Թորոնթոհայ Երիտասարդ Արուեստագէտներ. Երաժշտուհի-Երգահան-Երգչուհի Արմինիա Սարգիսեան


Երաժշտուհի-Երգահան-Երգչուհի Արմինիա Սարգիսեան

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արուեստագէտի սահման չճանչցող հոգին կը ստեղծագործէ ու նոր հնչիւններու երանգներով կը զարդարէ շրջապատն ու երաժշտասէր հանրութեան հոգիները։ Թորոնթոյի տաղանդաշատ արուետագէտներէն, երիտասարդ երգահան եւ երգչուհի Արմինիա Սարգիսեանի երաժշտական քայլերուն եւ իւրօրինակ արուեստին ծանօթանալով՝ պիտի նկատենք, թէ ինչպէս երաժշտուհիին աշխատանոցին մէջէն թեւ առած ու աշխարհով մէկ սփռուած բնօրինակ յօրինումներն ու արձանագրութիւնները երաժշտական օղակներու վերածուելով շրջանցած են սահմանները եւ կազմած են համահունչ երգերու շղթաներ։

Անցեալէն Այսօր Երկարող Երաժշտական Ուղին։

7 տարեկանիս դաշնակ նուագելու եւ երգելու դասեր սկսայ առնել, իսկ 15 տարեկանիս սկսայ յետեւողականօրէն երաժշտութեամբ առընչուիլ` միաժամանակ շարունակելով դասական ձայնամարզութեան եւ դաշնակի դասերս Royal Conservatory of Music-ի Helga Tucker ձայնամարզութեան ուսուցչուհիիս հետ: Առաջին գլխաւոր եւ մեծ բեմի կատարումս պատմական «Randolph Theatre»-ի մէջ էր, ուր Professional Musical-Theatre-ի երկու մասնագիտական արտադրութիւններուն գլխաւոր երգչուհին էի։ Երաժշտական թատրոնը ձգելէս ետք մարզուեցայ Jazz-ի երգեցողութեան ոլորտին մէջ եւ սկսայ արտադրել բնօրինակ (original) Rock երաժշտութիւն եւ երգել Թորոնթոյի շատ մը ծանօթ թատրոններու բեմերէն, ինչպէս՝ The Musideum եւ The Opera House։ Նաեւ The Flato Markham Theatre-ի մէջ, Horovel Folk Ensemble-ի հետ, չորս մենակատարներէն մին ըլլալով, կատարած եմ դասական երգահանդէսներ, Bloor Street-ի՝ Mazzoleni Concert Hall-ին, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի բազմաթիւ եկեղեցիներուն մէջ: Փոքր տարիքէս հպարտութեամբ մասնակցած եմ Թորոնթոյի հայ համայնքի՝ ՀՕՄի, ՀՄԸՄի յիշատակութեան ձեռնակներուն եւ Բարեգործականի ծրագիրներուն ու ձեռնարկներուն։ Երգած եմ Քայլերգները նոր դեսպաններուն եւ կամ քաղաքական անձնաւորութիւններուն նուիրուած։ Մասնակցած եմ Pomegranate Film Festival-ին, ուր երգած եմ Horovel Folk Ensemble-ի ղեկավար՝ Ճիւան Ստեփանեանի հետ։ Բազմիցս, հոս կամ այլ տեղեր, ուղիղ եթերով (live) մեներգած եմ Հայ համայնքին համար։ Վարդանանց տօնի յիշատակութեան առթիւ հոգեւոր եւ եկեղեցական տաղեր երգած եմ, ինչպէս նաեւ մեներգած եմ Թորոնթոյի Մխիթարեան Սանուց Միութեան իրագործած բազմաթիւ ձեռնարկներուն։ Երկու տարի առաջ յօրինած բնօրինակ ստեղծագործութեամբս հանդէս եկայ Հայկական Հիմնադրամի տարեկան հաւաքին, ուր Մայսթրօ Փիթըր Ունճեանն էր խօսնակը։

Արուեստանոցը, Ուր Կեանքի Կը Կոչուի Երաժշտական Աշխատանքը։

Գործս ձայնային շարադրում եւ ձայնագրութիւն է, ըստ երգ արտադրողներու պահանջքին երգերու բառեր եւ եղանակներ կը գրեմ, կ’երգեմ եւ զանոնք կ’արձանագրեմ: Վերջերս «Hallmark Christmas» շարժանկարին երաժշտութեան ձայնային բաժինները գրեցի եւ արձանագրեցի: Քանի մը շաբաթ առաջ աւարտեցի «Rock-Opera»-ի ձայնային բաժինները գրելու եւ արձանագրելու աշխատնքը: Ներկայիս կ’արձանագրեմ շուէտական պարի մը համար նախատեսուած երաժշտութիւն, ուր կը գործածուի հայկական տուտուկն ու արեւելեան եղանակները: Համաշխարհային այս համագործակցութիւնները կ’իրականացնեմ տունիս արուեստանոցէն, որովհետեւ հոն պէտք եղած երաժշտական բոլոր գործիքները ունիմ եւ անշուշտ երկար տարիներու փորձառութիւնը: Յաճախորդներուս հետ առցանց կամ video-chat-ով եւ կը քննարկենք իրենց տեսլականը, ապա՝ կ’աշխատիմ այդ երգերուն վրայ եւ առցանց կը ղրկեմ անոնք, որպէսզի համայն աշխարհը լսէ այդ երգերը:

Համաճարակի Պատճառով Տեղի Ունեցած Փոփոխութիւնները:

Մեծ փոփոխութիւն չեղաւ ամենօրեայ գործերուս մէջ, որովհետեւ ընդհանրապէս տունէս՝ արուեստանոցիս մէջ կ’աշխատիմ, սակայն հրաւիրուած էի քանի մը ձեռնարկներու, որոնք չեղեալ նկատուեցան։ Անոնցմէ մէկը Մարտ 15-ին, ՀՕՄի կազմակերպած՝ «Յօգուտ Ջաւախք-Լոռի» ձեռնարկն էր, որուն հրաւիրուած էի Աշուղական երգերով հանդէս գալու։ Անհամբեր կը սպասէի այդ ձեռնարկին, որովհետեւ շատ կը սիրեմ երգել Սայաթ Նովայի երգերը։ Մասնակցեցայ AGBU-ի կազմակերպած «Solidarity In Song» առցանց համերգին։

Ես նաեւ երգի, դաշնակի եւ երաժշտական կտորներ յօրինելու դասատու եմ, բայց քանի մը ամիս եղաւ, որ աշակերտներս չեմ տեսած եւ ատիկա անսպասելի փոփոխութիւն մը էր, սակայն բարեբախտաբար մօտ օրէն պիտի վերսկսիմ դասաւանդելու։

Ներկայի Աշխատանքն Ու Իրագործելիք Ծրագիրները։

Երկու տարիէ ի վեր մեծ սիրով կ’աշխատիմ բնօրինակ (original) երաժշտութիւններու եւ Songs for Saints հանրային ծրագիրի (media project) վրայ: Շատ կը սիրեմ կարդալ պատմական անձնաւորութիւններու եւ Սուրբերու կենսագրութիւնը: Աշխարհի չորս կողմը կան հազարաւոր Սուրբեր, որոնց բարեխօսութեան դիմելով կ’աղօթեն միլիոնաւոր քրիստոնեաներ, բայց անոնց նուիրուած շատ քիչ երգեր կան, ուստի յանձն առի պարտականութիւն մը եւ սկսայ անոնց մասին երգեր գրել։ Անցեալ ամառ, Իրլանտա գացի, որպէսզի 7-րդ դարու, Իրլանտացի Սրբուհի Տիֆնայի (St. Dymphna) մասին երգ մը շարադրեմ եւ արձանագրեմ: Աշխատեցայ իրլանտացի երաժիշտներու հետ եւ տեսանիւթը պատրաստեցի Իրլանտայի նշանաւոր վայրերուն մէջ: Քանի մը ամիս ետք Հայաստան գացի յաջորդ «album»-իս համար՝ Սուրբ Վարդան Մամիկոնեանի նուիրուած տեսանիւթ-երգ մը պատրաստելու համար՝ երգին նիւթը պատմական ներկայացումն է Աւարայրի ճակատամարտին: Աշխատակցեցայ հայ երաժիշտներու եւ Վարդան Մամիկոնեանը մարմնաւորող, Թորոնթոյի մէջ հանրածանօթ Bariton՝ Վարդան Գաբրիէլեանի հետ: Մի քանի ամիսէն պիտի հրապարակեմ այս աշխատանքս եւ «Crowd-Funding»ի միջոցաւ դրամահաւաք պիտի կատարեմ՝ ծրագիրիս մնացածը իրագործելու նպատակով, որպէսզի համայն աշխարհը ծանօթանայ մեր Սուրբին: Այս մեծ ծրագիրին առաջին «album»ը պիտի բովանդակէ 12 երգեր 12 Սուրբերու մասին, որոնցմէ կրնամ յիշել՝ Սուրբ Շարպէլը եւ Ժան Տարքը: Հոն, իւրաքանչիւր երգ պիտի ցոլացնէ այդ երկրին երաժշտական եղանակները եւ պիտի ներկայացնէ նաեւ լեզուն: Այս հսկայ ծրագիր մըն է եւ իրականացնելու համար մեծ աշխատանքի կը կարօտի ու ես ջանք չեմ խնայեր համաշխարհային նախագիծ մը եղող այս ծրագրիրը իրականացնելու համար։