Թալին Քաղաքին Մէջ Բացուեցաւ Հայաստանի Մեծագոյն Արեւային Կայանը


«Նիուզ»․- Նոյեմբեր 7ին  Արագածոտնի մարզի Թալին քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի ամէնէն մեծ՝ 1 մեկաուաթ հզօրութեամբ «Թալին-1» արեւային կայանը։ Այս եզակի նախագիծը արտադրական ծաւալով եւ հնարաւորութիւններով կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի արեւային ուժանիւթի, բնապահպանութեան եւ տնտեսական զարգացման ոլորտներուն համար:

Նախագիծը իրականացուած է հայաստանցի ներդրողներու խումբի (Էդուարդ Մարութեան, Արայիկ Կարապետեան, Զաւէն Սարգսեան եւ Հայկ Չօբանեան) միջոցներով եւ համաֆինանսաւորուած է Գերմանահայկական հիմնադրամի եւ KFW դրամատան կողմէ:

Արեւային կայանի բացման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

Opening ceremony of the largest solar power plant in Armenia ‘ Talin-1’ took place in Talin, Aragatsotn Province