Թորոնթոհայութիւնը Առցանց Նշեց Հայաստանի Անկախութեան Ու ՀՄԸՄի Հիմնադրութեան 103-րդ Ամեակները


Տօնական տրամադրութիւններէ ամբողջովին հեռու, մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար օրհասական պայմաններու մէջ, 28 Մայիս 2021-ին, Թորոնթոհայութիւնը առցանց նշեց Հայաստանի Անկախութեան ու Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 103-րդ ամեակները։

Ձեռնարկը հովանաւորուած էր ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» Կոմիտէութեան եւ կազմակերպուած՝ ՀՄԸՄ Թորոնթոյի կառոյցին կողմէ:

ՀՄԸՄ Թորոնթոյի խօսքը փոխանցեց Սեւան Հաճիարթինեան, որ ըսաւ թէ այսօր «գեղեցիկ զուգադիպութիւն է եւ պատիւ՝ ՀՄԸՄի հիմնադրութիւնը տօնել Հայաստանի ԱՆկախութեան առընթեր, որովհետեւ մեծ է ու գերգնահատելի՝ 103-ամեայ ՀՄԸՄին ունեցած դերակատարութիւնը` ոչ միայն սկաուտական եւ մարմնակրթութեան կռուան ըլլալու մէջ, այլ նաեւ 103 տարի շարունակ հայապահպանումի եւ հայ անհատի ֆիզիքական եւ բարոյական դաստիարակութիւն ջամբելու, Եռագոյն դրօշն ու հայրենիքի սէրը եւ ամէն գնով ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը պահպանելու իրերայաջորդ սերունդներուն հոգիներուն մէջ»:

Հաճիարթինեան յուշեց, որ ծառայութեան ճամբուն վրայ ՀՄԸՄ Հայաստանին ներկայացուցած է իր լաւագոյն տարրերը, որոնք կը յաջողէին գաղթական, որբ ու թշուառ պատանիներէն ստեղծել «Կամաւոր բանակ» մը հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ։ Արցախեան վերջին գոյապայքարին ՀՄԸՄի «Կամաւոր բանակ»ը դարձեա՛լ պատնէշի վրայ էր եւ տուաւ 12 նահատակներ, որոնց յիշատակին 12 ծառեր տնկուեցան ՀՄԸՄի բիւրականի բանակավայրին մէջ։

ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» Կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Տոքթ. Խաժակ Գուլաճեան: Ան իր խօսքին մէջ նեշեց, որ «103 տարիներուն մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձը կը նշենք ոչ տօնական եւ ոչ յաղթական տրամադրոթեամբ․․․։ 103 տարի առաջ արիւնով ձեռք բերուած եւ մեզի ժառանգ մնացած փոքրիկ Հայաստանը բախտորոշ վիճակի մէջ է այսօր։ Ազատագրուած Արցախը գերի է թշնամիին՝ անձնատուական վատ համաձայնագիրի մը հետեւանքով, Սիւնիքը նոյն ճակատագրին ենթարկուելու ընթացքին մէջ է։ Արամ Մանուկեանի եւ Դաշնակցութեան հիմնած պետականութիւնը վտանգուած է եւ օր ըստ օրէ գահավիժումի ընթացքի մէջ է այնքան ատեն, որ հայրենատիրութիւն կատարելու անկակող այս իշխանութիւնները չեն հեռացած քաղակական բեմէն․․․»։

Ան վստահեցուց, որ Մենք անիրականալի ժամանակներու մէջ կրցանք կերտել Մայիս 28-ը։ Յաղթանակ տարած, Մայիս 28 կերտած Հայ ժողովուրդը կրնայ այսօր իր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարել իր ուժերով, իր միասնակամութեամբ, իր յարատեւ պայքարի ոգիով։

Ապա, Ազգային եւ Յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան Սերոբ Յակոբեան, Յարութ Պետրոսեան, Յարութ Զէնեան եւ Յովիկ Մանուշեան, նուագակցութեամբ՝ Վրէժ Ղազարեանի, Գէորգ Մանուկեան եւ Յովիկ Կարապետեանի:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Սարդարապատ Յաղթերգով

 

ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» Կոմիտէի

Տեղեկատուական Մարմին

 

Առցանց տօնակատարութիւնը ամբողջութեամբ կրնաք դիրել սեղմելով այստեղ։

Նշենք նաեւ, որ Մայիս 30-ին՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով Թորոնթոյի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին Հայց. Ա­ռաք. Ե­կե­ղեց­ւոյ ­մէջ տեղի ունեցաւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն եւ Թոթոնթոյի Հայ կեդրոնի շրջափակին մէջ Դրօշակի Արարողութիւն։

Տօնակատարութենէն պատկերներ