հաշիւով։

Ըմբիշ Գէորգ Ղարիպեան