Թորոնթոյի Հայ Ակումբի Երիտասարդաց Խումբին (AAT Youth) Առցանց Աճուրդը՝ Ի Նպաստ Արցախին (Online Auction For Artsakh)


«Թորոնթոհայ»,- Թորոնթոյի Հայ Ակումբի Երիտասարդաց Խումբը (AAT Youth) կազմակերպած է առցանց աճուրդ մը, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի Արցախին (Online Auction for Artsakh) ։

Կազմակերպող խումբին ատենապետ Անի Տէր-Գալստանեան կը տեղեկացնէ, որ Աճուրդը սկսած է Հոկտեմբեր 26-ին եւ պիտի տեւէ մինչեւ Նոյեմբեր 6: Նոյեմբեր 6-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին պիտի յայտարարուի մասնակիցներէն ամենաբարձր գումարով գին առաջարկողներու անունները Instagram-ի եւ Facebook-ի վրայ՝ ուղիղ եթերով:

«Շնորհիւ Թորոնթոյի Հայ Ակումբի նուիրատուներուն աճուրդը բաղկացած է 22 գոյքերէ, որոնցմէ երեքը արդէն իսկ վաճառուած են։ Աճուրդին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Թորոնթոյի հայ արհեստաւորներու եւ արուեստագէտներու որոշ բարձրարժէք գործեր (ոսկեղէն/զարդարանքներ-կրաֆիք փրինթ), ինչպէս նաեւ հանրահռչակ Մերուժան Խաչատրեանի եւ Մայքլ Արամի բացառիկ աշխատանքները։ Եղած են նոյնպէս նիւթական նուիրատուութիւններ, որոնք ամբողջութեամբ պիտի ուղարկուին Հիմնադրամին», կը նշէ Անի Տէր-Գալստանեան։

Սոյն նախաձեռնութեան նպատակը ոչ միայն դրամագլուխ յառաջացնելն է, այլ նաեւ ներկայացնել հայկական մշակոյթն ու արուեստը միատեղ։

Աճուրդը Թորոնթոյի Հայ Ակումբի երրորդ ծրագիրն է՝ ուղղուած Արցախին եւ մօտ ապագային ան պիտի նախաձեռնէ Արցախին նուիրուած նոր միջոցառումներ եւ ծրագիրներ։

Հետեւեալ կապի միջոցով tiny.cc/71t0tz կրնաք այցելել աճուրդի էջը եւ տեսնել ցուցադրուած արուեստի կտորները։