Թորոնթոհայ Շաղիկ Յովակիմեանին Ու Անոր Դստեր` Անժէլին Խոհեմ Քայլով Գոյացած Անուշահամ Խմորեղէններուն Հասոյթը Կը Հասնի Արցախ


Շաղիկ Յովակիմեանի պատրաստած խմորեղէններու պատուէրները՝ Արցախի համար

Արցախի գոյապայքարին թեւ ու թիկունք կանգնող ու դրամահաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերող հայորդիները անհամար են, իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնութեան ձեռք երկարելու միջոց մը փնտռած ու գտած է։ Գանատահայ Շաղիկ Յովակիմեանն ու իր դուստրը` Անժէլն ալ իրենց ներդրումը կատարելու համար Հոկտեմբեր 9-էն ի վեր աշխատանքի լծուած են եւ իրենց տնային պայմաններով խմորեղէններ կը պատրաստեն ու զանոնք կը վաճառեն պատուիրատուներուն։

«Մենք մեր դիմատետրի էջին, Instagram-ին, Armenian in Toronto դիմատետրի խումբին եւ մեր բարեկամներուն ու ծանօթներուն  massanger-ին մեր աշխատանքի գովազդը ղրկեցինք ու մեր նպատակը յայտնեցինք անոնց եւ անոնք ընդառաջեցին մեր փափաքին», կ՛ըսէ Շաղիկ եւ կը յայտնէ, որ իրենք այդպիսով 2 շաբթուան մէջ կրցած են 5000 Գանատական տոլար հաւաքել։  «Երբ առաջին 5000-ը հաւաքուեցաւ, չէինք գիտեր, թէ ո՞ւր եւ ինչպէս նուիրաբերել։ Հաւաքուած գումարը գանատական տոլար էր եւ չէի ուզեր զայն ամերիկեանի վերածելով որոշ գումար մը կորսնցնել, որովհետեւ ինչպէս որ բոլորս գիտենք իւրաքանչիւր տոլար կարեւոր է մեր բանակին։ Կապ հաստատելով Armenian fund-ին եւ Մկրտիչ Մկրտիչեանին երէկ Money order-ով ղրկեցինք գումարը», կը մանրամասնէ ան։

Նշանաւոր են հայ տանտիկիններուն պատրաստած համեղ խմորեղէնները, իսկ անոնք աւելի համեղ եւ ընտիր կ’ըլլան, երբ անոնք կը պատրաստուին սուրբ նպատակի մը համար։

Շաղիկ եւ Անժէլ Յովակիմեանները

Խմորը շաղելու համար առաւօտները ժամը 5-էն արթնցող Շաղիկը կը նշէ . «Ես ու աղջիկս մտածեցինք ու օգնութեան համար այս միջոցը որդեգրեցինք։ Ես գնումը կ’ընեմ եւ խմորեղէնները կը պատրաստեմ, իսկ աղջիկս` Անժէլը, network-ի ամբողջ գործը կ’ընէ եւ պատուէրներուն հետեւելով վաճառքը կ’իրականացնէ։ Արցախի խորհրդանիշ՝ «Պապիկ ու Մամիկ»ին պատկերով զարդարուած տուփերուն մէջ կը զետեղենք խմորեղէնները, իւրաքանչիւրին մէջ 40 կտոր կը տեղաւորենք` տասական հաց, լահամաճուն, զաաթարով եւ պանիրով հաց, ու պատուիրատուներուն կը մատուցենք զանոնք։ Մինչեւ յաղթանակ պիտի շարունակենք աշխուժութեամբ առաջ տանիլ մեր այս առաքելութիւնը։ Յաջորդ շաբաթ պիտի սկսիմ քաղցրեղէններ ալ պատրաստել։ Գնումներու ծախսն ու ձեռքի գործը մեր նուիրատուութիւնը կ’ըլլայ այս պարագային, իսկ հասոյթը ամբողջութեամբ կ’երթայ Արցախին։ Բոլորս ալ պէտք է խորհինք եւ մեր բանակին օգնութեան հասնելու միջոց մը կամ հնարք մը գտնենք»։

Տանտիկինը ամէն օր խմոր շաղած պահուն` «Աստուած թող փրկէ մեզ այս չար փորձանքէն եւ մեր զինուորները ողջ-առողջ վերադարձնէ իրենց տուները։ Խաղաղութիւն մեր հայոց աշխարհին», կրկնելով՝ հոգեկան գոհունակութեամբ կը սկսի անուշահամ պատուէրները պատրաստել ու իր ճակտի քրտինքով գոյացած գումարը Արցախ հասցնել։

 

Շաղիկին պատրաստած խմերեղէններուն գնացուցակը

 

Արցախի խորհրդանիշ՝ «Պապիկ ու Մամիկ»ին պատկերով խմորեղէններուն տուփերը