Թարգմանչաց Տօնը Նշուեցաւ Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանէն Ներս


 «Գանձասար»․- Հայ դպրոցի իւրաքանչիւր օր Թարգմանչաց տօն է: Որովհետեւ այս տօնը  ե՛ւ հայ ուսուցիչի, ե՛ւ հայ աշակերտի, ե՛ւ հայ դպրոցի տօնն է: Այս տօնը, յատկապէս հայերէն դասապահով,  աւելի քան հազար վեց հարիւր տարիէ ի վեր կ’ապրի իբրեւ ամէնօրեայ  հայաշունչ ու հայակերտ, ստեղծարար ծիսակատարութիւն:

Տօնը Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց  Ճեմարանին մէջ  յիշատակուեցաւ մանկապարտէզէն մինչեւ վերջին դասարան, եւ  չսահմանափակուեցաւ միայն մէկ օրուան մէջ, այլ  երկարեցաւ  մինչեւ ամսուան վերջը:

Մանկապարտէզի աշակերտութիւնը  տօնը յիշատակեց մանկական խանդավառութեամբ: Հետաքրքրական եւ պարզ ձեւով տօնին նախորդած Ուրբաթ օրը, մանուկներուն բացատրուեցաւ Այբուբենի կարեւորութիւնը: Անոնք արտասանեցին մայրենի լեզուին մասին իրենց սորված քերթուածները  եւ այդ օր հպարտօրէն իրենց կուրծքին կրեցին Ս.  Մեսրոպ Մաշտոցի նկարը:

Նախակրթարանի աշակերտութիւնը հաւաքաբար յիշատակեց տօնը «Սարդարապատ» սրահէն ներս:  Սահիկներու  միջոցով անոնց  ներկայացուեցաւ եւ բացատրուեցաւ  Թարգմանչացի պատմութիւնը` Գիրերու գիւտէն սկսեալ: Աշակերտները մեծապէս տպաւորուած`  հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ լեզուի մասին երգեր երգելով:

Վեցերորդ կարգի աշակերտները  պատրաստեցին պատի թերթ, որուն մէջ արձանագրեցին հայ լեզուի մասին իրենց սեփական մտածումները, եւ նկարներ գծեցին:

Նոյն տօնին առիթով նախակրթարանի աշակերտները պատրաստեցին օրուան պատշաճ թատրոն եւ զայն ներկայացուցին Համազգայինի  «Համօ  Օհանջանեան» Մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած  Թարգմանչացի նուիրուած աշակերտական հանդիսութեան ընթացքին:

Եօթերորդ եւ ութերորդ  դասարանները տօնը յիշատակեցին ընթերցանութեան եւ «Հայերէնը անսխալ  գրենք» վերնագրով մրցումներով: Անոնք այսպիսով  գործնականապէս ըմբռնեցին Թարգմանչաց տօնին իմաստն ու այժմէականութիւնը: Երկու դասարաններուն ալ առաջնակարգ  երեք աշակերտները յաջորդաբար  ստացան  պատւոյ գիր, գնահատագիր եւ խրախուսագիր:

Ութերորդ կարգի աշակերտները Թարգմանչացի  ոգիին ու պատգամին  հաղորդակից դարձան նաեւ Վահան Թէքէեանի «Հայ լեզուն» բանաստեղծութեամբ: Անոնք դիւրութեամբ ըմբռնեցին  եւ խորապէս հասկցան այս բանաստեղծութիւնը, այն  պատճառով  որ բանաստեղծը Հայ լեզուին մասին իր բոլոր համեմատութիւնները քաղած է պարտէզէն: Աշակերտները եռանդով ու հաճոյքով  քանի մը դասապահերու ընթացքին եւ մրցակցային մթնոլորտի մէջ անգիր սորվեցան բանաստեղծութիւնը եւ  ապա զայն հաւաքաբար արտասանեցին Ճեմարանի պարտէզին մէջ:

Երկրորդականի երեք դասարանները այլ կերպ յիշաատակեցին այս  տօնը:  Անոնց մօտեցումը եղաւ աւելի քննական եւ վերլուծական: Ժ. կարգը ծանօթացաւ  Ե. դարու թարգմանչաց սերունդի  վաստակին, տեսաւ  անոնց երկերը, հիացաւ  անոնց իմացական խիզախութեամբ ու գնահատեց անոնց տքնաջան աշխատանքը:

Երեք դասարաններուն մէջ ալ ընթացան զրոյցներ` Արեւմտահայերէնի ներկայ վիճակին եւ անոր ապագային շուրջ: Աշակերտները անկաշկանդ արտայայտեցին իրենց կարծիքը Հայ լեզուի նահանջի պատճառներուն, հայերէն դասագիրքերուն եւ հայ աշակերտի պարտաւորութիւններուն մասին: Իրե’նք դրին նիւթին առնչուող հարցերը, իրե’նք տուին այդ հարցերուն պատճառները եւ իրե’նք գտան իրենց իսկ դրած հարցումներուն պատասխանները: Զրոյցներու աւարտին, դասարանները առանձնաբար գրեցին դասարանային թատրոն` արծարծելով հայ լեզուի մարտահրաւէրները, շեշտը դնելով անոնց դէմ հայ աշակերտի իրենց գիտակից պատասխանատուութեան վրայ: