Թամար Հայթայեան Արմէնի Լուսանկարներու Ցուցահանդէս


                                                                 Թամար Հայթայեան Արմէնի լուսանկարներէն նմոյշ մը:

Կարին Սաղտըճեան


Գանատահայ լուսանկարիչ Թամար Հայթայեան Արմէնի Վանգուվըրի արեւելեան թաղամասի առօրեան նկարագրող (Edges of East Van) ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 11ին, Վանգուվըրի Drive Coffee Bar-ին մէջ:

Ցուցահանդէսը, որ բաց է Ապրիլ 1էն 30, կը ներկայացնէ Վանգուվըրի խայտաբղէտ արեւելեան թաղամասէն առնուած պատկերներ։

Comercial Drive Վանգուվըրի արեւելեան այն շրջանն է, ուր օթեւանած են գաղթականներ՝ Իտալիայէն, Չինաստանէն, Ափրիկէէն, Պրազիլէն եւ աշխարհի այլ անկիւններէ եկած մարդիկ: Այնտեղ ձեւաւորուած են նաեւ քաղաքի քաղաքական, հասարակական եւ բնապահպանութեան շարժումներ:

«Ես նպատակ ունէի որսալ այդ գեղեցկութիւնը, զոր կը հանդիպինք մեր առօրեայ կեանքին մէջ, յատկապէս պատահական վայրեր եւ իրեր, որոնք կրնան ինչ որ մէկու համար շատ բան նշանակել», կ՛ըսէ ան, աւելցնելով՝ «կեանքը կ՛անցնի եւ պահերը կ՛անցնին. այս ծրագիրով կը փորձեմ որսալ աննկատ, նուրբ ու գեղեցիկ բաները, որոնք կը կազմուին մեր առօրեայ բնապատկերին  մէջ եւ որոնց մեծ մասը կ՛անհետանան աննշմարելիօրէն», կը նշէ Թամար այս առիթով պատրաստուած թղթիկի մը մէջ։

Թամար Հայթայեանի Արմէնի լուսանկարչական մեքենան անթերիօրէն «կը վաւերագրէ տարածքի նկարագիրը․ անոր տարօրինակութիւնը, անոր քմահաճութիւնը, ազնուութիւնը, մթութիւնը եւ յարատեւ փոփոխութիւնը», կ՛ըսէ լրագրող եւ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Համալսարանի (UBC) դասախօս Ճենիֆըր Վան Էվրա:

«Լուսանկարներէն մարդիկ բացակայ են, սակայն անոնց ներկայութեան արձագանգը կը զգացուի», կը բացատրէ ան:

Թամարի ոսպնեակը կը հանդիպի առօրեայ կեանքի երեւոյթներու՝ անոնց տալով նաեւ գեղագիտական նկարագիր․ ներկուած անշարժ գոյքի վաճառքի ցուցանակը օդամաշ տնակին առջեւ հետաքրքրական մեկնաբանութիւն կը ստանայ։ Կրօնական կերպար մը զետեղուած է փոքրիկ եղեւնիի տնակի մը մէջ։ Պատուհանի մը թափանցիկ վարագոյրը հետաքրքրութիւն կ՛առթէ միւս կողմին մասին։ Կին մը կը նայի աղբամանին՝ ներկուած Ազատութեան Արձանին հայեացքին ներքոյ։ Ազատօրէն գեղագծուած հին տան մը կառատունը կը վերածուի արուեստի գործի, եւ այսպէս…: Թամարի լուսանկարներուն մէկ այլ գեղեցիկ տարրը՝ գեղեցկօրէն լուսանկարուած լոյսի եւ շուքի առկայութիւնն է: Արեւմարի ինկած շուքը տան մը վրայ կը ստեղծէ թափանցիկ եւ մելամաղձոտ մթնոլորտ, իսկ երբեմն կը յուշէ՝ առօրեայ եռուզեռին խաղաղ աւարտը:

Անոր պրիսմակը առօրեայ կեանքի պատրանքը կը նկարէ՝ անոր ներկայութիւնն ու յարափոփոխութիւնը՝ թախծագին մթնոլորտ ստեղծելով:

Մինչ Վանգուվըր կը զարգանայ, անոր արեւելեան թաղամասը հետզհետէ կը կորսնցնէ իր խայտաբղէտութիւնն եւ առանձնայատկութիւնները: «Օր մը այնտեղ ալ պիտի չըլլան նրբանցքին մէջ ժանգոտող բեռնակառքը, կամ կէտաւոր կճածեփ տուները կամ graffiti-ով ծածկուած կառատուները…», կ՛ըսէ Վան Էվրա:

«Հայթայեանի ուշագրաւ լուսանկարները կը ցուցակագրեն այն փոքր եւ մեծ փոփոխութիւններ եւ մեզ բոլորս կը ներգրաւեն անդրադառնելու անոր», կ՛աւելցնէ ան:

Թամար Հայթայեան Արմէն լուսանկարչութիւն ուսանած է Անգլիոյ Bournemouth and Poole արուեստի եւ ձեւաւորման քոլեճին մէջ: Անոր աշխատանքը կ՛երկարի 28 տարիներու վրայ:  Ան կը շարունակէ աշխատիլ քանի մը նախագիծերու վրայ, որոնցմէ մէկը այս ցուցահանդէսն է: