«Թատրոնի Համաշխարհային Օր»ը Դարձեալ Ի Մի Բերաւ Հալէպահայ Թատերախումբը


Լեւոն Շառոյեան


Այս օրերուն մշակութային բաւական աշխոյժ առօրեայ մը կ՛ապրի Հալէպը:

Հայ գաղութին գլխաւոր միութիւնները, որոնք եօթնամեայ պատերազմին ընթացքին իսկ չէին կասեցուցած իրենց գործունէութիւնը, հիմա ցոյց կու տան աւելի եռուն պատկեր մը:

Ձեռնարկները կը յաջորդեն մէկը միւսին, նոյնիսկ կը խաչաձեւեն զիրար: Զորօրինակ, Կրթասիրացի «Առնօ Պապաճանեան» երգչախումբը տուաւ համերգ մը, Համազգայինի գրական յանձնախումբը կատարեց պատերազմի տարիներու գրական-մշակութային մէկ վերաքաղը, ՀՄԸՄը ցուցահանդէս մը բացաւ իր 100ամեակին առիթով, ՀԲԸՄի տիկնանց մարմինը զրոյց մը սարքեց «Հայ կնոջ դեր»ը քննարկելով, «Գանձասար» շաբաթաթերթը շնորհահանդէս մը կազմակերպեց իր ամանորեայ բացառիկը ծանօթացնելով հանրութեան, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը հանդիսաւորարապէս տօնախմբեց «Մայրերու օր»ը:

Նոյնիսկ փոքրաթիւ միութիւնները անմասն չմնացին այս եռուզեռէն: Անոնք ալ, գէթ, Ծաղկազարդի առթիւ «հացկերոյթ» կազմակերպեցին, ուզեցին վերահաւաքել իրենց քայքայուած ուժերը…։

Այս բոլոր ձեռնարկներուն քովն ի վեր, Երեքշաբթի, 27 Մարտին, հալէպահայ թատերախումբերը քով քովի գալով՝ նշեցին «Թատրոնի համաշխարհային օր»ը:

Արդարեւ, Աւագ Երեքշաբթի երեկոյեան, ՀԲԸՄի «Նազարեան» հանդիսասրահին բեմահարթակը դարձեալ ծաղկեցաւ՝ գնահատելի գործակցութեամբը հալէպահայ չորս թատերախումբերու, որոնք սքանչելի յայտագիր մը ներկայացուցին սրահը լեցնող հոծ բազմութեան, վայելչօրէն ապրեցնելով թատերական տոհմիկ աւանդութիւն մը, որ կրնայ պատիւ բերել որեւէ քաղաքակրթեալ հաւաքականութեան:

Շուրջ երկու ժամ՝ մեր աչքերը յառած պահեցինք բեմին, մէկ կողմէ սքանչանալով մեզի հրամցուած թատերական պատկերներուն վրայ, միւս կողմէ ալ, մեր աչքին ծայրով՝ գաղտնօրէն, մերթ ընդ մերթ նայելով մեր կողքին նստող բեմադրիչ Գրիգոր Քէլէշին, որուն մտայղացումն ու իրագործումն էր ամբողջ յայտագիրը:

Յայտնի էր, որ հալէպաբնակ մեր այս վաստակաւոր բեմադրիչը գոհ էր իր աշխատանքին պտուղէն, ինչպէս գոհ էր ամբողջ սրահը:

Ձեռնարկին մայր միջուկը Յակոբ Պարոնեանի նշանաւոր «Պաղտասար Աղբար»ն էր, որմէ ընդարձակ հատուած մը բեմադրուեցաւ խիստ տպաւորիչ խաղարկութեամբ:

Ինչպէս ծանօթ է, Պարոնեանի այս գործը կը խօսի ամուսնական անհաւատարմութեան մը մասին, որուն զոհն է միամիտ ու պատուախնդիր մարդ մը՝ Պաղտասար աղբար: Դերակատարները, Արմէն Ստամպուլեանի գլխաւորութեամբ (որ մարմնացուց Պաղտասարը՝ բացառիկ վարպետութեամբ ու աւելի քան հարազատ նմանողութեամբ), մեզ տարին դէպի Պոլիս ու պոլսական բարքերուն եւ բարբառին ընդմէջէն բարոյական դասեր փոխանցեցին: Քաշքշուքները՝ ընդմէջ Պաղտասար աղբարին ու ազգային Դատաստանական խորհուրդի անդամներուն, մերթ խնդացուցին մեզ, մերթ մղեցին անդրադարձումներու: Միշտ մտածեցինք, թէ գրեթէ բան չէ փոխուած մեր ազգային յոռի բարքերուն ու անհատական դաւերուն մէջ՝ Պարոնեանի օրերէն ցայսօր…։ Անմա՜հ Պարոնեան:

Թատերախաղին մէջ դերեր ստանձնած էին նաեւ Կարօ Մուպահեաճեան, Նազօ Մարգարեան, Հրաչ Իսկէնեան, Շահէ Աւագեան, Յովիկ Քէշիշեան, Վանա Արուշեան, Նանոր Քէլէշեան, Զեփիւռ Նալպանտեան եւ Երան Պալգէորգեան:

Ձեռնարկը ունեցաւ թատերական գիտելիքներու փոխանցման բաժին մըն ալ, որ օգտակար էր ու կը համեմէր մթնոլորտը:

Այնուհետեւ, իբրեւ Բ. խաղարկութիւն, ներկայացուեցաւ «Ծաղրածուն» խորագրեալ թատերական կարճ պատկերը, որուն երկու դերակատարներն էին Շանթ Փիլաւճեան (բժիշկի դերով) եւ Գրիգոր Հալլաճեան (հիւանդի դերով): Խորիմաստ պատկեր մըն ալ ա՛յս էր, թելադրական միջուկով ու անակնկալ վերջաւորութեամբ:

Ճորճ Դաւիթեան, որ հալէպահայ թատրոնի նուիրեալներէն մէկն է, խանդավառ խօսքերով եզրափակեց ձեռնարկը: 

(Յապաւուած)