Ընտանիքի Իրական Պատմութիւնը Վահագն Տատրեանը Դարձուց Ցեղասպանագէտ


Ցեղասպանագէտ Վահանգն Տատրեան դասախօսութեան ընթացքին։

Կա­րէն Ղա­զա­րեան


«Ռա­տիո­լուր»,- 93 տա­րե­կան հա­սա­կին կեան­քէն հե­ռա­ցած է ա­մե­րի­կա­հայ հան­րա­ծա­նօթ գիտ­նա­կան Վա­հագն Տատ­րեան։ Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած հայ ըն­տա­նի­քի մը մէջ ծնած (Պո­լիս, 1926) Վա­հագ­նի հա­մար դժո­ւար ե­ղած է մաս­նա­գի­տու­թեան ընտ­րու­թիւ­նը, թե­րեւս այս մէ­կը նաեւ կը վկա­յէ ու­սում­նա­ռու­թեան ճա­նա­պար­հին եւ գի­տու­թեան մէջ ա­նոր ան­ցած ու­ղին։ Տատ­րեա­ն նախ ա­ւար­տած է Պեր­լի­նի հա­մալ­սա­րա­նի ուսողութեան, ա­պա՝ Վիեն­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մու­թեան եւ Ցիւ­րի­խի հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի ու­սում­նա­րան­նե­րը։

Տատ­րեան գի­տա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ յայտ­նի էր նախ որ­պէս մա­թե­մա­թի­քոս, ա­պա՝ ըն­կե­րա­բան, ըն­կե­րա­բա­նու­թեան դոկ­տոր, ի­րա­ւա­գէտ, պատ­մա­բան, փրո­ֆե­սոր, ՀՀ ­ԳԱԱ ար­տա­սահ­մա­նեան ան­դամ, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­բան եւ Թո­րոն­թո­յի Զօ­րեան Հիմնարկի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­սում­նա­սիր­ման բաժնի տնօ­րէն։

2011-17 թո­ւա­կան­նե­րուն Գա­նա­տա­յի մէջ ՀՀ ­դես­պան Ար­մէն Ե­գա­նեա­նը հե­տե­ւեա­լը կը յի­շէ․ «Ին­քը կը պատ­մէր, թէ (ա­պա­գայ գիտ­նա­կա­նը) 20-րդ ­դա­րաս­կիզ­բի ող­բեր­գու­թեան մա­սին լսած էր Վիեն­նա­յի մէջ ու­սա­նած շրջա­նին, երբ դա­սըն­կեր­նե­րէն մէ­կը հար­ցու­ցած էր ա­նոր, թէ՝ ար­դեօք ­կար­դա­ցա՞ծ է Ֆրանս Վեր­ֆէ­լի «Մու­սա Լե­րան 40 օ­րը»։ Այդ ժա­մա­նակ պա­տա­նի Տատ­րեա­նին ան­յայտ էին թէ՛ հան­րա­ճա­նաչ այդ գոր­ծը, թէ՛ ընդ­հան­րա­պէս ող­բեր­գա­կան փաս­տե­րը։ Ան­կէ ետք, ծա­նօ­թա­նա­լով իր ըն­տա­նի­քի ի­րա­կան պատ­մու­թեան՝ պատ­մա­բան-ի­րա­ւա­գէ­տը հե­տա­գայ իր գոր­ծու­նէու­թեան էա­կան մա­սը նո­ւի­րած է Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան շրջա­նին տե­ղի ու­նե­ցած ոճ­րա­գոր­ծու­թեան փաս­տա­կան հիմ­քե­րու եւ ա­նոր մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան հիմ­նա­ւո­րում­նե­րու ժխտո­ղա­կա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րի ու­սում­նա­սի­րու­թեան հար­ցե­րուն։ Դժո­ւար է գե­րագ­նա­հա­տել Վա­հագն Տատ­րեա­նի ա­ւան­դը ո՛չ ­միայն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, այլ նաեւ ընդ­հան­րա­պէս մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան, մի­ջազ­գա­յին ի­րա­զե­կո­ւա­ծու­թեան բարձ­րաց­ման հար­ցին մէջ։

Շա­տե­րը Վա­հագն Տատ­րեա­նը կը հա­մա­րեն Հայ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ռահ­վի­րա, նո­ւի­րեալ։ Ան հա­մե­մա­տա­կան ցե­ղաս­պա­նա­գի­տու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէկն է։

ԵՊՀ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան բա­ժի­նի ղե­կա­վար, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Թան­գա­րան-հիմնարկի Հա­մե­մա­տա­կան Ցե­ղաս­պա­նա­գի­տու­թեան բա­ժի­նի վա­րիչ, Ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­նե­րու Մի­ջազ­գա­յին Ըն­կե­րակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի ան­դամ Սու­րէն Մա­նու­կեա­ն հե­տե­ւեա­լը կը նշէ․ «1970-ա­կան­նե­րուն սկսան իր աշ­խա­տանք­նե­րը այդ ուղ­ղու­թեամբ եւ ան փաս­տա­ցիօ­րէն դար­ձաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­սում­նա­սիր­ութեան ա­ռա­ջա­մար­տի­կը։ Այն ժա­մա­նակ բա­ւա­կա­ն զար­գա­ցած էր Հո­լո­քոս­տի ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը՝ որ­պէս գի­տա­ճիւղ, եւ Վա­հագն Տատ­րեա­նը ա­ռա­ջինն էր, որ փոր­ձեց ՙՀա­մե­մա­տա­կան Ցե­ղաս­պա­նա­գի­տու­թեան՚  մի­ջո­ցաւ նաեւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը մտցնել այդ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու դաշտ եւ՝ յա­ջո­ղե­ցաւ։ Իր ջան­քե­րուն շնոր­հիւ է, որ մենք այ­սօր կրնանք ը­սել, թէ՝ գո­նէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը ան­վի­ճե­լի է, այ­սինքն՝ ոչ ոք կաս­կա­ծի տակ կը դնէ Հա­յոց Մեծ Ե­ղեռ­նի՝ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը»։

Վա­հագն Տատ­րեա­նի ջան­քե­րով Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը յու­զա­կան շղար­շէն դուրս ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ՝ որ­պէս գի­տա­կան, փաս­տագ­րա­կան ստոյգ, չոր ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու վրայ հիմ­նո­ւած կա­բի­տալ, ա­սա­կան գոր­ծեր, ո­րոնք  մե­ծա­գոյն ներդ­րու­մը դար­ձան հայ ցե­ղաս­պա­նա­գի­տու­թեան մէջ։ Ան կրցաւ այն­պի­սի մթնո­լորտ մը ստեղ­ծել այդ գի­տու­թեան մէջ՝ զայն օժ­տե­լով գի­տա­կան ան­հեր­քե­լիու­թեան այդ­քան կա­րե­ւոր յատ­կա­նի­շով։

Մե­ծա­նուն գիտ­նա­կա­նը իր նապա­տակ­նե­րուն մա­սին ը­սած է․ ՙՆա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը ան­թա­ռամ պէտք է մնայ։ Միակ նպա­տակս՝ իմ գոր­ծե­րովս հայ նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նելն է։ Ի­րա­ւունք չու­նինք մոռ­նա­լու՚։

Ցե­ղաս­պա­նա­գի­տու­թեան տե­սան­կիւ­նէն յատ­կա­պէս ար­ժէ­քա­ւոր կը հա­մա­րո­ւին Վա­հագն Տատ­րեա­նի ՙՀայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը խորհր­դա­յին եւ պատ­մա­գի­տա­կան քննար­կում­նե­րով՚ խո­րա­գի­րը կրող 1995-ին հրա­տար­կո­ւած հա­յե­րէն աշ­խա­տու­թիւ­նը,  ՙՀա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մէջ Գեր­մա­նա­կան Պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ Պատ­մա­կան Ա­պա­ցոյ­ցի Ստու­գա­բա­նու­թիւն՚  վեր­նա­գի­րը կրող անգ­լե­րէն աշ­խա­տու­թիւ­նը (1996) եւ 1998-ին անգ­լե­րէ­նով հրա­տա­րա­կո­ւածՙ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ե­րաշ­խի­քը։ Թուրք-հայ­կա­կան Հա­կա­մար­տու­թեան Գլխա­ւոր Բա­ղադ­րա­տար­րեր՚ խո­րա­գի­րով մե­նագ­րու­թիւն­նե­րը։

Մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի պարունակին մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վեր­լու­ծու­թեա­ն նո­ւի­րո­ւած է ՙ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը Որ­պէս Ազ­գա­յին եւ Մի­ջազ­գա­յին Իրա­ւուն­քի Հիմ­նա­հարց։ Հայ­կա­կան Հար­ցը Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի տա­րի­նե­րուն եւ ա­նոր նկատ­մամբ ժա­մա­նա­կա­կից ի­րա­ւա­կան վե­րա­բեր­մուն­քը՚ 1989-ին հրա­տա­րա­կո­ւած անգ­լե­րէն աշ­խա­տու­թիւ­նը։

Վա­հագն Տատ­րեան պար­գե­ւատ­րուծ է շարք մը մե­տալ­նե­րով, ա­նոնց­մէ կը յի­շենք՝ ՀՀ ­Մով­սէս Խո­րե­նա­ցիի եւ Սուրբ Սա­հակ, Սուրբ Մաշ­տոց մե­տալ­նե­րով, ՀՀ ­նա­խա­գա­հի ոս­կէ մե­տա­լով, ինչ­պէս նաեւ՝ Հար­վըր­տի հա­մալ­սա­րա­նի ՙՎե­րի­տաս՚ ոս­կէ մե­տա­լով, Ցե­ղաս­պա­նա­գէտ գիտ­նա­կան­նե­րու մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէի Ֆրի­տէոֆ Նան­սէ­նի ոս­կէ յու­շա­մե­տա­լով։

(Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Տի­րուկ Մար­գա­րեան Կա­րա­պե­տեան)