Թէյասեղան` ՀՕՄի Հասութային Հիմնադրամին Ի Խնդիր


Թամար Մաթոսեան կը վարէ ՀՕՄի յետմիջօրէի-թէյասեղան ձեռնարկը

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»- Հոկտեմբեր 21ի յետմիջօրէին վայելուչ ՀՕՄուհիներ եւ համակիր տինկայք Թորոնթոյի պատմական Donalda Clubին մէջ հաճելի յետմիջօրէ մը անցուցին՝ ճաշակով զարդարուած թէյասեղաններու շուրջ:

ՀՕՄի Տեսլական 2020 յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած հաւաքին նպատակը հաճելի ընկերային պահ մը ստեղծելու կողքին, Հայ Օգնութեան Միութեան Հասութային Հիմնադրամին (Endowment Fund) ի նպաստ հանգանակութիւնն էր:

ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան Հասութային Հիմնադրամը կը նպատակադրէ ֆինանսաւորել Միութեան գոյութիւն ունեցող ծրագիրները, ինչպէս նաեւ ընդլայնել անոր մշակութային եւ կրթական նոր նախաձեռնութիւնները: Հիմնադրամը արդէն իսկ գոյացուցած է 2.5 միլիոնի գումար մը, իսկ նպատակն է մինչեւ 2020ին այդ գումարը հասցնել հինգ միլիոնի՝ տարբեր տեսակի հանգանակային ձեռնարկներու միջոցով:

Մենակատարող Մինէ Ծատուրեան

ՇՇուրջ 150 տիկիններու կողքին, ներկայ էին նաեւ ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւոր տիկ. Արմենուհի Քոլոլեան, կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Արփի Պապիկեան, ՀՕՄի Տեսլական 2020 յանձնախումբի ատենապետ Նայիրի Շահինեան, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վարսենիկ Սարգիսեան եւ ՀՕՄի շրջաններու վարչութեանց անդամներ:

Թէյասեղանին շուրջ նստած զրոյցի եւ ժամանցի հաճելի ժամեր անցնող ՀՕՄուհիներուն ուրախութիւնը ամբողջական չէր սակայն: Արդարեւ, սեղան մը կը մնար պարապ. այնտեղ պիտի ըլլային հարազատները քանի մը օր առաջ կեանքէ հեռացած ՀՕՄուհի Նատիա Թաթիկեանի, որ իր վաղահաս բաժանումով վիշտի մէջ ձգած էր իր մեծ ընտանիքը եւ մեծ բաց մը՝ գաղութին մէջ:

Հանդիսավար Թամար Մաթոսեան յիշեցուց ձեռնարկին կարեւոր նպատակը՝ սատարելու Հասութային Հիմնադրամին, ապա ներկայացուց օրուան հիւր խօսնակը՝ թէյասեղանի վարպետ Մարիլին Միրապելլին, որ թէյի աշխարհի իր հմուտ տեղեկութիւներով բացատրութիւններ տուաւ այս էապէս անգլիական ըմպելիքին մասին: Ապա ան սեղանները շրջեցաւ տարբեր տեսակի թէյեր ըմբոշխնողներուն յաւելեալ հարցերուն պատասխանելու համար:

Հաւաքին ընթացքին հնչեց նաեւ գեղեցիկ երաժշտութիւն. երիտասարդ մեներգիչ Մինէ Ծատուրեան հոգեհարազատօրէն մեկնաբանեց «Տուն Իմ Հայրենի» եւ «Pardonne- Moi» երգերը՝ մթնոլորտը աւելի մտերմիկ դարձնելով:

Զուգահեռ՝ տեղի ունեցաւ նաեւ լուռ աճուրդ, ուր ցուցադրուած էին բազմաթիւ արժէքաւոր պարգեւներ:

Ձեռնարկը ծառայեց իր նպատակին ե՛ւ հաճելի ժամանց ստեղծելով ներկաներուն համար եւ մօտ 20,000 տոլար գումար մը գոյացնելով ՀՕՄի բազմազան ծրագիրներուն համար:

Թէյասեղանին մասնակցող խումբ մը ՀՕՄուհիներ