Թաներ Աքչամի Նոր Բացայայտումը


«Ասպարէզ»․- Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին՝ «Քլարք» համալսարանի դասախօս, թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին մէջ յայտնաբերած է արժեքաւոր փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն թրքական պետութեան մեղաւորութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ: Խօսքը կը վերաբերի այն հեռագիրին, որուն հիմամբ Պեհաէտտին Շաքիրի դէմ դատավճիռ արձակուած է: Ապա, այլ փաստաթուղթերու նման անհետացած է արխիւներէն՝ ստիպելով հետազօտողներուն յոյսը դնել միայն օսմանեան պաշտօնաթերթերու ամփոփումներուն վրայ:

Թուրք պատմաբանը յոյս ունի հաւաքագրելու բոլոր անհետացած ապացոյցները եւ փաստ առ փաստ ներկայացնելու զանոնք՝ ընդդէմ Թուրքիոյ ժխտողականութեան: «Իմ խորին համոզումը իբրեւ թուրք այն է, որ ժողովրդավարութիւնն ու մարդու իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ կրնան հաստատուիլ միայն պատմութեան առերեսուելով եւ պատմական մեղքերը ճանչնալով», ըսած է Աքչամ: