Թորոնթոհայ Երիտասարդ Արուեստագէտներ․ Սոփրանօ Երգչուհի Լին Անուշ Իշնար (Lynn Isnar)


Սոփրանօ երգչուհի Լին Անուշ Իշնար

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Թորոնթոյի հայ գաղութը հարուստ է երիտասարդ արուեստագէտներով, որոնք իրենց տաղանդով, արուեստով եւ անխոնջ աշխատանքով կրցած են բարձրունքներ նուաճել եւ  հայկական մշակոյթը ծանօթացնել օտարներուն։ Մեր տաղանդաշատ արուետագէտներէն, օփերայի սոփրանօ երգչուհի Լին Անուշ Իշնարին եւ անոր մասնագիտական բեղուն աշխատանքին պիտի ծանօթանանք այսօր եւ իրեն հետ քալենք անցեալէն այսօր երկարած յաջողութեան հետքերով։

 

Երաժշտական ոգեշնչումը, ուսման ուղին եւ պաշօնավարած վայրերը

Նախակրթարանի եւ երկրորդականի ուսման ժամանակ ձայնամարզութեան, դաշնամուրի եւ տեսութեան (theory) դասաւանդման հետեւած եմ The Royal Conservatory of Music-ի մէջ, մաս կազմած եմ The Canadian Children’s Opera Chorus-ին, ինչպէս նաեւ Ս․ Երրորդութեան եկեղեցւոյ մանկապատանեկան երգչախումբին։ Համալսարանական վկայականս ստացած եմ Թորոնթոյի Համալսարանէն՝ University of Toronto – Bachelor of Education & Bachelor of Music Glenn Gould School (the university associated with the Royal Conservatory of Music), ուրկէ վկայուած եմ արուեստագէտի կոչումով եւ պատրաստուած եմ որպէս երաժշտագէտ ուսուցչուհի։ Աշխատակցած եմ՝ Toronto Operetta Theatre-ի, Opera in Concert-ի, Toronto City Opera-ի, Opera York-ի, York Symphony-ի, Amici Chamber Ensemble-ի եւ Arts and Letters Club-ի։

Ելոյթներ եւ տեսերիզներ

Զանազան առիթներով ելոյթներ ունեցած եմ Թորոնթոյի մէջ, ինչպէս օրինակ՝ հայկական «Բարեւ» կազմակերպութեան, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի, Մխիթարեան Սանուց Միութեան եւ The Canadian Armenian Association of the Performing Arts (CAAPA)-ի կազմակերպած ելոյթներուն։ Մեներգած եմ Թորոնթոյի, Մոնթրէալի եւ Գերմանիոյ Պերլին քաղաքներուն մէջ։ Ունիմ նկարահանուած հինգ տեսերիզներ՝ Կոմիտաս Վարդապետի «Կռունկ»ը եւ «Քելէ՛, Քելէ՛»ն, Ա. Տիգրանեանի «Անուշ օփերայէն՝ «Ասում Են՝ Ուռին», Խաչատուր Աւետիսեանի՝ «Որտե՞ղ գտնեմ Քեզ»ը,  Համբարձում Պէրպէրեանի՝ «Անոր»ը։ Նախորդ յիշածներէս՝ «Կռունկ»ն ու «Ասում Են՝ Ուռին» տեսերիզները՝ տաղանդաշատ դաշնակահար Արթուն Միսքճեանի նուագակցութեամբ, նկարահանեցինք «քորոնա» ժահրի շրջանին։ Տեղին է յիշել, աշխարհահռչակ երգահան, երաժիշտ Սերուժ Գրաճեանի մշակումով ներկայացուած եւ նկարահանուած տեսերիզը, ուր երգեցի մեր անմահ երգահան Շառլ Ազնաւուրի «Երբ Սիրում Ես Ինձ» (Quand Tu M’aimes) երգը, ինչպէս նաեւ երաժիշտ, աքորտիոնի մասնագէտ  Michael Bridge-ին հետ կատարեցինք Գոհանի «Հալէլուիա»ն, ուր ես ալ Ուքուլէլէ ( ukulele) երժշտական գործիք նուագեցի։ 2019 Հոկտեմբերին, Koerner Hall at the Royal Conservatory of Music-ի մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտաս  Վարդապետի 150-ամեակին նուիրուած «Komitas: A Canadian Tribute» համերգը, ուր ելոյթ ունեցայ եւ երգեցի երաժիշտ Սերուժ Գրաճեանի՝ նուագախումբի համար գործիքաւորած եւ մշակած Կոմիտասի երգերը։ Տոմսերը սպառած համերգ մըն էր, որ ուղիղ եթերով հեռարձակուեցաւ երաժշտանոցի website-ին վրայ ու ամենէն շատ դիտումը ապահովեց ո՛չ միայն Գանատայի, այլ աշխարհի մաշտապով։

Երգերու մատուցման ոճը եւ օտարներուն դրական կարծիքները

Տարբեր լեզուներով երգած եմ եւ նախքան երգելս պրպտած եմ այդ երգերուն յօրինման պատմութինը եւ նախադասութիւններուն իմաստները, որպէսզի այդ երաժշտութիւնն ու բառերուն իմաստը երգեցողութեամբս հասցնեմ ունկնդրողին։ Հայերէն երգերու պարագային՝ ամբողջ զգայարանքներովս զգացած եմ այդ երգերուն բովանդակութիւնը, իւրաքանչիւր հնչիւնն ու տառը եւ այդ բեղուն զգացողութիւնը հասցուցած եմ ունկնդիրներուն եւ երգերովս խօսած եմ անոնց հոգիին հետ։ Ինքզինքս բախտաւոր կը համարեմ, որ աշխատակցած եմ հայ եւ օտար մասնագէտ երաժիշտներու հետ, որոնց հետ մասնագիտական ուղիս զարդարած եմ երաժշտական բարձր ճաշակով։ Օտար երաժիշտներ եւ ունկնդիրներ յաճախ սիրած եւ գնահատած են մեր արուեստը, որ երգերուս ընդմէջէն հասած է իրենց։ Amici Ensemble-ի հետ ունեցած ելոյթներուս ընթացքին նկատած եմ, որ «Young Voices Toronto», «Canadian Children’s Opera Company» եւ «Elmer Iseler Singers» երգչախումբերը հիացած են հայկական երգերով եւ ուզած են միշտ իրենց երգացանկին մէջ ներառել հայկական երգ մը։ Երաժիշտ Michael Bridge իր արձակած «Overture» ձայանասկաւառակին (CD) մէջ ներառեց իր իսկ մշակած Խաչատուր Աւետիսեանի «Ծաղկած Բալենի» երգը եւ յայտնեց, թէ իւրաքանչիւր օտար երաժիշտ եւ ունկնդիր հիացած է մեր «Ծաղկած Բալենի»ով։

Երազանքներ, փափաքներ

Տասնհինգ տարեկանիս ճամբորդած եմ Հայաստան եւ այդ օրէն ի վեր բուռն փափաքը ունեցած եմ օր մը Հայաստանի բեմերէն երգելու եւ ձայնս հասցնելու համայն հայութեան։ Յոյսով եմ, որ մօտիկ ապագային պիտի կարենամ իրականացնել այս փափաքս ու երազանքս։ Աշխատանքիս եւ մասնագիտութեանս ծիրէն ներս ջանք չեմ խնայեր՝ աւելի լաւին հասնելու ու լաւագոյնս կ’ընեմ երազանքներս իրականացնելու համար։

Ապագայի ծրագիրներ

Ճիշդ է, որ համավարակի պատճառով բոլոր ելոյթները չեղեալ նկատուեցան, սակայն մասնակցութիւնս բերի AGBU-ի կազմակերպած առցանց «Solidarity In Song» համերգին, ինչպէս նաեւ նախապէս յիշածիս պէս երկու տեսերիզներ նկարահանեցինք դաշնակահար Արթուն Միսքճեանի եւ կինոմատոգրաֆիստ Ադամ Գրիֆիթսի (Adam Griffith) աշխատանքներով եւ տակաւին պիտի շարունակենք իրականացնել նոր երգերու նկարահանումները ։

Պատգամ՝ երաժշտասէր նոր սերունդին

Յաջողութեամբ լի երաժշտական ճամբայ կերտելը մեծ աշխատանք կը պահանջէ` երաժշտասէր նոր սերունդներէն, հետեւաբար առանց յանձնուելու՝ աշխատասիրութեամբ փորձեր թող ընեն անոնք, ինչպէս նաեւ համերգներու եւ ելոյթներու ներկայ թող ըլլան եւ իրենց երաժշտական ճաշակը բիւրեղացնեն, որպէսզի նոր հորիզոններ յայտնաբերեն եւ յաջող երաժիշտներ դառնան։

Լին Անուշ Իշնարի կատարումներէն կրնաք դիտել «Կռունկ»ը հետեւեալ յղումներով՝

Website։ www.lynnisnar.com
https://www.youtube.com/watch?v=L_RhC4aOnPg&list=PLP79xC6hkB1iebYhbdCaAhq1TOvYQZ22W