Թիլըրսըն Կ՛ուզէ Արցախի Մէջ Ականազերծման Աշխատանքները Արագօրէն Ամբողջացնել


Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Հոկտեմբեր 3ին յայտարարած է, որ նեցուկ կը կանգնի Արցախի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով քոնկրեսականներ Էտ Ռոյսի եւ Էիլիըթ Էնկըլի առաջարկներուն, որոնց գլխաւոր նպատակն է արձակազէնները հեռացնել Արցախի սահմաններէն, սահմանային հսկողութիւնը խստացնել եւ նախայարձակ կողմը յստակօրէն բացայայտող սարքեր տեղադրել։

Թիլըրսըն նաեւ յայտարարած է, որ նեցուկ կը կանգնի Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքները՝ «ամենաարագ եւ ամբողջական ձեւով» իրականացնելու ջանքերուն։ Յայտնելով, որ Ուաշինկթըն ցարդ 45 միլիոն տոլար տրամադրած է Արցախի տագնապի զոհերուն՝ ան աւելցուցած է, թէ նախարարութիւնը կը քննէ Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներ կատարող «Հէյլօ Թրաս»ին յաւելեալ գումարներ տրամադրելու առաջարկը։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց նախարարին սոյն յայտարարութիւնները, որոնք կատարուած էին ի պատասխան քոնկրեսականներ Տէյվիտ Սիսիլինի եւ Պրետ Շըրմընի հարցումներուն։