Թորոնթոհայ Ալպերդ Աճեմեանի Հարիւր Քիլոմեթր Վազքի Ճանապարհով Իրականացուցած Բարեգործական Յաջողութեան Ուղին


Ալպերդ Աճեմեան Հարիւր Քիլոմեթր Վազքի ժամանակ

Երուսաղէմ ծնած եւ քսան տարեկանին Թորոնթօ հաստատուած մեր հայրենակից Ալպերդ Աճեմեան սկսած է վազել 10 տարիներ առաջ, ապա՝ սիրահարելով վազքին ու մասնագիտանալով այդ ոլորտին մէջ աւարտած է իր առաջին Ultramarathon-ը 2020-ին՝ միշտ նպատակ ունենալով յաղթահարելու 100 Քիլոմեթրի Վազքի  մարտահրաւէրը, ի մասնաւորի բարեգործական նպատակով, աջակից դառնալու Թորոնթոյի  SickKids հիւանդանոցի երեխաներուն բուժման։

«York Mills Runners» խումբի ղեկավար, North York-ի բնակիչ Ալպերդ Աճեմեան, ամիսներով ծրագրելէ, յարատեւ մարզուելէ ու դրամահաւաք իրականացնելէ ետք, յաղթահարած է 100 Քիլոմեթրի Վազքի մարտահրաւէրը ընդամէնը 13 ժամուան մէջ եւ հաւաքած է գրեթէ 6000 ԱՄՆ տոլար, ու այդ գումարը նուիրած է SickKids հիւանդանոցի՝ հետազօտութիւններ եւ ժամանակակից սարքաւորումներ ֆինանսաւորող հիմնադրամին։

«Մի քանի ընկերներուս զաւակները SickKids հիւանդանոցի մէջ բուժում ստանալէ ետք, որոշեցի օգնել այս բարեգործական հիմնադրամին, որովհետեւ կը հաւատամ, որ այս իմ առած քայլովս դրական փոփոխութիւն պիտի բերեմ այս հիմնադրամին։ Ես մեծ երախտագիտութիւն ունիմ հիւանդանոցի հիանալի անձնակազմին, այսինքն՝ իսկական հերոսներուն, որոնք օր ու գիշեր քրտնաջան կ’աշխատին հիւանդ երեխաներու կեանքը բարելաւելու համար»,  կ’ըսէ Աճեմեան:

Աճեմեան, Երկրորդ Բաժակի Խաղարկութեան ընթացքին, իր վազքը սկսած է Մայիս 13-ի գիշերը՝ North York-էն հասնելով դէպի հարաւ-արեւելք Թորոնթոյի լողափերը, ապա արեւմուտք՝ Bathurst պողոտայէն հասնելով Harbourfront trail, իսկ վերջաւորութեան ուղղութիւն առած է դէպի հիւսիս՝ աւարտելու վազքը նոյն սկսած տեղէն, Մայիս 14-ին։ Աճեմեան նաեւ հասած է քաղաքի կեդրոնը եւ այցելած է SickKids հիւանդանոցը ու հոն նկարուած է անձնակազմին ու երեխաներուն հետ։

Տասը տարիներ առաջ իր ընկերոջ՝ Սամ Մանուկեանի հետ վազելու սկսած եւ ապա բարեգործական նպատակով, իր այս ուղին շարունակած մարզիկը կ’ըսէ, թէ չէր կրնար իրականացնել իր մարտահրաւէրը առանց իր ղեկավարած խումբին, իր ընտանիքին եւ ի մասնաւորի իր ընկերոջ՝ Օսման Վէյսիի աջակցութեան, որ իր կողքին էր 100 քիլօմեթրի  իւրաքանչիւր քայլափոխին, որպէսզի այս ծրագիրը յաջողութեամբ հասնի աւարտին։ Աճեմեան եւ Օսման Վէյսի տարիներ առաջ ընկերներ դարձած են «York Mills Runners» խումբին միջոցով, որ ծանօթ է՝ YMR անունով:

Աճեմեան, անցեալ տարի եւս, կազմակերպած էր՝ «Run Around Clock» մարտահրաւէր վազքը, որուն շնորհիւ 5000 ԱՄՆ տոլար  նուիրած էր SickKids հիւանդանոցի հիմնադրամին:

Որոշ ժամանակ հանգստանալէ ետք, պիտի պատրաստուի նոր մարտահրաւէրներու մասնակցելու եւ յաջողութիւն արձանագրելով շարունակելու իր բարեգործական ուղին։ Ան ներկայիս նուիրած է 5,800 ԱՄՆ տոլար SickKids-ի այն հիմնադրամին, որ կը համագործակցի Գանատայի եւ ամբողջ աշխարհին հետ, որպէսզի բոլոր երեխաները իրենց արժանի յատուկ խնամքը ստանան:

Մեր ընթերցողներէն փափաքողներն ալ կրնան նուիրատուութիւն կատարել հիմնադրամին հետեւեալ յղումով՝

 Categories: The Scene Tags: albert ajemiancharity challengecity of torontoFeaturedHospital for Sick Childrennorth yorktoronto SickKidsYork Mills Runners